«Պէյրուշիմա» կամ 6 մեկաթոն պայթիւնը, որ կործանեց Լիբանանի չքնաղ մայրաքաղաքին մեծ մասը
Վերապրողի Յուշեր, 4 Օգոստոս 2020...
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ
Այդ ահաւոր երեկոյէն քանի մը օր առաջ՝ Իսրայէլի անիծեալ վարչապետ Նեթանիահու, պատկերասփիւռային իր ելոյթներուն մէջ ցոյց կու տար այն «թաքստոցը», ուր ամբարուած էին վտանգաւոր պայթուցիկ նիւթեր։ Աւելին՝ համացանցի թէ «սոցիալական կայք»երու վրայ, կը տպագրուէր Պէյրութի նաւահանգիստը՝ ուր նշուած էր «վտանգաւոր զէնքեր»ու շտեմարանը, որոնք պէտք է պայթեցուէին՝ ըստ իսրայէլացի ռազմատենչ «ընթերցող»ներու պահանջներուն։ Անշուշտ այս բոլորը կարծես թէ ոչինչ ըսին ռուսական «մաֆիա»ի նաւով աւելի քան 2 հազար թոն «Ամոնիում Նայթրէյթ» ներմուծած եւ Սուրիոյ բոլոր ահաբեկիչներուն շուրջ երկու-երրորդը օր-ցերեկով վաճառած լիբանանցի ոճրագործ վաշխառուներուն համար։ Պէյրութի ծովափնեայ չքնաղ եւ հինաւուրց թաղամասերուն կողքին, Լիբանանի մեծագոյն նաւահանգիստ Պէյրութի ցորենի զրահապատ շտեմարանի «հարեւանութեամբ» առօք-փառօք, մի քանի տարիէ տեղադրուած այս ամէնէն վտանգաւոր քիմիական նիւթերը երեւի թէ կը սպասէին քարուքանդ ընելու շուրջ 300.000 մեծաւ մասամբ քրիստոնեաներու եւ հայերու տուները։
Արդարեւ, 4 Օգոստոս 2020 թ.ի երեկոյեան, երբ վերադառնալով մարզասրահէն, կը նախապատրաստուէինք լոգանք ընդունելու՝ մեր յարկաբաժինէն միայն 300 մեթր այն կողմ, նաւահանգիստին շտեմարաններուն մէջ հրդեհ մը սկսած էր։ Թաղին բնակիչները կը գոռային թէ փոքր պայթուցիկներ են որ հրդեհ առած էին…։ Լիբանանի քաղաքացիական 6 պատերազմ եւ իսրայէլեան 3 ներխուժում ապրած անձ մը, անմիջապէս «պատսպարուեցայ» տանս միջանցքին մէջ։ Յանկարծ նմանը չտեսնուած պայթիւն-փոթորիկ մը զգետնեց զիս… երբ ուշքի եկայ, տեսայ թէ գլուխս եւ ամբողջ մարմինս արիւնլուայ եղած էր… փաստօրէն թաղուած էի կահ-կարասիներու կոյտին տակ։ Արդէն չկայ դուռեր եւ պատուհաններ…։ Մէկ խօսքով՝ 40 տարուան արիւն-քրտինքով վաստակած բնակարանս արդէն ահաւոր վիճակի մը մէջ կը գտնուէր, իսկ ես՝ կանգնած էի դարձեալ մահուան շեմին…։ Պէտք է բախտաւոր ըլլայի, որովհետեւ մեր չարաբաստիկ Մար Մխայէլ թաղամասին մէջ՝ 16 հոգի ակնթարթի մէջ մահացած էին, որոնցմէ հայ մայրեր եւ հայրեր։
Այս 6 մեկաթոն «Պէյրուշիմա» պայթիւնը վերյիշելով դեռ իմ եւ բազմաթիւ անձերու վկայութիւնը այն էր՝ որ ինքնաթիռներ կը սաւառնէին պայթիւնէն քանի մը վայրկեան առաջ եւ օդ-ցամաք հրթիռ մը՝ ուղիղ «Ամոնիում Նայթրէյթ»ի պահեստին շատ հաւանաբար արձակուած իսրայէլեան ռազմական ինքնաթիռի մը կողմէ (Նեթանիահուի ակնարկ-խոստումը…) քարուքանդ ըրին Պէյրութի բարեկեցիկ թաղամասերը, աւելի քան 200 զոհով եւ հազարաւոր վիրաւորներով։
Այս նմանը չտեսնուած աղէտէն տարի մը ետք, քարուքանդ եղած Պէյրութի նաւահանգիստը կը մնայ նոյն վիճակին մէջ։ Բազմաթիւ պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու առաջարկները վերստին կառուցելու զայն՝ կը մնան անպատասխան Լիբանանի աւազակապետութեան ներկայացուցած անիրականանալի ֆինանսական պայմաններուն պատճառով։ Աւերակ դարձած հայ թէ լիբանանցիներու բնակարանները վերանորոգուեցան բազմաթիւ տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն կողմէ՝ մինչ ո՛չ մէկ պետական պաշտօնեայ թէ ղեկավար, բացի Լիբանանի բանակի սպաներէն՝ այցելեցին ու մասամբ օգտակար դարձան ողբերգութիւն ապրող հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներուն։ Մի քանի խղճամիտ լրագրողներ, որոնք փորձեցին բացայայտել իրականութիւնը, դաժանօրէն սպաննուեցան մութ պայմաններու մէջ…։ Մինչեւ այսօր, խօսքերէն անդին չեն անցած արդարութիւնը վերահաստատելու օգնութեան խոստումները, պատժելու համար յանցաւորները՝ առաջին հերթին ոճրագործ Իսրայէլը, «ներքին» արիւնախումները՝ որոնք Լիբանանը թալանելով տասնամեակներ շարունակ՝ այսօր կանգնած են մարդկային, ֆինանսական, առողջապահական, կենցաղային խայտառակ ողբերգութեան առաջ։
Այս բոլորին վրայ կ’աւելցնենք «Քորոնա» համաճարակը, որ փաստօրէն բազմաթիւ զոհեր խլելով, նաեւ մեծ հարուած հասցուց երկրին տնտեսութեան։ Այժմ, 4 Օգոստոս 2020 թ.ի երկրաշարժ պայթիւնէն ետք, Լիբանան տակաւին կը կանգնի անդունդի եզրին՝ որեւէ ժամ գլորուելու անյայտութեան մէջ։
Comments