Բազմատաղանդ քանդագործ, գեղարուեստի վարպետ Վարդան Մոսկոֆեանի եւ իր ստեղծագործած խաչքարին ոդիսականը Լոնտոնի մէջ
- Adrian Lomlomdjian

- hace 1 día
- 2 Min. de lectura
Խաչքարերու քանդակման արուեստը վերածնունդ ապրեցաւ 20-րդ դարուն՝ որպէս հայկական մշակոյթի խորհրդանիշ: Այսօր, հարիւրաւոր խաչքարեր տարածուած են ու կանգուն, սփռուած աշխարհով մէկ:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ-Լոնտոն (հեռախօսով)
Տաղանդով եւ բնազդով քանդակագործ, ծնունդով Սփիւռքի երբեմնի մայրաքաղաք Պէյրութէն, այժմ լոնտոնաբնակ Վարդան Մոսկոֆեան առաջինն էր որ կարողացաւ տուֆակերտ խաչքարը, իր տքնաջան աշխատանքին արգասիքը՝ փառաւորապէս տեղադրել Անգլիոյ պատմական «Սրբութիւն Սրբոց» Քենթըրպրիի հոգեւոր տաճարին մէջ…: Ստեղծագործական այս գլուխ գործոցը, որ 2 մեթր բարձրութիւն, 0,8 մեթր լայնք եւ 0,3 մեթր խորութիւն ունի, ծնունդ առաւ Վարդան Մոսկոֆեանի եւ անգլիացի քանդակագործ Ճոն Մըրթընի ջանքերով: Այս ծրագիրը դարձաւ ինքնութեան դրսեւորում, սուրբ տարածութիւն, երկխօսութիւն անցեալի ժառանգութեան եւ ներկայի մարմնաւորուած իրականութեան հետ: Այն իր արժանի տեղը գտաւ 2019 թ. յատուկ արարողութեամբ, բրիտանական կղզիներու ամենէն հեղինակաւոր եւ պատմական մեծ անցեալ ունեցող Քենթըրպրիի արքայական տաճարին մէջ:
Գրանցուած են խաչքարեր, որոնց մեծ մասը ոչնչացուած են իրերայաջորդ մոնկոլ-թաթարական, թուրքմէնական եւ ազերիա-թրքական զաւթիչներուն կողմէ: Անոնցմէ ամենավառ օրինակներէն մէկն է Ազրպէյճանի պետութեան Հին Ջուղայի գերեզմանատան անզուգական խաչքարներու քանդումն ու Արաքս գետի մէջ թափումը 1998-2008 թուականներուն, քաղաքակիրթ աշխարհի քար լռութեան պայմաններուն մէջ…: Այսօր, աւելի քան 40,000 խաչքարեր վերապրած են, մէկ մասը վանքերու պատերուն մէջ, միւս մասը բաց երկնքի տակ՝ հիացնելով բազմահազար այցելուները:

Նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի մէջ, ապա միջնակարգը՝ Կիպրոսի Մելքոնեան հաստատութեան մէջ: Որպէս երկրաչափ, վկայուած է Հայաստանի եւ Անգլիոյ բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններէն, միաժամանակ շարունակելով իր գեղարուեստական աշխատանքը՝ նկարչութեան եւ քանդակագործութեան մէջ:
– «Որպէս նախկին երկրաչափ, կը մօտենամ ամէն ստեղծագործութեան ճշգրտութեան եւ ներշնչանքի իրավիճակներէն մեկնելով, միաժամանակ՝ ազատօրէն ողջունելով նորարարութիւնները: Իմ քանդակները փորագրուած են ձեռքով, հռչակաւոր, դարերու հնութիւն ունեցող քարերու վրայ, նոր կեանք տալով անոնց, որոնք կը պարփակեն իմաստ եւ պատմական յիշողութիւն:
Ստեղծագործութիւններս ներշնչուած են Քանտինսքիի, Փիքասսոյի, Հեփ-Վարդի, Տալիի գլուխ-գործոցներէն կը ջանամ ամէն քանդակի իր իւրայատուկ ձայնը տալ: Ամէն մէկ քանդակ ամբողջովին ձեռքով կեանք կ’առնէ, առանց ուժային գործիքներու միջամտութեան»,- կը նկարագրէ լոնտոնահայ արուեստագէտը:
Խաչքարերու քանդակման արուեստը վերածնունդ ապրեցաւ 20-րդ դարուն՝ որպէս հայկական մշակոյթի խորհրդանիշ: Այսօր, հարիւրաւոր խաչքարեր տարածուած են ու կանգուն, սփռուած աշխարհով մէկ:

Վատիկանի թանգարաններուն, Քենթըրպրիի տաճարի պարտէզին, Սիտնիի «Սէյնթ Մէյրի»ի տաճարին, Գոլորատոյի պետական քաղաքապետարանին, Տապլինի «Քրայսթ Չըրչ»ի տաճարին, նաեւ 30 խաչքարեր Ֆրանսայի տարածքին, 20 խաչքարեր Լեհաստանի մէջ, որ Միջին դարերէն հայկական մեծագոյն գաղութը եղած է, կործանակ Անիէն արտագաղթած հայերուն կողմէ բարգաւաճած: Խաչքարեր կան Բրիտանական թանգարանին, Ճափոնի Օսաքա քաղաքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին, նաեւ վտանգուած խաչքարեր Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Իրանի մէջ, որոնք մեծ մասամբ չեն գրանցուած պաշտօնապէս: Մանաւանդ որ անոնց քանդումը, թալանը, ոչնչացումը հայկական պատմական կոթողներուն հետ, կը շարունակուի ազերի եւ թուրք բարբարոսներուն կողմէ: Այն կը շարունակուի, հակառակ 2005 թ.ի UNESCO-ի հրատարակած պահանջքով, պահպանել անգին գանձեր՝ հայկական խաչքարերը եւ անոնց տակ թաղուած ականաւոր հայ դէմքերուն մասունքները:
Իր կատարած այս շատ կարեւոր եւ շնորհակալ աշխատանքներուն եւ փաստօրէն պատմական առաքելութեան համար՝ կը շնորհաւորենք այժմ լոնտոնաբնակ քանդակագործ Վարդան Մոսկոֆեանը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ, հայկական թէ միջազգային գեղարուեստի աշխարհին մէջ:
Յուսանք որ խաչքարերու վերածնունդը կը դառնայ մեծ շարժում, համալրելով քարուքանդ եղած մեր պատմական յուշակոթողները՝ 21-րդ դարուն եւ գալիք դարերուն մէջ:













Comentarios