Արցախը այսօր․ Ազերի-թրքական աւերիչ պատերազմէն ետք
Հեռախօսային հարցազրոյցներ Պատերազմին Ականատես Ղեկավարներու եւ Գործիչներու հետ

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ
ԴԱՒԻԹ ԲԱԲԱՅԵԱՆ. Արցախի Հանրապետութեան նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար – Ստեփանակերտ
Այս ծանր հրադադարը որ պարտադրուեցաւ մեր վրայ, թուրք-ազրպէյճանական հրահրուած պատերազմէն ետք, երբ ունինք ահաւոր մարդկային եւ հողային կորուստներ՝ ամէն ինչ կորսուած չէ՛։ Այն ինչ որ ունինք այսօր, որոնք պաշտպանուած են ռուսական խաղաղապահ ուժերուն եւ Արցախի բանակին կողմէ, պէտք է պաշտպանենք։ Համայն հայութեան ջանքերով կարելի է դարձեալ հասնիլ վերականգնման եւ բարգաւաճման, միահամուռ եւ լուրջ, հետեւողական աշխատանքներով։
Այսօր, շուրջ 50,000 արցախցիներ, գլխաւորաբար Ստեփանակերտի բնակիչներ, կը վերադառնա իրենց տուները, կեանքը բնական ընթացք ստացած է։ Ռուսական խաղաղապահ ուժերը մարդասիրական օգնութեամբ մասնակից կը դառնան Արցախի վերաբնակեցման։ Առայժմ բազմաթիւ դժուարին հարցեր կան, որոնք լուծման կը կարօտին։ Լաւատես եմ ապագայի նկատմամբ, մանաւանդ որ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի վեթոյին աշխուժացման պարագային, փոփոխութիւններ կարելի է մտցնել եռակողմ համաձայնագիր-հրադադարի աննպաստ հատուածներուն մէջ, շնորհիւ Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի հաւանական միջնորդութեամբ։

ԿԱՐԷՆ ՕՀԱՆՋԱՆԵԱՆ – Հելսինքեան նախաձեռնութիւն-92, Լեռնային Ղարաբաղի Կոմիտէի համակարգող, խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու միջազգային մրցանակներու դափնեկիր – Ստեփանակերտ
Դժբախտաբար, պէտք է ըսեմ, որ այս իրավիճակով անկախ Արցախ չէ մնացած՝ եթէ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբը, ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի միջոցով փորձի որոշ փոփոխութիւններ մտցնել այս խայտառակ համաձայնագրին վրայ…։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար ստեղծուած ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը երբեք դադարեցուցած չէ իր գործառոյթները՝ Ռուսաստանի կողմէ հրահրուած, այնուհետեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ձեռքերով իրականացուած պատերազմը եւ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական բռնագրաւումը առանց ԵԱՀԿ-ի հաստատման՝ խաղաղապահ գործողութեան քօղի տակ՝ ոչ այլ ինչ է, քան միջազգային իրաւունքի անտեսում եւ Ռուսաստանի կողմից հակամարտութեան կարգաւորման հարցում Մինսքի համանախագահը հանդէս գալու է միջազգային պարտաւորութիւններու մերժում։ Այս պարագային սակայն, պարտադրուեցաւ երեք համանախագահներէն մէկուն կամքը։ Եւ այսօր, մենք ունին այս տխուր արդիւնքը մեր ժողովուրդին համար։ Ռուսաստանի հետ միասին, պետական յանցագործներ Նիկոլ Փաշինեանն ու Արայիկ Յարութիւնեանը, հայկական բանակի ռազմական հրամանատարութիւնը, վնասած են մեր արժանապատուութեան եւ սպաննած հայրենիքի աւելի քան վեց հազար փառաւոր պաշտպաններ։
Պատահական չէ, որ ԱՄՆ նախկին դեսպան Քերի Քաւանօն այս առնչութեամբ ըսաւ. «Ալիեւին կը թուի թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցը վերջնականապէս լուծուած է։ Սա, ի հարկէ, այդքան ալ այդպէս չէ»։ Յառաջիկայ օրերուն, մենք ականատես կ’ըլլանք միջազգային միջ-կառավարական կազմակերպութիւններու աշխուժացման՝ կապուած հակամարտութեան քաղաքական լուծման հետ։ Ճօ Պայտընի երդմնակալութենէն յետոյ, ԱՄՆ վարչակազմը կեդրոնանալու է նաեւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան վրայ։ Այնպէս որ, չնայած Ռուսաստանի մերժումին՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ արտաքին քաղաքական իրողութիւններու ընդունման հետ կապուած, ան ստիպուած կ’ըլլայ ետ կանգնիլ եւ համագործակցիլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ։ Հակառակ դէպքին, Ռուսասանը ենթարկուելու է պատժամիջոցներու, միջազգային առաջատար խաղացողներուն կողմէ։

ՏԱՐՕՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Ստեփանակերտի համալսարանի դասախօս, պատմաբան, պետական նախարարի խորհրդական, Լ.Ղ. Հանրապետութեանզ երբեմնի Գերագոյն Խորհուրդի քարտուղար Վլադիկ Յակոբեանի որդին – Ստեփանակերտ
Հակառակ այս իրողութեան, որ հազարաւոր գաղթականներ վերադարձան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, բայց բոլորին տրամադրութիւնները «կոտրուած» են այս ահաւոր աղէտէն ետք։ Ազերիներ չափազանց «յապրկած» ամբարտաւան ու բիրտ, անընդհատ պահանջներ կը դնեն ռազմապէս պարտուած արցախցիներուն վրայ։ Շուշիէն արձակուած փամփուշտներն ու կրակոցները դէպի Ստեփանակերտ թէ օդը՝ ժողովուրդը սարսափեցնելու համար։ Այս անտանելի վիճակէն դուրս գալու համար, պէտք է համաժողովրդային, համահայկական հսկայական ջանքեր։ Առայժմ ռուսական խաղաղապահ ուժերը, որոնք ի վերջոյ մտան Արցախ, գոհացուցիչ, մարդասիրական գործեր կը կատարեն, որոնցմէ կը զգուշանան ազերի-ոճրագործները, մեր «հարեւանզ երկրի» յղփացած զինուորները։ Ճանապարհը դժուար է, բայց պիտի յաղթահարենք մեր աշխարհասփիւռ հայ թէ օտար բարեկամներուն ջանքերով։

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՃԵԱՆ – Վաստակաշատ խմբագիր եւ լրագրող, Արցախի մամուլի եւ զանգուածային լրատուութեան կեդրոնի նախկին տնօրէն, երկու հերոս նահատակներո հայր- Ստեփանակերտ
Շուրջ ամիս մը Երեւանի մէջ բնակելէ ետք, երկրորդ որդուոյս նահատակութենէն ետք, վերադարձանք Ստեփանակերտ, վերականգնելով մեր կեանքը։ Համատարած տխրութեան եւ յուսալքութեան մթնոլորտին մէջ, ինչպէս 1988 թ.ին, դարձեալ ոտքի ելանք, տանելով անհաւատալի յաղթանակներ։
Ռուսական խաղաղապահ զօրքերուն Ստեփանակերտի մէջ տրամադրած ենք դպրոց, որպէս իրենց հրամանատարական կեդրոն։ Անոնք կ’ապահովեն նաեւ հայ բռնագաղթուածներու վերադարձը Արցախի այն տարածքները որ մեր տիրապետութեան տակ են։ Դժբախտաբար՝ ազերի բորենիները ոչ միայն թալանեցին Շուշին, այլեւ յափշտակեցին մեր թանգարաններու հարստութիւնները, վաղը ներկայացնելու որպէս «ալպանական» (աղուանական)։ Այս միջազգային դաւը, իր հայ դաւաճաններով երկար պիտի չտեւէ…։ Մենք վստահ ենք մեր նոր յաղթանակներու կերտման։
Commentaires