top of page

Իլհամ Ալեւի եւ Ռեճեպ Էրտողանի խորհուրդով

  • Foto del escritor: Redacción NOR SEVAN
    Redacción NOR SEVAN
  • 25 oct 2025
  • 2 Min. de lectura

Հայաստանի առաջին՝ Դաշնակցական, երկրորդ՝ Խորհրդային, երրորդ՝ Հ.Հ.Շ-ական Հանրապետութիւններէն ետք հաստատուեցաւ 4-րդ Ֆաշիստական-Նացիստական Հանրապետութիւն՝ բռնապետ Նիկոլ Փաշինեանի և Ք.Պ.ական վոհմակի ղեկավարութեամբ:


ree

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ-Երեւան հեռախօսով


Հայաստանի երեք պատմական հանրապետութիւններու բոլոր յաջողութիւններով եւ ձախողութիւններով հանդերձ, Ռուսաստանի անմիջական աջակցութեամբ 1918 թ.էն մինչեւ 2018թ., ստեղծուած էին 29,000 քառ. քլմ. տարածքով Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ 1988թ. Արցախեան շարժումէն ծնունդ առած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն՝ 13,000 քառ. քլմ. արցախեան ազատագրուած տարածք: 2018 թ.ին, օգտուելով Հայաստանի ժողովուրդին մէջ ծայր առած դժգոհութեան ալիքէն՝ մանաւանդ Սերժ Սարգսեանի եւ իր տխրահռչակ եղբայրներու աւազակաբարոյ ալան-թալանէն՝ Արեւմուտքի հակա-ռուսական, հակա-ազգային շրջանակներու եւ հետախուզական վարչութիւններուն կողմէ իշխանութեան տիրացան ապազգային, դաւաճան, խայտառակ վոհմակ մը:


Նախկին «դեղին» լրագրող, «Սորոս»ի սիրասուն զաւակ, 2008 թ. Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զանգուածային խառնակչութեանց կեդրոնական հրահրող Նիկոլ Փաշինեան, վարչապետ ընտրուեցաւ: Ան յստակ ծրագիրով մը ներկայացած էր, գաղտնի աշխատանքային գործընթացով: Եթէլ ՀՀՇ-ական Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անմիտ «իրագործում»ներէն մէկը հիւլէակայանի փակումն ու թալանն էր, որուն պատճառած աւելի քան 1,5 միլիոն նախկին խորհրդային Հայաստանի քաղաքացի դուրս փախան երկրէն, ապա իր «սանիկ» Նիկոլ Փաշինեանի հրէշաւոր ծրագիրը պատերազմ հրահրելն էր Ազրպէյճանի դէմ՝ Արցախ 2020 եւ 2023 թթ. դաւաճանաբար յանձնելն էր Ազրպէյճանին եւ իր հովանաւոր Թուրքիոյ, զոր իրագործեց «փայլուն» յաջողութեամբ: Կազմաքանդելով հայոց Ազգային Բանակը, դուրս գալով Հաւաքական Անվտանգութեան եւ ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանական հովանոցէն, սրելով յարաբերութիւնները Մոսկուայի դէմ՝ ստոր ցոյցեր կազմակերպելով իր մանկլաւիկներու Արման Պապաճանեանի եւ Տիգրան Խզմալեանի գլխաւորութեամբ, արիւնախում Թուրքիոյ դէմ միակ պաշտպան Ռուսաստանի դաշնութեան 102-րդ ռազմական «Փոլիկոնի»ի կեդրոնատեղիին՝ Կիւմրիի (նախկին Լենինականի, Ալեքսանդրապոլի) մէջ:



Այսքանով ալ չգոհանալով, իր թուրք-ազերի տէրերուն առաջ սողացող կատուն՝ Հայաստանի մէջ թուղթէ «առիւծ» դարձած, ձերբակալել կու տայ Մոսկուայի ռազմավարական-քաղաքական եւ տնտեսական փաստացի դաշնակիցները՝ Կիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանը եւ ազգային բարերար, Մայր Հայրենիքի մէջ հսկայական ներդրումներ կատարած Սամուէլ Կարապետեանը:


Իր 3000-նոց ոստիկանական վարձկան զօրքը փոխանակ Հայաստանի սահմանները պաշտպանելու, ֆինանսաւորուելով Ալիեւի, Էրտողանի, Վան-Տէր Լեյենի եւ բռնատիրական մաղձով տառապող իսլամօ-ֆաշիստներու եւ բռնապետ-բռնապետուհիներու կողմէ օգտուելով Ռուսիոյ՝ Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ զբաղուածութենէն՝ այս անգամ վտանգաւոր արշաւ մը կը կազմակերպեն 1600 տարուան փառաւոր պատմութիւն ունեցող Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ հայրենասէր կղերականներ Միքայէլ Աջապահեանը (Պէյրութէն նոր ներգաղթած) եւ Բագրատեան Գալստեանը (Իրանէն հայրենադարձի զաւակ), շինծու ամբաստանութիւններով բանտարկելով զիրենք: Ազրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ, ցեղապաշտ, ծագումով դաւաճան թալիշ Փաշազատէի ամէն մէկ հակա-հայ յայտարարութենէն ետք՝ ոտնձգութիւններու, գրգռութիւններու նոր ալիք Սուրբ Էջմիածնի դէմ, Եհովայի վկայ, իր կնոջ՝ աւազակ Աննա Յակոբեան-Փաշինեանի հետ կենակցող (մինչեւ այսօր պաշտօնապէս չամուսնացած) Նիկոլ Փաշինեանին ստոր դաւերով:



ree

Այժմ, դաւաճանութեան ծրագրի վերջին արարները. Աւելի քան 100,000 ազրպէյճանցիները վերաբնակեցնել Հայաստանի մէջ, մինչ 1 միլիոն հայեր Սումկայիթէն, Պաքուէն, Արցախէն վտարուած են զանգուածային կոտորածներէ ետք…): Յաջորդ քայլը, Թուրքիոյ հետ յիմարաբար սահմանի բացումն է, որուն հետեւանքը պիտի ըլլայ թրքական ոճրային մաֆիայի զանգուածային ներխուժումը փոքրիկ Հայաստան, անոնց բերելիք կեղտոտ գումարներով, Մայր Հայրենիքի կարեւորագոյն կեդրոններուն վաճառքը եւ «խաղաղ» ճանապարհով զաւթումը:


2026 թ. վարչապետական թէ Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները խափանելու եւ իր վերընտրութիւնը յաջողցնելու համար, Փաշինեան կոչուած այս ինքնահռչակ բռնապետը, կրկնօրինակը Ալիեւի եւ Էրտողանի վայրագ կառավարութիւններուն, արդէն իսկ իր տխրահռչակ ոստիկանական համակարգը եւ անոնց «Black Water»ի ու այլ վարձականներու դաժանութիւնները, մէկ նպատակ ունին՝ սարսափի մէջ պահել ժողովուրդը, ճզմել ընդդիմութիւնը, փաստօրէն յայտարարելով 4-րդ ֆաշիստական, նացիստական, ոստիկանական բռնատիրութեան հռչակում: Այսինքն՝ բիւրաւոր նահատակներու արիւնով ու տառապանքով յարութիւն առած Հայաստանի Հանրապետութեան վերացում, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ սրբազան Արարատ, միլիոնաւոր նահատակներու ուրացում եւ միլիոններ թալանելէ ետք խայտառակ փախուստ՝ Գանատայի թէ Ֆրանսայի մէջ իր ապարանքներու մէջ պատսպարում…:


Առանց ժամանակ կորսնցնելու, Հայաստանի թէ Հայ ժողովուրդի փրկութեան համար պէտք է կազմել փրկութեան ճակատ՝ համահայկական խորհրդաժողովով, վտարանդի կառավարութիւն եւ այս վարչակարգէն անյապաղ վտարում իշխանութենէն եւ մայր հայրենիքէն՝ դէպի Պաքու եւ Անգարա… քանի ուշ չէ:

Comentarios


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • X
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Shirak, Verelk, Hai Mamul, Hai Guiank, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

bottom of page