Արեւմուտքի մէջ փանթուրանական նոր կայսրութիւն ստեղծելու երազը...
ԷՐՏՈՂԱՆ, ՈՒՔՐԱԻՆԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԹԱԹԱՐ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՃԵՄԻԼԵՒ, «ՄԵԺԼԻՍԻ» ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ ՆԱՐԻՄ ՃԵԼԵԱԼՈՎ, «ՆԱԽԱԳԱՀ» ՌՈՒՍՏԱՄ ՄԻՆՆԻԽԱՆՈՎ, ՈՒՔՐԱԻՆԱՅԻ ՀՐԵԱՅ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԼՈՏԻՄԻՐ ԶԵԼԵՆՍԿԻՆ, «ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿ»...

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ – Սիմֆերպոլ – Քիեւ (հեռախօսով)
Աւելի քան 4 դար, արիւնոտ Ճենկիզ Խանի կայսրութեան կառուցողներու որդիներուն ու թոռներու քլանը դաժանօրէն կը կառավարէին Ռուսաստանի մեծ մասը, այսօրուան Ուքրաինան, Լեհաստանի մէկ մասը եւ ռումինական Տանուբի եռանկիւնը (delta): Անոնք սպաննեցին, բռնաբարեցին, թալանեցին, առեւանգեցին, տեղահանեցին միլիոնաւոր քրիստոնեաներու եւ ոչ իսլամ կրօնական այլ ներկայացուցիչներ, որոնցմէ հազարաւորներ յայտնուեցան Խրիմի թաթարներու եւ անոնց գլխաւոր դաշնակից Օսմանեան կայսրութեան ստրուկներու շուկաներուն վրայ, հարեմներու եւ ենիչերու գումարտակներու մէջ: Անոնց դէմ ժողովրդական ապստամբութիւնը, ինչպէս կը ներկայացուէր խորհրդային ժամանակաշրջանի ֆիլմի բեմադրիչ Անտրէյ Թարքովսկիի «Անտրէյ Ռուպլեւ» ֆիլմին մէջ, իսկական դիմագիծն է այսօրուան «անմեղ», «ժողովրդավարական», «հալածեալ» թաթար ծայրայեղ ազգայնական, փանթուրանիզմի առաջնորդներու, ինչպիսին է Ուքրանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Մուսթաֆա Ճեմիլեւը, «Մէժլիսի» պատգամաւոր Նարիմ Ճէլեալովը, «Խրիմեան հարթակի» համաժողովը եւ ծրագրաւորող, Ուքրանիոյ փոխ արտգործնախարար Էմինէ Ճապարովան, որ «յանկարծ» յիշեց, որ ամբողջ Խրիմը իրենց «սուրբ հող»ն է, որ բռնագրաւուած է Ռուսաստանի կողմէ, որուն փառահեղ ռազմական հանճար Միխայիլ Քութուզով 18-րդ դարու վերջաւորութեան պատմական հողերը ազատագրած էր բոլոր մոնկոլական, թաթարական, թրքական, կիպչակի եւ այլ արիւնարբու խանութիւններէն ու սուլթանութիւններէն։ Աւելին, ուքրաինացի ֆաշիստ, նացիստներու համագործակից, ցեղասպանութիւն իրագործող Ստեփան Պանտերայի հետ Վերմախտ գտնուող թաթարական 20,000-նոց բանակը՝ Քաֆու Սէյիտ Ահմետի գլխաւորութեամբ, որուն ծառայութեան մէջ մտած էր պատերազմի հազարաւոր բանտարկեալներ Ազրպէյճանէն, մարդկութեան դէմ սարսափելի յանցագործութիւններ կատարած է Խրիմի եւ նացիստական բռնագրաւուած Ուքրաինայի եւ Ռուսաստանի (Խորհրդային Միութեան) տարածքին։ Քերչի եւ Թաման թերակղզիի վրայ նոյնպէս յարձակած եւ թիկունքէն հարուածած էր զօրավար նահատակ Վասիլեանի գլխաւորած հայկական ջոկատները, որոնք սպաննած են աւելի քան 50,000 խորհրդային հայ զինուորներ։

Զարմանալի չէ, որ բոլոր այդ դաւաճաններն ու անոնց ընտանիքները՝ համագործակիցները, կա՛մ մահապատժի դատապարտուած են, կա՛մ մեկնած են Ուզպեքստան եւ Ալթայ (ուրտէ եկած են 4 դար առաջ որպէս զաւթիչներ, Ժոզէֆ Սթալինի կողմէ 1944-45-46 թթ.: Կորպաչեւի եւ ԽՍՀՄ Գերագոյն խորհուրդի վերջին նախագահ Կրոմիքոյի ժամանակաշրջանին, անոնք մասամբ վերադարձան իրենց «հայրենիք» Խրիմ եւ անմիջապէս սկսան քաղաքական եւ ազգային անվտանգութեան խնդիրներ ստեղծել Ռուսաստանի եւ Ուքրաինայի համար։
Ինչպէս կը նշեն Հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտ պարագլուխները՝ Սալիհ Մուսլիմ եւ Ապտուլ Սալամ Ահմատ, մօտ 1000 տարիէ վեր այս թուրքերն ու թաթարները ներխուժած են այս շրջանները, ուր նոյնիսկ օր մը չէ անցած առանց թալանի, սպանութիւններու, առեւանգումներու, ջարդերու, ցեղասպանութիւններու եւ գայթակղութիւններ յօրինելու, ֆիասքօներ։ Աւելին, նոր ինքնահռչակ սուլթան Էրտողան եւ անոր «երկնային ընտրեալ» օգնականները՝ Ազրպէյճանի Ալիեւը եւ Ուքրաինայի Զելենսկին, ընտրած էին թաթար-թրքական «Հըզպ Ալ-Թահրիր»ը, ՏԱԷՇ-ը, Ալ Քաիտան եւ այլ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ՝ պաշտպանելու, ֆինանսաւորելու եւ զինելու ուղին, մինչդեռ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուն բացայայտօրէն դատապարտեց անոնց (Ռուսաստանին), որոնք կը փորձեն կասեցնել միտումները եւ վերջ տալ Խրիմի մէջ թաթարական նոր խանութիւնը վերակենդանացնելու երազանքներուն։

Մենք զանգահարեցինք Խրիմի ժողովրդական ուժերու հայազգի յայտնի ժեներալ, Խրիմի Հանրապետութեան պետական խորհուրդի պատգամաւոր, Ռուսաստանի հերոս Սամուէլ Մարտոյեանին։ Հայերը այս շատ հարուստ եւ կարեւոր տարածքին վրայ գոյատեւած եւ բարգաւաճած են աւելի քան հազար տարի եւ կենսական դեր խաղցած են 18-19-րդ դարերուն Խրիմի թաթարական Կիփչակի խանութենէն ազատագրելու գործին մէջ եւ ունեցած են աւելի քան 50,000 նահատակ՝ մաքրագործելու համար տարածքը Վերմախտի զաւթիչներէն՝ 1941-1944 թթ.։

- Շատ տարօրինակ է, որ կատակերգակ դերասան՝ Ուքրաինայի «նախագահ»ի աջակցութեամբ, թաթարները, որոնք փոքրամասնութիւն կը կազմեն Խրիմի եւ Ռուսաստանի մէջ, մեզմէ կը պահանջեն, որ ամբողջ հսկայական տարածքը իրենց պատկանի։ Անոնց այնպիսի իրաւունքներ շնորհուած էին, որոնց մասին չէին կրնար երազել իրենց 500 տարուան բռնագրաւուած պատմութեան ընթացքին իրենց պատմական հողերուն վրայ, ուր հայերը արմատներ ունին վերջին 1200 տարիներու ընթացքին: Անամօթաբար, անոնց «մարգարէ առաջնորդ» Ճեմիլեւը եւ անոր խմբաւորումը պատկերասփիւռային եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով բացայայտ յայտարարեցին, որ իրենք միլիոնաւոր տոլարներ կը ստանան Թուրքիայէն՝ իրենց «ջանքեր»ուն համար, այն է՝ Խրիմի մէջ թաթար-թրքական եւս մէկ իշխանութիւն հաստատելու համար։
Ինչ կը վերաբերի որոշ արեւմտեան տէրութիւններու եւ Զելենսկիի սպառնալիքներուն, մենք կրնանք պատասխանել անոնց, որ մենք ի վիճակի ենք պաշտպանուելու նման միջոցներով, նոյնիսկ եթէ անոնք բոլորը յարձակին մեր վրայ որեւէ աւանդական տեսակի կամ զէնքով:
Մեր մայրաքաղաք Սիմֆերոպոլի եւ այլ վայրերու մէջ մօտ 25,000 հայ կ’ապրի, որոնք լիովին կը բարգաւաճին եւ մեր երկրի հաւատարիմ քաղաքացիներն են»։
Վաստակաւոր ուքրաինացի լրագրող Միխայիլ Միշիշինը մեր վաղեմի ընկերն էր 1976 թուականէն, երբ մենք այն ժամանակ ԽՍՀՄ սեղանի թենիսի «Տինամօ» մարզական միութեան ախոյեանութեան կը մասնակէինք՝ Խորհրդային Վրաստանի Պաթումիի մէջ։ Մենք անոր «վերագտանք» Facebook-ով եւ գիտէինք, որ ան այժմ կ’ապրի Քիեւի մէջ՝ Լվովի փոխարէն, ուր ան կ’ապրէր, այդ պատմական քաղաքին մէջ, ուր պատմականօրէն հիւրընկալուած էին նաեւ Լեհաստանի բարգաւաճող հայ գաղութը (այն Լեհաստանի կազմին մէջ էր մինչեւ 1910-1920 թթ.)։ Մեր լրագրողը հեռախօսով ինձ հիւմորով կ’ըսէր, որ ռուսերը կը մեղադրեն ուքրաինացիները, որ իրենք քանդած են Խորհրդային Միութիւնը, ինչպէս ԽՍՀՄ համայնավար կուսակցութեան «ուքրաինական մաֆիան»՝ Պրեժնեւը, Խրուշչովը, Տոպրինինը, Կրոմիքօն, Չեռնենքօն, Կորբաչովը եւ այլ պետական այրեր, դիւանագէտներ, պետական անվտանգութեան ղեկավարներ, քայլ առ քայլ քայքայեցին Ժոզէֆ Սթալինէն եւ անոր ժամանակաշրջանէն ժառանգած խորհրդային հսկայական կայսրութիւնը: Ինչեւէ, պարզապէս կարդալով լրագրող Միխայիլ Միշիշինի վերջին խիզախ յօդուածներէն քանի մը հատը, մենք կրնանք անոր հրապարակած միտքերէն եւ մեկնաբանութիւններէն քանի մը հատը փոխանցել առաջնորդներու հսկայական բանակին:

Նախագահ Զելենսկին, փաստօրէն, բացայայտեց, որ «Մայտան»ը ի սկզբանէ պետական յեղաշրջում պիտի ըլլար:
Ճիշդ է, անոր համար կազմակերպիչներուն անհրաժեշտ էր փոքրիկ պատերազմ Տոնպասի մէջ, արեան գետեր եւ եօթ տարի։ Սակայն այսօր դիակները ջուրի երես դուրս եկած են։
Ռուսաստանի հետ մեր պատերազմը իր ամենախոր էութեամբ եւ յուզիչ պատճառներով Քոլոմովսկիի հրէական պատերազմն է Ահմետովի դէմ։ Ուքրաինայի մէջ այդ յուզիչ եւ սարսափելի պահուն ցուցարարներուն ձերբակալած էին ոստիկանները, Քիեւի կառավարական թաղամասը կը յիշեցնէր մարտի դաշտը, դիպուկահարներ կը քալէին փողոցներով։
Իսկ Փինչուքի, Ֆիրտաշի ու Ահմետով ինքնազսպումի եւ խաղաղութեան կոչ ուղղեցին երկրին։ Ահա այսպիսի իրավիճակներու մէջ է, որ աշխարհը պատերազմի մէջ կ’ըլլայ։
Եւ այդ տեղի ունեցաւ Ուքրաինայի մէջ։ Այս տարօրինակ պատերազմը արեւելքի մէջ մենք կ’անուանենք ռուս-ուքրաինական պատերազմ։
Բայց իր էութեամբ ատիկա պատերազմ է Փրիվաթի եւ SCM-ի (System Capital Management) սեփականատէր օլիկարխ Ռինատ Ահմետովի միջեւ՝ SCM Տոնպասի տարածքին համար։
Ցաւօք, Ուքրաինայի ներկայիս հանրապետութեան կեանքը 1918-20 թուականներէն է մինչեւ այսօր՝ 2022 թուականը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ազրպէյճանի արհեստական հանրապետութեան կեանքի տարիքը։ Լենինի, Սթալինի եւ Խրուշչովի շնորհիւ երկիրը յանկարծ դարձաւ Եւրոպայի երկրորդ ամենամեծ երկիրը՝ Ռուսաստանէն յետոյ (ըստ իր տարածքի) եւ փոխանակ ունկնդրելու խելացի ուքրաինացիներու չէզոք մնալու պահանջներուն՝ անոնք կամայականօրէն ներգրաւուեցան միջազգային հակամարտութիւններու մէջ, որոնք կրնան կործանել երկիրը, պատճառելով հազարաւոր նոր զոհեր։
Comments