18-րդ ճանապարհորդութիւն դէպի ազատատենչ Իրաքեան Քիւրտիստան եւ պատմական Ասորեստան
Լրագրող Համօ Մոսկոֆեանը կը պատմէ Իրաքեան Քիւրտիստան կատարած իր վերջին աշխատանքային այցի ընթացքին ունեցած իր փորձառությունների եւ հայերի հետ իր հանդիպումների մասին:
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ – Էրպիլ – Տհոք - Հաւրէզք - Զախօ
2013 թուականին, առաջին անգամ, որպէս «Դիտակ» ամսագրի լրագրող Իրաքի Լիբանանի մէջ քիւրտ դեսպան Օմեր Պերզինճիի յանձնարարականներով թռիչք առինք դէպի ազատատենչ Իրաքեան Քիւրտիստան եւ պատմական Ասորեստան։ Այդ անմոռանալի եւ արգասաբեր առաջին այցելութեան հետեւեցան 16 ուրիշ այցեր, զանազան պատուիրակութիւններու թէ գործարար անձանց հետ։ 2019 թուին, երբ Իրաքեան Քիւրտիստանը յաղթանակած էր վայրենի Իսլամական Պետութեան դահիճներուն, փորձեց անկախութիւն հռչակել՝ դէմ երթալով նոյնիսկ գլխաւոր ռազմա-քաղաքական պաշտպան հովանաւոր ԱՄՆ-ի եւ ռազմական դաշնակցութեան անդամ պետութիւններու կամքին։ Ծանր բախումներէ ետք Իրաքեան կառավարական ուժերուն հետ, ի վերջոյ խաղաղութիւն հաստատուեցաւ եւ Իրաքի կազմին մէջ մնալով, հիւսիսային այս «տէ ֆաքթօ» պետութիւնը շարունակեց ծաղկիլ եւ բարգաւաճիլ շնորհիւ քիւրտ, ասորի, նեստորական, հայ, եզիտի, թուրքմէն, արաբ եւ այլ ազգութիւններու միացեալ ջանքերով։
Լիբանանեան օդանաւային ընկերութեան արծաթափայլ եւ յաւերժական մայրիով զարդարուած ինքնաթիռը, մէկ ժամ 40 վայրկեան թռիչքէ ետք վայրէջք կատարեց Էրպիլի քաղաքացիական օդակայանը, որ Քորոնա համաճարակի դէմ փաստաթուղթերու քննութենէն ետք, մուտք գործեցինք Իրաքեան Քիւրտիստանի մայրաքաղաքը։ Յիշեցնեմ, որ մեր սիրելի դեսպան Օմեր Պերզինճին, Քաթարի դեսպանատունէն կապուած էր Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Ալ-Պարաքի, արագօրէն մուտքի վիզա ապահովելու…։ Այնպէս որ, 18-րդ անգամ լուսանկարուելէ ետք Էրպիլի օդակայանի մուտքին, աչքերս յառած դէմը գտնուող ԱՄՆ-ի գլխաւորած ռազմական դաշնակիցներու օդակայանին եւ արեւու շողերուն մէջ պարուրուած 300 հազարամեայ Էրպիլ-Արպելան (ուր Ք.Ա. 3-րդ դարուն տեղի ունեցաւ Ալեքսանդր Մակեդոնացիի եւ Աքեմենեան Շահնշահ Դատեհ Գ. զօրքերուն միջեւ հզօր բախում-ճակատամարտ ու հելլենիստական մշակոյթը մուտք գործեց դէպի հարաւ՝ Բարբելոնէն արեւելք, հասնելով Աքեմենեան կործանեալ թագաւորութիւն, Պակտրիա ու Հնդկաստան)։
Օդակայանի մուտքին այս անգամ մեզի կը սպասէ Ասորի քաղդէացի Ալին՝ ղրկուած «Քարլովի Վարի» նշանաւոր պանդոկի սեփականատէր Լահիպ Քապպարային (Ապու Մարիամ) կողմէ։ Մեր երկարամեայ բարեկամ, Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի նախկին անդամ ու փոխ նախարար Սալիմ Թոմա Գագօն կը գտնուէր Պոլիս ու մեր վարորդին առաջնորդութեամբ կ’ուղղուէին դէպի քրիստոնէական աւան Էրպիլի արուարձան՝ Այնքավա։ Հիանալի մայրուղիներ, նորակառոյց պանդոկներ, առանձնատուներ, գեղատեսիլ բնութիւն, ապա միշտ խճողուած, քաղդէական, ասորական եւ հայկական եկեղեցիներով ու վանատուներով, թանգարաններով, մշակոյթի թէ քաղաքական ազգային շարժումներու կեդրոններով, վաճառատուներով, թէ ճաշարաններով փայլփլող Անքավան։ Այստեղ, շուրջ 200 հազար քրիստոնեայ կ’ապրի վայելելով ամէն կարգի ազատութիւն։ Պարազանիներով ղեկավարուող կառավարութիւնն ու պետութիւնը, իմաստուն քաղաքականութեամբ տնտեսութիւնն ու առեւտուրը, ճարտարարուեստը մեծ մասամբ վստահած է քրիստոնեաներուն, հաճելի թուալով Արեւմուտքին։ Մինչ 1946-47 թուականներուն Մահապատի քրտական առաջին հանրապետութեան կործանումէն ետք, Մոլլա Մուսթաֆա Պարազանի իր ընտանիքով եւ զինակիցներով կ’ապաստանի Խորհրդային Հայաստան։ Այս իսկ պատճառով, Իրաքի մէջ իրերայաջորդ պատերազմներէն, 2014 թուի չարագուշակ Իսլամական Պետութեան յայտնումէն եւ ջախջախումէն ետք, հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ դարձեալ ապաստանած են Էրպիլ, Տհոք, Զախօ, Հավրեզք, մինչ պետութիւնը հսկայական օգնութեամբ կառուցել տուած է Էրպիլի Սուրբ Խաչ, Տհոքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի (ճարտարապետ, նախկին խորհրդարանի անդամ Երուանդ Ամենեան) փառաւոր տաճարները։ Իսկ 1923-ին Զախոյի ամենէն յայտնի քիւրտ ղեկավարներէն՝ Մուհամմատ Շամէին աղա, ոչ միայն կը փրկէ հազարաւոր հայերու եւ քրիստոնեաներու կեանքը՝ 1915 թուականի Ցեղասպանութենէն, այլեւ կառուցել կու տայ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին։ Ան այժմ կը վերակառուցուի Հուգարիոյ կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ։
Մար Էլիա ասոր-քաղդէական եկեղեցիին դէմ յանդիման Եազտանդոխտ (քրտերէն՝ Աստուծոյ որդի) փողոցին նայող «Քաւլովի Վարի» պանդոկէն ներս մուտք կը գործենք 2013 թուականէն ի վեր 18-րդ անգամ։ Ջերմօրէն կը դիմաւորուինք քաղդէացի ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ Լահիպ Քապպարային (Ապու Մարիամ) որ իր եղբայրներուն հետ, Պասրայի մէջ ընտանեկան ողբերգութիւն ապրելէ ետք, ոճրագործներու կողմէ կը տեղափոխուի Էրպիլ եւ կը կառուցէ քանի մը պանդոկ։ Այն ժամադրավայրը կը հանդիսանայ հայ-ասորի քաղդէացի, քիւրտ, ականաւոր դէմքերու, մինչ շուրջը գիշեր ու ցերեկ կեանքը եռուն է, լուսաւոր եւ ուրախ։
Հազիւ տեղաւորուած, մեզի տրամադրուած սենեակին մէջ կը հրաւիրուինք ընթրիքի՝ պանդոկին 6-րդ յարկը, ուրկէ կը հիանանք մեր շուրջը տարածուող տեսարանով՝ միջազգային օդակայանէն մինչեւ եկեղեցիներու գմբէթները, վեր բարձրացող արդիական շէնքերու կամ ալ կանաչապատ առանձնատուներու անվերջ թուացող շարանով։
Ընթրիքէն ետք, պանդոկի մուտքի դահլիճին մէջ, մեզի կը սպասէ Իրաքի հայութեան ականաւոր դէմքերէն՝ Ռազմիկ Մուրատեան, որ մի քանի տարի է, քառալեզու արբանեակային «Իշթար» հեռատեսիլի կայանի տնօրէնն է։ Բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, կ’ուղղուինք Էրպիլի հայոց մշակութային եւ ընկերային միութեան կեդրոնատեղին, ուր մեզի կը միանան ղեկավարութեան անդամներ, Արա Պապեռեան եւ Գրիգոր Յակոբեան, ինչպէս նաեւ Զախոյի երբեմնի քաղաքացի, հայրենասէր իրաքահայ Արտաշէս Շահին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզին մէջ «աւանդական» հիւրասիրութենէն ետք, հիւրընկալներս կ’առաջնորդուին Էրպիլի Ասորական Միութեան զբօսավայր-ակումբը, ուր հաճելի ժամանակ կ’անցընենք, զրուցելով Մայր Հայրենիքի, Լիբանանի, Իրաքեան Քիւրտիստանի հայութեան դիմակայած մարտահրաւէրներուն մասին։
Միւս օրը առաւօտեան ժամը 6-ին ճամբայ կ’իյնանք դէպի Իրաքեան Քիւրտիստանի ամենագեղեցիկ եւ ամբողջովին վերակառուցուած Տհոք լեռնային քաղաքը։ 2013-էն ի վեր ասֆալթապատ մայրուղիներ բացուած են ու քիւրտ անվտանգութեան աշխատակից Մուհսէնի ինքնաշարժը կը սուրայ դաշտավայրերուն, ապա լեռնային կանաչապատ ճանապարհներուն ընդմէջէն։ Ամէն տեղ «Փեշմերկա»ի թէ «Ասայիշ»ի ստուգման անցարգելներ, հաւանական ահաբեկիչներն ու խառնակիչները կանխելու համար։ Այնպէս որ շուրջ 200 քլմ. մայրուղին կը կտրենք-կ’անցնինք երկու ժամէն, մուտք գործելով Տհոք եւ ուղղուելով «Խանի» լքեալ պանդոկը, ուր փառաւոր սենեակ մը մեզի ապահոված է Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի նախկին անդամ, նշանաւոր ճարտարապետ, Տհոքի հայկական Սբ. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին եւ առաջնորդարանը կառուցող Երուանդ Ամէնեան։ Կը պայմանաւորուինք ժամէ մը հանդիպելու Առաջնորդարանին մէջ։ Քիչ յետոյ, հեռախօսային զրոյցէ ետք, պանդոկ այցի կու գայ հերոս Մուրատ Վարդանեան, հայկական վերակառուցուած (Սարգիս Աղաճանի կողմէ) Հավրէզքի գիւղապետը, 2014-2015 թուականներուն, ինքնապաշտպանութեան ջոկատ կազմեց ինչպէս իր, այնպէս ալ հայկական Աւզրուկ, Էշֆքենտեր գիւղերու արիասիրտներէն ու յաջողեցաւ կանգնեցնել արիւնախում «ՏԱՀԷՇ»ի ոճրագործները՝ Տհոքի ամբարտակի մօտ։ Այնպէս որ Մուրատի ամենագնաց ինքնաշարժով (Նուէր Գանատա ազնիւ հայրուն կողմէ), կ’ուղղուինք դէպի Տհոքի Սբ. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին, որուն բակին մէջ տեղաւորուած է մայր հայրենիքէն խաչքար։
Երեք տարուան բացակայութենէն ետք դարձեալ աւելի քան ժամուան մը հանդիպում-զրոյց կ’ունենանք Իրաքեան Քիւրտիստանի հայութեան «Ղեւոնդ Երէց» Տէր Մասիս Շահինեանի հետ, որ նաեւ հոգեւոր հովիւն է Զախոյի 1923 թուին կառուցուած եւ այժմ ամբողջովին վերակառուցուող Սբ. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւող Առաջնորդարանին մէջ, ներկայ է նաեւ մեր վաղեմի բարեկամ, ճարտարապետ, Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի նախկին անդամ Երուանդ Ամիինեան, իր հօր եւ հօրեղբօր հետ։ Արաբախօս եւ քրտախօս այս մեծ հայրենասէրները Տհոքի համալսարանի երկարամեայ դասախօս, քրտերէն լեզուի դասախօս Վարդգէս Սարգիսեան կարողացան վերստին կեանքի կոչել Տհոքի եւ Զախոյի հայութիւնը։ Քաղաքապետարանի աւելի քան երկու միլիոն տոլար նուիրատուութեամբ կառուցուեցան Սբ. Ներսէս Շնորհալի եկեղեցին եւ յարակից կառոյցները, ուր նաեւ կը դասաւանդուի հայերէն լեզու, մատղաշ սերունդի զաւակներուն, որ ժամանակաւորապէս առկախուած էր Քորոնա համաճարակի պատճառած փոթորիկին հետեւանքով։
Աւելի քան ժամ մը հաճելի եւ օգտաշատ զրոյցներէ ետք, կը լուսանկարուինք «անմահանալու համար» եւ Հավրեզքի գիւղապետ Մուրատ Վարդանեանին հետ կ’ուղղուինք իր հերոսներու ծննդավայրը։ Այժմ ճանապարհը քիչ մը երկարած է, որովհետեւ Տհոքի մայրուղիի ամբողջ երկայնքին դէպի Զախօ, կը ծրագրի միջազգային օդակայան մը ալ կառուցել, Էրպիլի ու Սուլէյմանիի նման։ Այնպէս որ ցանկապատուած տարածքներու կողքին իր «ամենագնաց»ը վարելող, Մուրատ Վարդանեանի հետ մուտք կը գործենք Հավրեզք։ Կարճատեւ այցելութենէ ետք այս համեստ բայց քաջասիրտներու բնակավայրի բնակիչներուն, կը հիւրասիրուինք գիւղապետի տան մէջ, որուն պատերը, հայ ֆետայիներու նման հին թէ նոր զինատեսակներով զարդարուած է։ Քիչ յետոյ ներս կը մտնեն հայկական ինքնապաշտպանական ջոկատի անդամները՝ Սագօ Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ։ Այս համեստ խիզախներու անձնազոհութեամբ է որ պաշտպանուեցան ինչպէս Հաւրէզք, այնպէս ալ Աւզրուք, Էշֆքենտեր ասորական գիւղերը, աւանները «Իսլամական Պետութիւն» խմբաւորման 2014-2015 թուականներու յարձակումներէն եւ գործած նախճիրներէն։ Մեր եւ օտար լրագրողներու հեռատեսիլային ալիքներու նոյնիսկ ամերիկացի Տէյվիտ Փիթըրի «Կանգ Առէք Խիզախութեան Առջեւ Հաւրիզք» վաւերագրական ֆիլմը ներկայացուեցաւ Լոս Անճելըսի փառատօնին…։
Ճաշակելէ ետք այս հիւրընկալ տանտիրուհիին պատրաստած հայկական խորտիկները, դարձեալ կը լուսանկարուինք Մուրատ Վարդանեանի վերջերս ստացած գեր-ճշգրիտ «Շթայր» նշանառուներու գնդացիրով։ Ապա ողջագուրուելէ ետք մեր հերոս եղբայրներուն հետ, գիւղապետին ինքնաշարժով ճամբայ կ’իյնանք Զախօ, որ իր ապարանքի մուտքին յատուկ լուսանկարիչ տեսաերիզի մասնագէտներով գրկաբաց կը դիմաւորէ Սաատ Շամտին Աղա Սալվանայը։ 1915 թուին, հազարաւոր հայերու եւ քրիստոնեաներու կեանքը փրկած Մուհամմատ Շամտին Աղա քիւրտ ցեղապետ իշխանին արժանի շառաւիղը մանրամասն կը պատմէ այն ոդիսականին մէջ, որ նոյնիսկ Էնվեր փաշային կողմէ յատուկ գնահատման արժանացած էր նախահայրը, մերժած է բնաջնջել իրեն յանձնուած հայերն ու քրիստոնեաները։ Ան հողեր ու միջոցներ տրամադրած է որ Ցեղասպանութենէ փրկուած հայերը Զախոյի, Հաւրեզքի, Աւզրուկի, Էշֆքենտերի եւ այլուր, բնակավայրեր կառուցեն։ Աւելին՝ քաջալերելով մնալ իրենց քրիստոնեայ հաւատքին մէջ, Մուհամմատ Շամտին Աղա կը կառուցէ Զախոյի հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին՝ 1923 թուին, անոր տրամադրելով նաեւ կալուածներ, ծախսերը հոգալու համար։ Այս մեծ հայասէրն ու մարդասէրը կ’արժանանայ Հռոմի պապին ամենաբարձր շքանշանին, սակայն կը մահանայ ինքնաթիռի ահաւոր արկածի մը հետեւանքով, երբ դարձած էր արդի Իրաքի եւ անոր Սահմանադրութեան հիմնադիրներէն։ Իր զաւակն ու թոռները, ծոռը՝ յանձինս այս ազնուական հիւրընկալ Սաատ Շամտին Աղային, մինչեւ այսօր տէր կը կանգնին Իրաքեան Քիւրտիստանի հայ թէ քրիստոնեայ համայնքներուն։
Արդէն իսկ «աւանդական» կրկնակի հիւրասիրութենէն ետք, իր ապարանքին թէ լաւագոյն ճաշարանին մէջ, հրաժեշտ կու տանք դարձեալ՝ հանդիպելու խոստումով, նաեւ կ’որոշենք ամէնուրեք գրել եւ մանրամասն ծանօթացնել հայ ժողովուրդի քիւրտ փրկիչներէն Շամտին Աղաներու ազնուական ընտանիքի մարդասիրականզ արարքներուն մասին։
Ուշ ժամուն վերադառնալով Տհոքի մեր «Խանի» փառաւոր պանդոկը, թարմ յուշերով թուղթին կը յանձնենք այսօրուան տպաւորութիւնները։ Միւս օրը, հրաժեշտի հանդիպում մը եւս ունենալով Հայ եկեղեցւոյ եւ թաղականաց խորհուրդի պատուարժան անդամներուն հետ, կը վերադառնանք Էրպիլ։ Հոն կ’իմանանք թէ մեր սիրելի Ապու Մարիամ Րաատ Քապպարան սայթաքած է «Քարլովի Վարի» իր պանդոկի սանդուխներուն վրայ, ու կոտրած է սրունքը, գործողութեան ալ ենթարկուած։ Սակայն այս վիճակի մէջ իսկ, ամէն ինչ կարգաւորած եւ չէ մոռցած whatsapp-ով իր արկածի տեսարանը ուղարկել եւ հրաժեշտի խօսք փոխանցել…։
Մեր վերջին երկու օրը դարձեալ հանդիպում ունեցանք Էրպիլի մէջ հայ ընկերներուն հետ, ինչպէս Սուրբ Խաչ հրաշալի եկեղեցւոյ թաղականութեան հետ, տաճարին մէջ լուսանկարուելով Յակոբ Սիմոնեանի, Արտաշէս Շահինի եւ այլոց հետ՝ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ղեկավարութեան հետ, դարձեալ հիւրասիրուելով ակումբի պարտէզին մէջ եւ այլուր։ «Քովիտ-19» համաճարակի ստուգումին ժխտական պատասխանը ստանալէն ետք, դարձեալ մօտակայ հանդիպումի խոստումներով մեր ետին կը ձգենք Իրաքեան Քիւրտիստանն ու պատմականզ Ասորեստանը, մինչ MEA-ի «հրթիռային» ինքնաթիռը վեր բարձրանալով ամպերէն՝ մեզի կը տանի դէպի Պէյրութ։
Comments