Երախտապարտ ենք այդ բազմազգ ու խիզախ գաղափարի ու պայքարի եղբայրներուն՝որոնք կանգնեցան հայաստանիեւ հայ ժողովուրդի կողքին
- Redacción NOR SEVAN
- 23 sept
- 5 Min. de lectura
Հայ ժողովուրդի անմահ հերոս-զաւակ Նուպար Օզանեան (Օրհան Պաքըրճեան), որպէս Թուրքիոյ TKPML (Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութիւն-Մարքսիստ Լենինիստ) ազատամարտիկ, պայքարեցաւ Լիբանանի, Արցախի, Սուրիոյ մէջ՝ նահատակուելով 1915 թ.ին՝ Քոպանիի (Այն Արապ) ահաւոր մարտերու ընթացքին:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ-Գամիշլի-Տերսիմ-Լոնտոն-Փարիզ-Պերլին (հեռախօսով)
TKP-Leninciler (Թուրք-համայնավար կուսակցութիւն-Լենինեաններու 1981թ. Լոնտոնի պատմական խորհրդաժողովի որոշումները Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման մասին
– «Թուրք Ցեղապաշտներու Թուրքիոյ հայերու դէմ իրագործած Ցեղասպանութիւնը պատմութեան ծանօթ ամենէն բարբարոս ոճիրներէն մէկն է: Թուրք ցեղապաշտ կառավարութիւնները միլիոնաւոր հայերու արեան մէջ մտած են, ունեցուածքները թալանուած են: Իրենց հոգիները փրկողները, հազարաւոր տարիներ իրենց ապրած հողերը լքել տալով, աշխարհի չորս ծագերուն բռնի գաղթական դարձած են: Այսօր, մէկ մասը Խորհրդային Միութեան մէջ կ’ապրին, մինչ 6 միլիոն հայերէն միայն 100,000-ի չափ Թուրքիոյ մէջ են:

Բռնի իսլամացնել եւ թրքացնել, Արեւմտեան Հայաստանի թուրքերուն անփոփոխ քաղաքականութիւնն է: Հայկական ժառանգութեան, մշակոյթի եկեղեցիները, դպրոցները՝ դարերով կառուցուած, գետնին հաւասարուած են անոնց գրաւոր պատկանելիութիւնը ջնջելով: Ամբողջ տեղամասերուն անունները թրքացուած են: Նոյնիսկ «Թուրքիա՝ Հայաստան է» ըսելը արգիլուած է:
Մեր համագումարը պէտք է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ եւ բացէ ի բաց զայն դատապարտէ: Հայոց Սփիւռքը պէտք է վերջ գտնէ եւ բռնի տարագրուած հայերը իրենց լքած հողերը պէտք է ազատօրէն վերադառնալու իրաւունք ստանան: Իսկ պետութիւն ստեղծել ուզողներուն ամէն կարգի օգնութիւն պէտք է տրուի եւ հայերուն ամէն տեսակ ժողովրդավար ժողովուրդներուն հետ կապերը պէտք է հաստատուին:
Հայոց ազգային պահանջները եւ իրաւունքները ճանչնալ համայնավարներուն առաքելութիւնն է: Ընկերվարութիւն, ժողովրդավար յեղափոխութիւն՝ որն նաեւ պիտի հայերուն ապրելու իրաւունքը պիտի շնորհէ»:
ԱԼԻ ՀԱԼՕ – Իրաքեան Քիւրտիստանի Խորհրդարանի անդամ Արեւմտահայերու Ազգային Համագումարի 2015 թ. Փարիզի խորհրդաժողովի ելոյթին:
– «Քիւրտերը Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ դեր ունեցած են: Այո, մասնակցած են եւ շատերն ալ բազմաթիւ հայեր փրկած են ոչնչացումէ՝ ինչպէս Քիւրտիստան Իրաքի մէջ, ուր կ’ապրին ու կը բարգաւաճին մինչեւ այսօր: Կ’անիծեմ այն քիւրտերը, որոնց ձեռքերը թաթխուած են հայու արիւնին մէջ՝ կ’օրհնեմ անոնց, որոնք հայու կեանքեր փրկեցին»:
ՌԱԳԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ – Թուրք նշանաւոր գրող, լրագրող, տպագրիչ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, հայ «արգիլուած» գիրքերն ու հեղինակները թրքերէնի թարգմանող եւ լոյս ընծայող խիզախ եւ մի քանի անգամ վտարանդի գործիչ – 1999 Երեւան, Հայաստան:
– «Անընդհատ կը խօսին Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման մասին…: Եթէ այդ պատահի, մեր Թուրքիոյ գիշատիչները իրենց հսկայական ֆինանսական եւ տնտեսական կարողութիւններով հում-հում կը յօշոտեն ձեր Հայաստանի խեղճ «զաւալը»ները…: Տակաւին դուք լաւ չէք ճանչնար Թուրքիոյ պետական եւ «անօրէն» տնտեսական ոճրագործ շրջանակները եւ անոնց գործած եւ գործելիք աւերները, ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Հայաստանի մէջ…»:
ՕՐԱԼ ՉԱԼԸՇԼԱՐ – Թուրք հանրայայտ լրագրող եւ խմբագիր «Միլլիյէթ» օրաթերթի: Իր գրած յօդուածէն՝ 1999 թ.ին Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած միջազգային «Հայ-Թուրք Երկխօսութիւնը Այսօր» խորհրդաժողովի նախօրեակին, որմէ ետք Ֆրանսա ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: (Խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Հետազօտութիւններու Կեդրոն»ին կողմէ, որուն տնօրէնն էր Ժան-Գլոտ Քէպապճեան:
– «1915 թ.ին, Եոզկաթի հրապարակին վրայ կառուցուած քաղաքային ժամացոյցը՝ հայ Քէպապճեան ընտանիքին կողմէ, կանգ առաւ: Եկէ՛ք զայն դարձեալ աշխատցնենք: Եթէ Հայոց դէմ Ցեղասպանութիւն չըլլար, Թուրքիան այսօր շատ աւելի ժողովրդավար եւ բարգաւաճ պետութիւն մը պիտի ըլլար»:
ANF-DERIK Գործակալութեան Մամլոյ Հաղորդագրութիւն – 28 Օգոստոս 2017
– TKPML (Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութեան Մարքսիստ Լենինիստ Ազատագրութեան բանակը, ծնունդ առած Թուրքիոյ աշխատաւորներու եւ գիւղացիներու ծոցէն…), մե՜ծ շուքով յուղարկաւորեց Ռոճավայի հրամանատար Նուպար Օզանեանը, որ նահատակուած էր 14 Օգոստոսին՝ Սերաքինիյէի մէջ:
Հազարաւորներ, Ռոճավայի Տերիք քաղաքէն հաւաքուած էին Տերիքի հիւանդանոցին առաջ, ընկերակցելու հայ յեղափոխականին՝ իր վերջին ճանապարհորդութեան՝ դէպի «խեպատ Տերիք Մարտիրոսներու գերեզմանատուն»-ը, կրելով քիւրտ ժողովրդական ղեկավար Ապտուլլապ Օճալանի մեծադիր լուսանկարները եւ TIKKO-ի դրօշները, բացագանչելով՝ «Շեհիտ Նեմրին» (նահատակները չեն մահանար…»:
Ռազմական արարողութենէն ետք, YPG-YPT եւ Ինքնապաշտպանական Ուժերուն կողմէ, TIKKO-ի հրամանատար Ճեմիլ Ռոճավա հաստատեց, թէ նահատակ Նուպար, որ կռուած է մարդկութեան համար, ֆաշիզմի դէմ, վերապրած էին, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
ՄՈՒՐԱՏ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ – Քիւրտիստան Իրաքի «Հավրէզ» հայկական գիւղի գիւղապետ: 2014 թ.ին հայկական ինքնապաշտպանական ջոկատի հրամանատար, ընդդէմ «ՏԱՀԷՇ»ի ցեղասպաններուն՝ պաշտպանած են նաեւ Աւզրուկ, Իշքէնտէր եւ ասորական բնակավայրերու անվտանգութիւնը:
– «Մենք առիւծներու որջին մէջ ծնած եւ մեծցած ենք եւ այնպէս ալ պիտի կռուինք ու պաշտպանենք մեր գիւղերը, ինքնութիւնը, պատիւը ընդդէմ Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած, զինուած ու ֆինանսաւորուած հրոսակներու: Մենք հերոս Լեւոն Փաշա Շազոյեանի որդիներն ենք եւ կը հաւատանք Հայ ժողովուրդի յաղթանակին:
ՍԷՅԻՏ ՌԻԶԱ – Տերսիմի մեծագոյն հերոս-նահատակ, հազարաւոր հայ որբեր եւ սուրբ մագաղաթներ փրկած «Փիր» (Սուրբ), Զազա ցեղապետ: Կախաղան բարձրացուելէն առաջ, Աթաթուրքի բորենիներուն կողմէ (17 Նոյեմբեր 1937 թ. Էլազիկ, Թուրքիա)
– «Ես ձեր սուտերէն, խաբէութիւններէն չկրցայ գլուխ հանել՝ այդ դարդ եղաւ ինծի: Իսկ դուք, չկրցա՛ք ծունկի բերել զիս, այն ալ դարձ թող ըլլայ ձեզի…: (Իր ձեռքով կախաղանին պարանը կ’անցնէ վիզին եւ ինքնասպան կ’ըլլայ):

1980 թ. Սեպտեմբերին, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ իր արդի պատմութեան մէջ ամէնէն վայրագ զինուորական յեղաշրջումներէն մէկը՝ բռնապետ Քենան Էվրենի գլխաւորութեամբ: Աւելի քան 150,000 քաղաքացիներ, ամէն ազգութեան պատկանող, բանտերը նետուեցան, որպէս «ահաբեկիչ»ներ կախաղան բարձրացուեցան, իրենց մահուան դատապարտումի վերջին պահերն ալ բացէ ի բաց հրատարակուելով թրքական մամուլի գունազարդ էջերուն մէջ: Անշուշտ, Թուրքիոյ յառաջդիմական շարժումներու շարքերուն մէջ էին նաեւ բազմաթիւ հայազգի գործիչներ եւ յեղափոխականներ, որոնք նոյնպէս մահուան դատապարտուեցան կամ երկարատեւ բանտարկութեան արժանացան, տանջամահ եղան:
Այս բոլոր ահուսարսափի տեսարաններուն մէկ այլ, կարելի է ըսել «դրական» երեւոյթը այն էր, որ հազարաւոր քաղաքական ղեկավարներ եւ գործիչներ ապաստանեցան Լիբանան ու Սուրիա, Իրաք, Արեւմտեան Եւրոպա, ուր կազմակերպեցին հսկայական ցոյցեր, համագումարներ, հրատարակեցին բազմատեսակ դատապարտող գիրքեր, որոնց մէջ առաջին անգամ ըլլալով յիշուեցան Հայ ժողովուրդին դէմ իրագործուած ահաւոր ցեղասպանութիւնը, կոչ ընելով ճանչնալ զայն, հատուցել միլիոնաւոր նահատակներուն եւ բռնի թրքացածներու ընտանիքներուն, արտօնել վերադառնալու իրենց պապենական զաւթեալ հողերը, նոյնիսկ արտօնել պետութեան ստեղծումը…:
Լիբանանի յառաջդիմական եւ պաղեստինեան իրենց գաղափարակից ոյժերուն կողքին կանգնած, Թուրքիոյ բազմազգ կազմակերպութիւններու, շարժումներու 1980-82 թթ. գործունէութեան տարիներուն, առիթ ունեցանք նախ եւ առաջ մօտէն ծանօթանալու TKP Leninciler (Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութիւն-Լենինեաններ) կուսակցութեան մարտական դէմքեր՝ Չերքէզ «Ալպերթօ Պայօ»ի, «Ընկեր Ալի»ի հետ, որոնք մեզի փոխանցեցին իրենց կուսակցութեան եւ ղեկավար Ա. Եօրաքօղլուի խիզախ քայլին մասին տպագիր տեղեկութիւններ, հրատարակուած «Իշճինին Սեսի» (Բանուորին Ձայնը) ամսագրին մէջ, որ ունէր հազարաւոր ընթերցողներ եւ գաղափարակիցներ: Իրենց կուսակցութիւնը, 1981 թ. Սեպտեմբերին, կը կազմակերպէ միջազգային համագումար, որ առաջին անգամ ըլլալով կ’ընդունի Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը թրքական պետութեան կողմէ, նաեւ Հայ ժողովուրդի իրաւունքը՝ վերադառնալու Արեւմտեան Հայաստան, իրենց պատկանող հողերը, ուր ապրած էին հազարամեակներէ ի վեր…:
Յետագային, TKP Leninciler-ML եւ TIKKO (Թուրք բանուորական-գիւղացիական համայնավար կուսակցութեան) գլխաւոր անդամ դարձաւ Պոլսոյ «Ակօս» բազմալեզու թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինք, որ դաւադրաբար սպաննուեցաւ ծագումով Պոնտոսի յոյն, ֆաշիստ Էօզկիւր Սամատի կողմէ…:
Իսկ 1980 թ. Էվրենեան ոճրագործութիւններէն եւ ձերբակալութիւններէն վերապրած Թանէր Աքչամ («Տեվրիմճի Սօլ» ձախ յեղափոխական, Պէյրութ գտնուած 1980-82 թթ.) դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հատորներու հեղինակ, ծագումով Չերքէզ յեղափոխական անցեալով…:

Իրենց պատմագիտական հրատարակութիւններով նոյնպէս հայանպաստ մեծ գործունէութիւն ծաւալեցին Ռագըպ Զարաքօլու (այժմ վտարանդի Շուէտի մէջ…), ծագումով քիւրտ Ռեճեպ Մարաշլը (վտարանդի Գերմանիոյ մէջ), Սայիտ Չեթինօղլու (ծագումով Պոնտոսի յոյն, Թուրքիա), Հրանդ Տինքի “աշակերտ”, Ճեմալ փաշայի թոռ, պատմաբան, «Ցեղասպանութիւն» հատորի հեղինակ Հասան Ճեմալ: Այս անմահ սերունդին գործը շարունակած, Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ Պունտստագի անդամ՝ Էօզտեմիր Ճէմ (հօր կողմէն չերքէզ, մօր կողմէն Պոնտոսի յոյն), որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը եւ բանաձեւը ընդունել տուաւ, ըսելով. «Գերմանիա ոչ միայն հովանաւորած է 1915 թ. Ցեղասպանութիւնը՝ այլեւ ուղղակիօրէ՛ն մասնակից է անոր…»:
Դժբախտաբար, Ռագըպ Զարաքօլուի իսկ խօսքերով՝ «Բռնապետ Քենան Էվրեն մահացաւ անկողնին մէջ, առանց իր արժանի պատիժը ստանալու…»: Մինչ թրքական իսլամ-ֆաշիստական ղեկավարութիւնը, իր մերօրեայ ATM խամաճիկ Ալիեւեան արիւնախում դաշնակիցին հետ կը շարունակեն անպատիժ ոչ միայն ճզմել ներքին յառաջադէմ ուժերու ներկայութիւնը, այլեւ ցեղասպանական արշաւներ կատարել ինչպէս Արցախի եւ Հայաստանի բազմաչարչար բնակիչներուն դէմ, նոյնպէս ամէնուրեք կը կազմակերպեն դաւեր, յեղաշրջումներ, սպանութիւններ՝ Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի, Լիպիոյ մէջ եւ այլուր:
Արաբ հռչակաւոր գրող եւ ապստամբ ղեկավար Ապտուլռահման ալ-Քաուաքիպի, նշանաւոր իր «Բռնապետութեան Հիմքերը» աշխատութեամբ, թունաւորուեցաւ 1902 թ., Գահիրէի սրճարանի մը մէջ, ուր ապաստանած էր Հալէպէն փախչելով՝ Սուլթան Համիտի «խաֆիէ»ներուն կողմէ…:

Իսկ Հայ ժողովուրդի անմահ հերոս-զաւակ Նուպար Օզանեան (Օրհան Պաքըրճեան), որպէս Թուրքիոյ TKPML (Թուրքիոյ Համայնավար կուսակցութիւն-Մարքսիստ Լենինիստ) ազատամարտիկ, պայքարեցաւ Լիբանանի, Արցախի, Սուրիոյ մէջ՝ նահատակուելով 1915 թ.ին՝ Քոպանիի (Այն Արապ) ահաւոր մարտերու ընթացքին՝ իր յուղարկաւորութեան մասնակցելով աւելի քան 15,000 հայ, քիւրտ, թուրք, չերքէզ, արաբ մարտիկներ՝ «Վէրքերով լի ջան ֆետայի երգին հնչիւններուն տակ:
Դիւցազնական այս պայքարը, որ տեղի ունեցաւ եւ տեղի կ’ունենայ 1915 թ.էն ի վեր, Միջին Արեւելքի թէ Եւրոպայի ռազմական թէ քաղաքական թատերաբեմերու վրայ, յանուն Հայ ժողովուրդի եւ տառապեալ ժողովուրդներու ազատութեան համար, ո՛չ մէկ զիջումով կամ հայրենածախութեան կարելի չէ մոռացութեան տալ: Հայ ժողովուրդը, որպէս արդար դատի եւ իրաւունքի անսասան տէր՝ պիտի յաջողի թօթափել բոլոր դաւաճանական, բռնատիրական ճնշումները, ի վերջոյ տիրանալով պատմական Արարատին ու բռնագրաւեալ հողերուն:













Comentarios