«Կապոյտ Հայրենիք» ռազմավարութիւնը եւ Անգարայի ախորժակները Միջին Արեւելքի մէջ
Անգարա ոչ միայն կ’օժանդակէ իր ռազմական եւ քաղաքական գործունէութեան ընդլայնման, այլեւ իր ազդեցութիւնը կը տարածէ Միջերկրականի ծովեզերեայ քաղաքներուն մէջ՝ ինչպէս Լիպիոյ Արեւմտեան Թրիփոլիի եւ այժմ լիբանանեան Թրիփոլիին վրայ։
Համո Մոսկոֆեան, Բեյրութ – Երևան
Թուրքիան կ’անցնի ռազմավարական յարաբերութիւններու դժուարին ժամանակաշրջանի մը ընդմէջէն։ Էրտողանի խունացած Օսմանեան երազները վնասեց Թուրքիոյ կապերուն այն երկիրներուն հետ, որոնք Միջին Արեւելքի մէջ օրինական շահեր ունէին։ Իրականութեան մէջ, Միջին Արեւելքը կ’ալեկոծուի բազմաթիւ խռովութիւններով, ցամաքային եւ ծովային ռազմափորձերով, ռազմանաւերու եւ ռազմական օդանաւերու թռիչքներով, առաւել եւս հազարաւոր գաղթականներու տեղաշարժերով։ Այս բոլորը ցոյց կու տան բարդ եւ պայթուցիկ իրավիճակ տարածաշրջանին մէջ։
Անկասկած որ արեւելեան Միջերկրականը շատ կարեւոր տեղ կը գրաւէ շատ կողմերու մօտ, որոնք առանցքային դեր կը խաղան տարածաշրջանին մէջ։ Ժամանակի ընթացքին կ’աւելնան քաղաքական, անվտանգային եւ այլ հարցեր, հիմնուած տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վրայ, աւելի եւս առաջնորդուելով դէպի խռովութիւններ եւ բախումներ։ Մանաւանդ՝ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Միջերկրականի շրջանին մէջ՝ կը հանդիսանայ պատերազմներու հրահրիչ եւ անկայունութեան գլխաւոր ազդակ։
Կ’արժէ անդրադառնալ Թուրքիոյ երազածին «Կապոյտ Հայրենիք»ի իրագործման գլխաւոր նպատակներուն մասին այս տարածաշրջանին մէջ։
Օգտուելով ռազմաքաղաքական գլխաւոր ուժերու զբաղուածութենէն՝ ուքրանական պատերազմի ճգնաժամով՝ Անգարա կը փորձէ իր ազդեցութիւնը ընդլայնել արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ՝ առանց որեւէ ուշադրութիւն դարձնելու Միջին Արեւելքի երկիրներու շահերուն եւ կը փորձէ արագօրէն նուաճումներ արձանագրել այս բարդ ժամանակաշրջանին։
Միւս կողմէն, Անգարա ոչ միայն կ’օժանդակէ իր ռազմական եւ քաղաքական գործունէութեան ընդլայնման, այլեւ իր ազդեցութիւնը կը տարածէ Միջերկրականի ծովեզերեայ քաղաքներուն մէջ՝ ինչպէս Լիպիոյ Արեւմտեան Թրիփոլիի եւ այժմ լիբանանեան Թրիփոլիին վրայ։ Ինչպէս Արեւմտեան Թրիփոլիի մէջ, այստեղ ալ Թուրքիա կ’ուզէ Լիբանանի Թրիփոլին առնել իր ազդեցութեան տակ, միաժամանակ Կիպրոսի թրքական «հանրապետութեան» հետ Անգարայի տիրապետական համագործակցութեան։ Այսպիսով՝ երեւան կու գայ այն ծրագիրը, ուր Թուրքիա կը փորձէ ռազմական տիրապետութիւն հաստատել Արեւելեան Միջերկրականի վրայ։ Եւ հեռու չէ այն օրը, երբ Անգարա փորձէ ռազմական արկածախնդրութեամբ զաւթել Կիպրոսէն նոր տարածքներ՝ օգտուելով Ռուսիոյ եւ այլ պետութիւններու զբաղուածութենէն՝ Ուքրանիոյ պատերազմային ճգնաժամին մէջ։
2006 թ.ին թուրք ծովակալ Ճէմ Ճորտենիզ յայտարարեց Թուրքիոյ ռազմավարական ծրագիրը, որ կը կոչուի «Կապոյտ Հայրենիքի (Mavi Vatan) գաղափարախօսութիւն»։ Պէտք է յիշեցնել թէ Ճորտենիզ Թուրքիոյ նաւատորմիղին մէջ ծառայած էր մինչեւ 2012 թ. եւ ունի ղեկավարական գործունէութեան մեծ փորձ, նաեւ պաշտօնավարած է թրքական ծովային ուժերու ռազմավարական ծրագրաւորման մասնաբաժնին՝ որպէս տնօրէն։
Ճորտենիզ կոչ կ’ընէ «Կապոյտ Հայրենիք»ի գաղափարախօսութեամբ, որ ազգային պաշտօնական քաղաքականութիւն դարձաւ, Թուրքիոյ ազդեցութիւնը տարածել շրջակայ երեք ծովերուն վրայ, ամրապնդելով տարածաշրջանային եւ միջազգային տիրապետութիւնը։ Նաեւ թոյլ տալ՝ հասնելու ուժանիւթի աղբիւրներուն, որոնք պիտի օգնեն Թուրքիոյ օժանդակելու իր տնտեսական եւ տեմոկրաֆիք զարգացման, առանց ուրիշ պետութիւններու վրայ յենելու։ Ռեճեպ Թայյիփ Էրտողանի իշխանութեան օրերուն՝ Թուրքիոյ «Կապոյտ Հայրենիք» ռազմավարութիւնը զարգացաւ։ Այս զարգացման հետ արագօրէն վերազինեցին եւ արդիականացուցին թրքական նաւատորմը, որպէսզի կարողանայ իր գոյութիւնը փաստել ուժեղ կերպով արտերկրի մէջ, որ Թուրքիոյ տիրապետական ախորժակներու ծիրին մէջ կ’իյնայ։ Այսինքն՝ Էրտողանական հասկացողութեամբ՝ այն ծովային տարածքներուն վրայ, որոնք իր մտացածին երազներու, «անարդարաբար» խլուած են, ինչպէս Լիպիան։ Այս պատրուակով տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ռազմական միջամտութիւնը Լիպիոյ մէջ եւ 2019 թ.ին երկկողմ համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ Սարաժի կառավարութեան հետ՝ հաստատելու թրքական տնտեսական գօտի Լիպիոյ հետ՝ Արեւելեան Միջերկրականի մէջ։ Էրտողան նաեւ կ’ուզէ «Կապոյտ Հայրենիք» ծրագիրով ուղի բանալ Եգէականի յունական կեդրոններու ընդմէջէն եւ բնական կազի ընդերկրեայ դաշտերուն ընդմէջէն՝ Միջին Արեւելքի մէջ, անշուշտ՝ Թուրքիոյ ենթարկուող ուժերուն օգնութեամբ։ Նպատակը՝ իր ազդեցութեան ենթարկել այն տարածքը, ուրկէ պիտի անցնին ընդծովեայ բնական կազի խողովակաշարերը։ Միաժամանակ՝ զայն օգտագործելով թրքական տեղական եւ ֆինանսական բազմատեսակ շահերուն համար։ Այս բոլորը կ’ուղղուին «Կապոյտ Հայրենիք»ով՝ թրքական տիրապետութեան տարածում Միջերկրականի վրայ, ըստ Օսմանեան “երանելի” օրերուն։ Անշուշտ, այս բոլորին համար օգտագործելով Թուրքիոյ աշխարհագրական-ռազմավարական կարեւոր դիրքը, ստեղծելով հզօր նաւատորմ՝ ձեռք դնելու նաֆթա-կազային հարստութիւններուն վրայ։ Թուրքիան դարձնել ուժանիւթի անկախ կեդրոն ու վերադարձնել անցեալի ցնորամիտ փառքերը, ոտնակոխելով շրջակայ երկիրներու եւ ժողովուրդներու բոլոր իրաւունքները։
Այս բոլոր ծրագիր-երազներուն իրագործման ճանապարհին, Թուրքիա կը պատրաստուի ձեռք ձգելու շուրջ 140 ռազմածովային միաւոր, մարտանաւեր եւ սուզանաւեր, 60-է աւելի ռազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ, նաեւ հազարաւոր ծովային հետեւակներ։ Այս հսկայ ուժը պիտի փորձէ իր ամբողջական ազդեցութեան տակ առնել Լիպիոյ Թրիփոլիէն մինչեւ Լիբանանի Թրիփոլի ինկած ծովային հարուստ տարածքները՝ մէկ խօսքով, հիմնելով նոր կայսրութիւն։
Σχόλια