top of page

Ապաւինողականութեան ախտ ժամանցուած յոռետեսութիւն

Ռուսաստան եւ Իրան, Հայաստանի եւ Արցախի բնական զինակիցներն են Փանթուրքիզմի Ծրագրի գոյութենական վտանգին դէմ:

Մեթր Գասպար Տէրտէրեան, Պէյրութ, 18 Յուլիս 2021


«Պայքար» շաբաթաթերթի 4 Յուլիս 2021 թուակիր համարի խմբագրականը, որուն խորագիրն է՝ «Կրնայ Հերթը Հասնիլ Նաեւ Իրանի», կը սկսի ապաւինողական մեր քրոնիկ ախտով եւ կը շարունակէ յոռետեսական ժամանցուած մտատանջութիւններով՝ անգիտանալով որ այսօր՝ երէկի միաբեւեռ աշխարհակարգը փոխուած է, զիջելով բազմաբեւեռ աշխարհակարգի մը, որուն մէջ Արեւմուտքը այլեւս միահեծան տիրակալը չէ աշխարհի, եւ ի վիճակի չէ նեցուկ կանգնելու Փանթուրքիզմի Ծրագրին, որ իրականանալի չէ առանց Արեւմուտքի նեցուկին։ Քանզի, այս ծաւալողապաշտ մեծ ծրագիրը մշակուած չէ թուրքերու կողմէ, այլ՝ Արեւմուտքի ապսպրանքն է Սիոնիզմի գործակալութենէն, որ զայդ մշակած է վարձկան հինգ հրեայ-սիոնական պատմագիրներու կողմէ (Արմինիուս Վամպերի, Քոնսթանթի Պրոժեցքի, Ալպերթ Քոհեն, Լէոն Քահէօն, Ֆրանց Վերներ։ Հինգին երեքը գործածած են թրքական կեղծանուններ՝ Թեքին Ալփ, Մուսթաֆա Ճելալետտին Փաշա եւ Մուրատ Էֆենտի)։ Իսկ այս ծրագրի դարպասող կողմն ալ Թուրքիան չէ, այլ՝ Արեւմուտքը, եւ Թուրքիան դարպասուող գործիք (ըստ բրիտանական Foreign Office-ի գաղտնի տեղեկագրին…)։


Առաջին պարբերութեան մէջ, խմբագիրը «իրաւ բարեկամ»ը կը շփոթէ բարերարի հետ, կարծելով թէ աշխարհի մէջ կրնայ բարերար պետութիւն գոյութիւն ունենալ…։ Պետութիւններու բարեկամութիւնն ու զինակցութիւնը հիմնուած է փոխադարձ պետական շահերու վրայ (ասինքն՝ «շահակից» պետութիւններու միջեւ)։ Մինչդեռ, խմբագիրը «շահակից» պետութիւնը «իրաւ բարեկամ» չի նկատեր։ Բայց, ԱՄՆ-ի իմփերիալիստական պետութիւնն ալ «իրաւ բարեկամ»ը չէ Իսրայէլի, որուն տարեկան միլիառներ կը նուիրէ, կը զինէ ու կը պաշտպանէ, որովհետեւ՝ ըստ Նոամ Չոմսքիի վերլուծումին, Իսրայէլ ԱՄՆ-ի օֆֆշոր ռազմախարիսխն է Միջին Արեւելքի մէջ։


Կարդանք այդ պարբերութիւնը. «Կովկասի տարածքին իրաւ բարեկամներ չունի Հայաստանը. ունի աջակիցներ, որոնք կապուած են անոր քաղաքական հասարակաց շահերով։ Անոնք են՝ Ռուսաստանն ու Իրանը։ Ռուսաստանի պարագային հարցը շատ բարդ է, որովհետեւ Արեւմուտքը բացայայտ կերպով տագնապներ կը յարուցանէ անոր սահմաններուն վրայ՝ տկարացնելու համար զայն, որպէսզի ան չկարողանայ վերստին վերածուիլ գերհզօր պետութեան մը, ինչպէս էր սովետի շրջանին»։


Եւ շարունակելով իր դարձդարձիկ ոճը, յաջորդ պարբերութեան մէջ կը գրէ. «Այդ խնդիրներու արծարծման կամ յառաջացման գործօններէն մէկն ալ Թուրքիան է, որ մէկ կողմէ կը ձեւացնէ ծառայել Արեւմուտքի շահերուն, եւ միւս կողմէ կը հետապնդէ իր համաթուրանական ծրագիրը։ Հետեւաբար, Ռուսաստան կարգ մը ճակատներու վրայ համակերպումի կարգ մը պայմանագրեր կը ստորագրէ Թուրքիոյ հետ, զսպելու համար այս վերջնոյն նուաճողական ախորժակները, եւ այդ ընթացքին կը հարկադրուի ԶՈՀԵԼ իր դաշնակիցներուն շահերը, ինչպէս պատահեցաւ եւ կը շարունակէ պատահիլ հայ-ազրպէյճանական վերջին պատերազմին ընթացքին»։


Այս պարբերութիւնը ամբողջութեամբ ՍԽԱԼ է։ Նախ՝ Թուրքիա ոչ թէ «կը ձեւացնէ» Արեւմուտքի շահերուն պաշտպանութիւնը, այլ՝ ըստ Նոամ Չոմսքիի վերլուծումին, ան Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի երկրորդ օֆֆշոր ռազմակայանն է (առաջինը՝ Իսրայէլ)։ Իսկ Փանթուրքիզմը Թուրքիոյ ծրագիրը չէր, ինչպէս տեսանք, այլ՝ իմփերիալիստական Արեւմուտքի։ Իսկ Թուրքիան՝ այդ ծրագրի գործիքն է պարզապէս։ Իսկ լիբանանցի աւագ հրապարակագիր Նապիհ Պըրժին, «Ալ-Տիար» օրաթերթին մէջ, Էրտողանը անուանած է «Օսմանցի Խախամ» (այսինքն՝ օսմանցի սիոնական), քանի որ Փանթուրքիզմը սիոնական է։

Ապաւինողական մեր քրոնիկ ախտով վարակուած խմբագիրը, ստրկամտութեամբ կը խորհի, որ եթէ Ռուսաստան իրաւ բարեկամը եղած ըլլար Հայաստանի, պարտաւոր էր Ազրպէյճանի դէմ կռուիլ՝ մեր փոխարէնը։ Իսկ կանխակալ հաւկոյր հակառուսական արեւելում ունեցող խմբագիրը, «կատուի ապերախտութեամբ», մեր փրկարարը՝ Ռուսաստանը –որ Նոյեմբեր 9-ի զինադադարը պարտադեց յաղթական յառաջխաղացքի մէջ եղող թուրք-ազերի-ՕԹԱՆ ճակատին, փրկելով պարտեալ կողմը՝ ամբողջական ու վերջնական խայտառակ պարտութենէն եւ ամբողջ Արցախը առաւ ռուս բանակի վերահսկողութեան տակկը զրպարտէ՝ իրեն դաշնակից Հայաստանին չաջակցելու, եւ զայն զոհելու Թուրքիոյ հետ իր կնքած, բայց իրականութեան մէջ գոյութիւն չունեցող «համակերպողական պայմանագրերու»։


Անոր հակառուսականութիւնը այնքա՜ն հաւկոյր է, որ ան առանց անդրադառնալու, քիչ անդին կը խոստովանի. «Մասնաւորաբար կեդրոնանալով ազերի փոքրամասնութեան (Իրանի) նկրտումներուն վրայ, հեղինակը (Տիկին Պենտա Շէյֆըր) կը նշէ թէ ասոնք (Իրանի ազերիները) զայրացած են Իրանի կեդրոնական կառավարութեան դէմ, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին թոյլատրած է ռուսական բանակին որ զինամթերք հասցնէ Հայաստան, Իրանի օդային տարածքով»։ («Կատուի ապերախտութիւն» ասացուածքը մենք առաջին անգամ լսած ենք Պէյրութի մէջ, երբ լիբանանցի գրող Ռա՚իֆ Խուրի զայդ գործածեց Ապտել Նասերի երեսին, անոր կողմէ Սովետ Միութեան հանդէպ ցոյց տուած ապերախտութեան համար։ Մինչ եգիպտացի գիտակից քաղաքացին ցկեանս երախտագէտ է Սովետ Միութեան, առնուազն Ասուանի ջրամբարտակի եւ Հալուանի երկաթի հանգի մեծ իրագործումին համար. առաջինի կառուցման եւ երկրորդի օգտագործման համար)։


Պենտա Շէյֆըրի այս իրողութեան նշումն ու հաստատումը, խմբագրի միեւնոյն խմբագրականին մէջ, կը հերքէ ոչ միայն յերիւրանքը թէ Ռուսաստան զոհած է իրեն դաշնակից Հայաստանի շահերը, այլ՝ անոր միւս յերիւրանքը, թէ Ռուսաստան եւ Իրան դադրած են զինակիցներ ըլլալէ եւ դարձած են մրցակիցներ, առանց յստակացնելու թէ ի՞նչի շուրջ մրցակիցներ։ (Բարացուցական է խմբագիրի այն համոզումը, թէ Թուրքիա աւելի զօրաւոր է կամ խելացի, քան՝ Արեւմուտքը եւ Ռուսաստանը, քանի որ կը յաջողի (եղե՜ր) Արեւմուտքին «ձեւացնել» իսկ Ռուսաստանին ստիպել ստորագրել «համակերպողական համաձայնագրեր»… ինչ որ անոր մօտ կը մատնէ վախ մը՝ Թուրքիոյ չափազանցուած ուժէն, որ կը վկայէ անոր գնահատումներուն ենթակայական (ոչ առարկայական) ըլլալը, որ դարձեալ հետեւանքն է անոր ապաւինողական հիւանդութեան եւ յեղափոխական ոգիէ զուրկ ըլլալուն


Խմբագրականը լի է կոտոշաւոր հակասութիւններով եւ սխալ հաստատումներով, որոնց բոլորը ենթադրական են, կամայական ու մտամոլորային (hallucinational)։ Ասոր պատճառով, հմուտ գրագէտ խմբագիրը թոյլ տուած է նաեւ՝ լեզուական, քերականական տարրական սխալներու (օրինակ. «Իրանի ազրպէյճանցիները» պէտք է ըլլայ Իրանի ազերիները, «հայ-ազրպէյճանական»ը պէտք է ըլլայ հայ-ազերիական, Ռուսաստան զոհեց իր դաշնակիցին շահերը «պատերազմի ընթացքին» որ «կը շարունակուի պատահիլ»… բայց պատերազմը կասեցուած է 8 ամիսներ առաջ արդէն)։


Հեղ մը կը խոստովանի Իրանի Հայաստանանպաստ կեցուածքները, հեղ մըն ալ Իրանի կը վերագրէ «չէզոք» կեցուածք պատերազմի ընթացքին։ Մինչդեռ ինքն է մէջբերողը Պենտա Շէֆըրի նշումէն, թէ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան, 44 օր, Իրան արտօնած է Ռուսաստանին՝ իր օդային տարածքով զինամթերք հասցնել Հայաստան…։


Իր բառով, Հայաստանին «աջակցող» (բայց անոր փոխարէն Ազրպէյճանի դէմ չպատերազմող) «դաշնակիցը Հայաստանի», Ռուսաստան եւ Իրան, Հայաստանի եւ Արցախի բնական զինակիցներն են Փանթուրքիզմի Ծրագրի գոյութենական վտանգին դէմ։ Այս երեք կողմերու զինակցութիւնը Կովկասի մէջ՝ աշխարհաքաղաքական հաստատուն (constant) մըն է, այնքան ատեն որ թուրք-ազերի կողմը չէ հրաժարած Փանթուրքիզմի Ծրագրէն։ Այս զինակցութիւնը գոյութենական է եւ բացարձակապէս կապ չունի Շիիթ յարանուանութեան հետ։ Թուրքիան եւ Եգիպտոսը սիւննիթ են, բայց թշնամի մրցակիցներ իսլամ աշխարհի փոխանորդութեան կամ գլխաւորութեան։ Թուրքիան եւ քիւրտերը սիւննիթ են, բայց Թուրքիան կը ջարդէ քիւրտերը։ Թուրքիան եւ Սէուտական Արաբիան սիւննիթ են, բայց թշնամի մրցակիցներ։ (Գոյութենական վտանգի դէմ զինակիցը հազար անգամ աւելի կարեւոր է քան բարեգործ բարեկամը, որովհետեւ բարեգործութիւնը մնայուն ու տեւական չի կրնար ըլլալ, եւ ունեցած կարողականութեան յաւելեալը կամ աւելորդը կրնայ տալ միայն։ Մինչդեռ գոյութենական զինակիցը՝ իր իսկ գոյութեան պաշտպանութեան չափով պիտի պաշտպանէ իրեն հաւատարիմ զինակիցը։ Որովհետեւ՝ երկու կամ աւելի գոյութենական զինակիցները ստրատեգիական զինակիցներ են, որոնք նոյնիսկ տարբեր ճակատներու վրայ երբ միեւնոյն թշնամին կը հարուածեն, իրենց սեփական ինքնապաշտպանութիւնը ըրած կ՚ըլլան…։ Միսաք Մանուշեան, երբ Փարիզի մէջ կը կռուէր ֆաշական գրաւող բանակին դէմ, կը պաշտպանէր իր հայրենիքը՝ Սովետ Հայաստանը)։

Պենտա Շէյֆըր

Այսուհանդերձ, խմբագիրը իրաւացիօրէն ճիշդ մատնանշումը կ՚ընէ Արեւմուտքի (այսինքն՝ տնտեսաքաղաքագիտական լեզուով, ամերիկեան իմփերիալիզմի) ոճրային քրէական սեւ գրասենեակներէն մէկուն (Foundation for Defence and Democracies) հրատարակած մէկ հատորին, որուն խմբագիրն է այս սեւ գրասենեակի խորհրդականներէն՝ Տիկ. Պենտա Շէյֆըր, եւ վերնագիրը՝ “Iran Is More Than Persia” («Իրան Աւելին Է Քան Պարսկաստանը»), որուն ծրագիրն է անդամահատել Իրանը, վերջ տալով անոր հողային ամբողջականութեան։ (Ամերիկեան իմփերիալիզմի քրէական սեւ գրասենեակներէն մէկն ալ, նոյնպէս անմեղունակ անունով՝ American Academy of War-ն է)։


Այս ծրագիրը շարունակութիւնն է ամերիկեան գունաւոր յեղաշրջումներէն՝ «Արաբական Գարուն»ին, որ նպատակն էր Իսրայէլի պաշտպանութեան համար քանդել Սուրիան, Իրաքը եւ Լիպիան, եւ՝ այն բոլոր երկիրները, որոնք կը սպառնան սիոնական երկրի գոյութեան, իսկ միջոցը՝ Իրանի փոքրամասնութիւններու ըմբոստութիւնները կազմակերպելն է (մասնաւորաբար՝ Իրանի ազերի փոքրամասնութիւնը, որուն համար խմբագիրը կը յիշէ թէ կը գործէ նաեւ «Կիւնազ» հեռուստակայանը, որ հաղորդումներ ունի Թուրքիայէն եւ Շիքակոյէն…)։ Միեւնոյն երկիրը՝ Իրան, երբ Շահին օրով ոչ միայն փոքրամասնութիւնները, այլեւ ողջ երկրի ազգաբնակչութիւնը, կը հեծէին Շահի բռնատիրութեան ներքեւ, Արեւմուտքը (այսինքն՝ ամերիկեան իմփերիալիզմը) չէր մտածեր անդամահատել Իրանը, որովհետեւ Շահը ԱՄՆ-ի կամակատարն էր։ Բայց, երբ Իրան ազատագրուեցաւ Շահի բռնատիրութենէն եւ դարձաւ անկախ ու յարգեց բոլոր փոքրամասնութիւններու իրաւունքները (ներառեալ հայ փոքրամասնութեան), դեմոկրատիայէն ճառող ԱՄՆ-ը թշնամին դարձաւ ազատ-անկախ Իրանի։


Խմբագիրը կ՚աւելցնէ. «Իրանը պայթեցնելու եւ անդամահատելու մէջ շահակիցներ են՝ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը»։


Այս խմբագիրը քաջածանօթ մըն է ամերիկեան իմփերիալիզմի քրէական ու դաւադրական, յեղաշրջական ու խռովարար մութ ծրագրերուն։ Սակայն, ան միշտ հեռու կը մնայ կեցուածք ցուցաբերելէ այդ բոլորին հանդէպ։ Ան ապաքաղաքական ու ապակրական եւ անդիմորոշ եղանակով կը գրէ. «Կարգ մը աղիտալի ծրագրեր յաճախ հրապարակ կը հանուին՝ անմեղ տարազումներու ներքեւ, եւ ետքէն ծաւալ ստանալով կը վերածուին միջազգային քաղաքական խնդիրներու։ Օրինակ՝ Մեղրիի միջանցքի հարցը հրապարակ հանուած էր Փոլ Կոպէլի կողմէ եւ շատ մը մեկնաբաններ հեղինակին երեւակայութեան արդիւնքը նկատեցին զայն, մինչեւ որ ան տարածուեցաւ ու վերածուեցաւ միջազգային քաղաքական լուրջ խնդրի մը, որ այսօր կախուած է Հայաստանի գլխուն վրայ»։


Այս դարձդարձիկ ոճով երկարապատում չափազանցումը Մեղրիի միջանցքին, յոռետես վախ մը կը մատնէ խմբագրին մօտ, այն աստիճան որ իր խմբագրականին եզրակացութեան մէջ անգամ կը գրէ. «Կը մնայ մաղթել նաեւ, որ Պենտա Շէյֆըրի հրապարակ նետած քաղաքական փուչիկը չունենայ բնոյթն ու ճակատագիրը Փոլ Կոպէլի ծրագրին…»։ (Այս ամէնուն հեղինակը չի դիմորոշեր ան, վախնալով այդ հեղինակէն, անոր Մըքքարթիական պատիժէն, կարծելով թէ ամերիկեան իմփերիալիզմը տակաւին տէրն ու տիրակալը կը մնայ աշխարհի։ Այսօր գոյութիւն չունի Մըքքարթիական հաւատաքննութիւն։ Նոյնպէս ամերիկահպատակ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեան, որուն նախագահած մեծ միութեան ալ կեդրոնը կը գտնուի ԱՄՆ-ի մէջ, կը համարձակի Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի դեսպանները քննադատել եւ Ռուսաստանը գնահատել՝ անոր յաջողցուցած զինադադարին համար)։


Յիշեալ երկու ծրագրերը (Փոլ Կոպէլի եւ Պենտա Շէյֆըրի) նորութիւններ չեն։ Անոնք պարզապէս Փանթուրքիզմի Ծրագրի հին մասնիկներն են, որոնց իրականացումը կը հետապնդէ ամերիկեան իմփերիալիզմը։ Խմբագրին կողմէ ասոնց չափազանցումը այսօ՛ր՝ կ՚ենթադրէ որ խմբագիրը կը կարծէ, թէ այսօր եւս ամերիկեան իմփերիալիզմը կը շարունակէ ունենալ միաբեւեռ աշխարհակարգի օրերու տիրակալական կարողութիւնը աշխարհի վրայ։ Մինչդեռ, այսօր առկայ է բազմաբեւեռ աշխարհակարգ մը, որուն հետեւանքով՝ Փենթակոնն անգամ պատրաստ է միջազգային խնդիրները լուծելու Ռուսաստանի հետ երկխօսութեամբ։ Աշխարհը փոխուած է. հինը չէ այլեւս։ Ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս Ազատ Վշտունին գրած էր. Չինը հիմի հին Չինը չի…։


Միաբեւեռ աշխարհակարգի օրերուն, թուրք-ազերի-ՕԹԱՆ նախայարձակումը Արցախի վրայ պիտի վերածուէր միջազգային պատերազմի, կամ՝ միջազգային խնդրի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին առջեւ, եւ ՄԱԿ-ի կապոյտ խաղաղարարները պիտի կանգնէին Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստեղծուած նոր սահմանագիծին վրայ, եւ Ռուսաստան պիտի չկարողանար առանձինն հաստատել զինադադար, եւ՝ այդ նոր սահմանագիծը դնել լոկ ռուսական խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ (ինչպէս էր՝ յաղթական Ռուսաստանի օսմանեան պետութեան պարտադրած Սան Սթեֆանոյի Դաշնագրի Յօդ. 16-րդը, որուն Բարենորոգումներուն վրայ կը վերահսկէր ռուսական գրաւող բանակը) եւ՝ ԱՄՆ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա, Պերլինի Դաշնագրի Յօդ. 61-րդին նման կարգադրութիւն մը պարտադրել։ Այսօր՝ Ռուսաստան փաստեց, որ Անդրկովկասի մէջ ինքն է վերջին խօսքը խօսողը, նոյնինքն Մինսքի Խմբակի միւս երկու պետութիւններու (ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի) համանախագահներու հաւանութեամբ ու ձեռնպահութեամբ։ Այս մեծ տարբերութիւնը կարելի չէ չտեսնել ձեւացնել կամ հաւկուրութիւն խաղալ, Պրն. Խմբագիր։ Այս լոյսին տակ, Հայութիւնը լաւատես ըլլալու երաշխիքը ունի, թուրք-ազերի-ՕԹԱՆ մակնիշը կրող բոլոր տեսակի սեւ ծրագրերուն դէմ (ներառեալ՝ Փոլ Կոպէլի եւ Պենտա Շէյֆըրի ծրագրերը), քանի որ Ռուսաստան-Հայաստան-Իրան զինակցութիւնը Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ՝ ստրատեգիական է եւ գոյութենական, ոչ՝ տակտիկական կամ պարագայական։ Իսկ այս երեքէն երկուքը (Ռուսաստան եւ Իրան) հզօր են, որովհետեւ ունին հայրենասէր, յեղափոխական ոգիով ու շունչով ղեկավարութիւն։ Իսկ Հայաստան տկար է, քանի որ հիւծած է Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիկ համակարգէն (որ ապազգային է եւ ազգաքանդ) ոչ ժողովրդահայրենասիրական է։


Եւ՝ Մինսքի համանախագահները (ԱՄՆ, Ռուսաստան եւ Ֆրանսա) տափակցուցին թուրք-ազերի նուաճողական սրած ախորժակները, երբ երեքով յայտարարեցին, որ Շուշին Արցախի անբաժանելի մէկ մասն է… Պրն. Խմբագիր։


Նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեան ըսաւ, որ Ռուսաստան պիտի պաշտպանէ Հայաստանն ու Արցախը, քանի որ ասյօր, Ռոսւաստանի եւ Հայութեան շահերը ԿԸ ՀԱՄԸՆԿՆԻՆ թուրք-ազերի ճակատին դէմ։


Սակայն, Խմբագիրը ժամանցուած մտատանջութիւններ կը յայտնէ, երբ կը գրէ. «Եթէ այս բոլոր շահակիցները (Իրանի անդամահատումի ծրագրին մէջ) հասնին իրենց նպատակին (եթէ Իրան անդամահատուի), Հայաստան ուրիշ տագնապ մըն ալ պիտի ունենայ իր սահմաններուն վրայ»։ (Զարմանալի չէ՞ այն, որ ամերիկեան իմփերիալիզմի մութ ու սեւ քրէական ծրագրերուն քաջածանօթ այս խմբագիրը, փոխանակ ժամանցուած ծրագրերուն շուրջ խօսելու, ոչ մէկ անգամ խօսած է Իսրայէլի սիրոյն Լիբանանը քանդելու ամերիկեան այս ժամանակակից պատերազմին մասին…)։


Մեր անկեղծ համոզումով, այս խմբագրի անբուժելի յոռետեսութեան խորքը, անոր ապաւինողականութեան հիւանդութիւնն է, որուն հետեւանքով ան կ՚ուզէ հաւատալ, որ Կովկասի մէջ Հայաստան «իրաւ բարեկամ» չունի. այսինքն՝ բարերար, բարեսիրտ ու բարեգործ պետութիւն մը գոյութիւն չունի, որպէսզի նախախնամութեան դեր խաղայ եւ թշնամիին դէմ ան պատերազմի, իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ան պայքարի, իր հայրենիքը բարգաւաճ դարձնելու համար ան միջոցներ գտնէ եւ ջանքեր թափէ… այս ամէնը՝ իր փոխարէն, որովհետեւ կորսնցուցած է իր ինքնիշխանութեան կարողութեան հաւատքն ու ինքնավստահութիւնը։ Այլ խօսքով. ան կերպարն է այն հայերուն, որոնք պարտուեցան 2020-ին, որոնք լիովին հակառակ են այն հայերուն, որոնք յաղթեցին 1994-ին…։ Որովհետեւ՝ պարտեալները ունէին Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիկ համակարգին վայրի դրամատիրական անհատապաշտ արժեհամակարգը, որ յեղափոխական ու համահայկական ոգի կը պահանջէ։ Իսկ յաղթողները ունէին Բ. Սովետական Հանրապետութեան համակարգին համայնապաշտ, հայրենասիրական ու ժողովրդասիրական արժեհամակարգն ու համահայկական ոգին։


Մեր այս նոյն քրոնիկ հիւանդութիւնը ապաւինողականութեան, պատճառ եղած է որ մենք ընդհանրապէս ձախողինք հաւաքական աշխատանքներու մէջ, կամ՝ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրենք միա՛յն անհատական գետնի վրայ (one man show-ի մէջ)։


Ապաւինողականութիւնը ինքնիշխան ըլլալու նախանձախնդրութեան, –արժանապատւութեան – բացակայութիւնն է։ Ուրիշին ապաւինիլ կը նշանակէ ուրիշին ենթարկուիլ, որ քաղաքավար հոմանիշն է ստրկանալու։


Բոլոր անոնք, որոնք սովետահայ արժեհամակարգը չպաշտպանեցին, եւ Գ. Հանրապետութեան չարիքները ճաշակելով «սովետի օրերուն կարօտախտը ունեցան», դարձեալ ապաւինողական են, որովհետեւ այսպիսիները օրին չգիտցան ու չապրեցան սովետահայ արժեհամակարգը։ Յետագայի այս կարօտը չերթար համակարգին, այլ՝ սովետական պետութեան խաղացած նախախնամական դերին, որուն ապաւինած էին այսպիսիները։ Հետեւաբար, սովետի համակարգին կարօտախտը զիրար մերժող երկու տարբերակներ ունի՝ գիտակիցը եւ ստրկականը։

SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Hai Guiank, Hai Mamul, Verelk, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

Cnel. Niceto Vega 4764 (C1414BED), Ciudad Autónoma de Buenos Aires, Argentina

bottom of page