top of page

Պատմական ժամանակն է ստեղծելու հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդի փրկութեան ճակատ

  • Foto del escritor: Redacción NOR SEVAN
    Redacción NOR SEVAN
  • 23 sept
  • 3 Min. de lectura

Մինչ Հայաստանի ժողովուրդը զբաղած է երկրի ըմպելի սառնորակ ջուրը իրար վրայ թափելով եւ Ճենիֆըր Լոփէզն ու անոր անբարոյականներուն համերգները խաղցնելով, Ուաշինկթընի մէջ կը կնքուի փանթուրանական մայրուղին՝ կիսելով հայկական Սիւնիքը՝ ՀՀ ոչ-բարով «վարչապետ» Նիկոլ Փաշինեանի Արցախի ժողովուրդը կոտորած ու տարագրած Իլհամ Ալիեւի ու ԱՄՆ-ի «Նոպէլեան խաղաղութեան աղաւնի» Տոնալտ Թրամփի միջեւ:


ree

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ


Կարծես թէ ոչինչ պատահած էր 2020-2023թթ. 2000-ամեայ Արցախի կորուստէն ետք, 1600-ամեայ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վրայ աննախընթաց յարձակումներով, հոգեւորականներու ձերբակալութիւններով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Վեհարանէն դուրս «շպրտելու»՝ աղանդաւորական իշխանական ղեկավարիկներու կողմէ: Աւելին՝ երբ ամբողջ տարածաշրջանը եւ Հայաստանը կը տառապի ըմպելի ջուրի տագնապէ, «հովացնելու» համար բիւրաւոր «հաւատացեալներով», հազարաւոր լիթրերով սառնորակ ջուր կը թափուի Վարդավառի տօնին առիթով կազմակերպուած «ընտրական շօ»ին: Այսքանը կարծես թէ բաւարար չէր, ամերիկեան-մեքսիքական «շօ-պիզնես» բեմերու կիսամերկ պարուհի Ճենիֆըր Լոփէզին եւ իր խումբին իբր թէ 12 միլիոն տոլար կը վճարուի Հայաստանի պետական պիւտճէէն՝ Երեւանի մէջ կազմակերպելու իր «համաշխարհային մակարդակ»ի համերգները, որուն հասոյթէն 6 միլիոն տոլար կը յայտնուին մերօրեայ հայրենիքի «փրկչներ»ուն գրպաններուն մէջ, որպէս կանխավճար Եւրոպայի թէ Գանատայի, ԱՄՆ-ի մէջ ձեռք բերած շքեղ «առանձնատուն»երուն: Իսկ հերոսական Արցախի ղեկավարներ, ազերի-թուրքերու դէմ մահուկենաց պայքարին մէջ գերի ինկած Հայոց բանակի մարտիկներ արդէն իսկ դիտումնաւոր մոռացութեան տրուած են ու չեն հետաքրքրեր Սպիտակ Տան եւ անոր կեղծաւոր ղեկավարներուն հետ «սելֆի»ներու մարմաջով տարուած Հայաստանի «նորելուկ» ղեկավարիկները:



ree

Այս թոհուբոհին մէջ, Ուաշինկթընի մէջ, կնքահայրութեամբ «Նոպէլեան խաղաղութեան աղաւնեակ», ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի, իր իսկ կազմակերպութեամբ հսկայական ցուցադրական ելոյթի լուսարձակներուն տակ, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, թքնելով Արցախեան պատերազմի հազարաւոր զոհերու, հաշմանդամներու, Սփիւռքի հայրենասէրներու 35-ամեայ պայքարին վրայ, 1826 թուակաէն (Թիւրքմէնչայի դաշնագիր, Ցարական Ռուսիոյ եւ կաճառական Իրանի միջեւ) ի վեր Հայոց Պատմական, Դաւիթ Բեկի եւ Մխիթար սպարապետի Սիւնիքի դարպասները լայնօրէն կը բանայ թուրք-ազերի ցեղասպաններուն առաջ, իբր թէ 99 տարիով «Զանգեզուրի միջանցք» կոչուած ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունեցող 43 քլմ.նոց տարածքը վարձակալութեան տալով Թրամփին: Այսինքն՝ անմիջապէս աւերիչ պատերազմի նոր օճախ ստեղծելով Իրանի, Ռուսիոյ, ԱՄՆ-ՆԱԹՕ-ի, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ, որուն թատերաբեմը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն քաղաքները պիտի ըլլան գեր-ձայնային հրթիռներու, օդային եւ ցամաքային ռմբակոծութիւններու թիրախ, քարուքանդ ըլլալու ահաւոր վտանգներով: Աւելին՝ Երեւանի վարչախումբը ձեռնարկած է պառակտելու ոչ միայն Մայր Հայրենիքի, այլեւ Սփիւռքի հայրենասէր զանգուածները, հրապարակ նետելով նոր «բառապաշար», դաւաճանութեան, ազերիներուն եւ թուրքերուն քծնելու, միաժամանակ՝ առատաձեռն կաշառելով այս «շարժման» մէջ ներքաշուած «ականաւոր» անձինք: Անոնք, վերջերս Սփիւռքի «մայրաքաղաք»ներուն մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին կոչ կ’ընեն ձեռք մեկնելու Թուրքիոյ, մոռնալու «ազատատենչ» 2500 տարուան Արցախը, ըստ որուն զայն յանձնեցին եւ Հայաստանը «պահեցին»: Արդէն իսկ այդ Նիկոլական Հայաստանէն 200 քառ. քլմ.-ը զաւթուած է, եւ շուտով կը կորսնցնենք նաեւ պատմական Սիւնիքի, 300,000 ազերիներ ալ վերաբնակեցնելով կը դառնանք թրքական «վիլայէթ»՝ Երեւանի «խանութիւն»:


Խորունկ հիասթափութեան եւ յուսախաբութեան մէջ ապրող Մայր Հայրենիքի եւ Սփիւռքի հայրենասէրները կոչ կ’ընեն անմիջապէս ձերբազատուիլ այս ազգադաւ իշխանութիւններէն, քանի ամբողջովին չէ վերացած Հայոց Հայրենիքը: Նիկոլ Փաշինեան կը շրջի աւելի քան 3000 վարձկան թիկնապահներու վոհմակով, որուն մէկ մասը օտարներ են, գլխաւորաբար «Blackwater» ոճրային կազմակերպութեան կողմէ տրամադրուած, որուն վարձքերը կը փոխանցուին Պաքուի, Անգարայի, Թել-Աւիւի կողմէ, իշխանութեան աթոռին պահելու համար Փաշինեանը:

Այս բոլոր համաձայնագիրները կը ստորագրուին առանց ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ քննարկուելու, Հայաստանի թէ Սփիւռքի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին հետ քննարկելու: Տակաւին ապշեցուցիչ է օտար քաղաքական դիտորդներուն համար, որոնք աւելի մտահոգուած են Հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի ճակատագրով, քան ամէն օր անկասելի զիջումներով Մայր Հայրենիքը վաճառքի հանած բախտախնդիր իշխանութեան հանդէպ քծնանքով ու կեղծ հիացմունքներով ելոյթ ունեցող պետական թէ «ժողովրդային» շրջանակներու վերաբերմունքէն: Սոդոմ-Քոմորի վերջին օրերը յիշեցնող, «ինձմէ յետոյ ջրհեղեղ» այս ազգակործան վերաբերմունքը արդէն իսկ փոքրացուցած Հայաստանի նկատմամբ, կը գուշակէ մեծ աղէտի մը մօտալուտ ըլլալը, որուն դժբախտաբար ականատես պիտի ըլլանք շուտով:


ree

Երանի խորհրդային Հայաստանի օրերուն, երբ ունէինք զարգացած, հայրենասէր, նուիրեալ ու շինարար ղեկավարներ: Գ. Արութիւնով, Անտոն Քոչինեան, Նագուշ Յարութիւնեան, Կարէն Տէմիրճեան, իսկ համաշխարհային մակարդակով՝ քաղաքական, գիտական, արուեստի, մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ աստղահոյլ մը. Անաստաս եւ Արտեմ Միկոյեաններ, Վիկտոր Համբարձումեան, Նորայր Սիսաքեան, Տիգրան Պետրոսեան, Գոհար Գասպարեան, Ալպերթ Ազարեան, «Արարատ» ֆութպոլի առասպելական խումբը, Սիլվա Կապուտիկեան, Յովհաննէս Բաղրամեան, Համազասպ Բաբաջանեան, Յովհաննէս Իսակով, Արմենակ Խանփերեանց, Գէորգ եւ Գոհար Գէորգեաններ, Շաւարշ Կարապետեան, Հայաստանի Պարի Պետական անսամպլը, Թաթուլ Ալթունեանի անուան համոյթը, որ 1950-ական թուականներու վերջին ոտքի հանեց աշխարհատարած Սփիւռքի գաղթօճախները: Իսկ որեւէ ազգ Արամ Խաչատուրեանի նման հանճար ծնանա՞ծ է, որուն ստեղծագործութիւնները կը հնչեն մինչեւ այսօր, երկրագունդի չորս ծագերուն:

Ունեցանք մանաւանդ սրբաբոյր, փիլիսոփայ, մեծագոյն հայրենասէր, քաղաքագէտ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ը, որ կարողացաւ ապրիլ, ստեղծագործել եւ կառավարել Սուրբ Էջմածինը եւ անոր բոլոր թեմերը, Սթալինեան, Խրուշչեւեան, Պրեժնեւեան, Կորպաչովեան ցուրտ թէ «բարեխառն» պատերազմներու ժամանակներուն, օրհնելով Հայաստանի 3-րդ հանրապետութիւնը եւ արցախեան հերոսամարտը:

Կը հաւատանք, որ Հայ ժողովուրդը, ի վերջոյ, պիտի թօթափէ այս խայտառակ ծաղրածուներու, ազգադաւներու լուծը, կերտելով պայծառ ապագայ:

Comentarios


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • X
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Shirak, Verelk, Hai Mamul, Hai Guiank, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

bottom of page