Հանդիպումներ՝ Վրաստանի, Հայաստանի, Ռուսիոյ հայ թէ ռուս ռազմական ականաւոր գործիչներուն, զօրավարներուն հետ՝ Մայր Հայրենիքի թէ Արցախի հողին վրայ (1976-2025թթ.)
- Redacción NOR SEVAN
- hace 5 horas
- 5 Min. de lectura
Լրագրող՝ ընկեր Համո Մոսկոֆեան, մեզ կը պատմէ այս ականավոր գործիչների հետ ունեցած իր հանդիպումների մասին։

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ – Երեւան – Մոսկուա (հեռախօսով)
Մարաջախտ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԲԱՂՐԱՄԵԱՆ.
1976 թ. աշնան, Երեւանի Պետական համալսարանի հազարաւոր ուսանողներուն հետ փառաւոր հանդիպում մը կազմակերպուած էր ծագումով Արցախի Չարդախլու գիւղէն՝ փառապանծ զօրավար, Խորհրդային Միութեան ցամաքային զօրքերու նախկին գլխաւոր հրամանատար Յովհաննէս Բաղրամեանին հետ: Փոքր տարիքէս, այդ մեծանուն ռազմական հերոսին, Քէօնիսպըրկը ազատագրողին մասին լսած էի երգեր ու բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ ամենէն յատկանշականը, զոր կ’երգէր հանգուցեալ մայրս, 1945-47 տարիներու ներգաղթի յուսատու օրերէն ժառանգուած երգ մըն էր, ուր կ’ըսուէր, թէ Բաղրամեան Հիթլէրին գլուխը կտրեց եւ նուէր ըրաւ Սթալինին…: Իսկ եգիպտահայ աշխարհահռչակ երգիծանկարիչ Ալեքսանդր Սարուխանի «Cette Guerre» (Այս պատերազմը) ալպոմին մէջ պատկերուած էին կայսր Վիլհելմ Բ. եւ Հիթլէր, ուր վերջինս փախչելով իր ետեւը ինկած, սուինը պարզած զօրավար Բաղրամեանէն, կը կոչէր՝ «Ըսիր որ մէկ հայ պիտի ձգես թանգարանին մէջ ցուցադրելու համար, հապա այս զիս հալածող անձը ո՞վ է…»:
Շատ յուզուած էր ալեհեր, մետալներու տարբերանշանները կուրծքին հպարտօրէն կրող հերոս զօրավար Յովհաննէս Բաղրամեան, խօսք առնելով ողջունեց բոլոր ուսանող-ուսանողուհիները, խորհուրդ տալով շատ լաւ ուսանիլ, դառնալ տաղանդաւոր մասնագէտներ, ծառայելով հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդի բարգաւաճման: Առիթ տրուեցաւ նաեւ, որպէս սփիւռքահայ ուսանողի, մօտենալ իրեն եւ յայտնել, թէ Պէյրութի մէջ իր անունով հայկական ակումբ եւ ֆութպոլի խումբ ալ եղած է, որուն անդամներէն շատեր ներգաղթեցին Հայաստան եւ մասնակից եղան Բ. Աշխարհամարտէն հիւծած Խորհրդային Հայաստանի վերակառուցման: Մարաջախտը ժպտաց եւ ըսաւ որ ինք վաղո՜ւց լուր ունէր այդ նշանաւոր ակումբի գոյութեան մասին եւ առաջարկեց Մոսկուա այցելութեան, անպայման այցելել իրեն…: Անշուշտ չըսի, թէ «Բագրամեան» անունով գոյութիւն ունեցող ակումբի ֆութպոլի խումբի անդամներէն ոմանք դարձան Երեւանի «Սպարտակ»ի եւ ապա «Արարատ»ի աստղեր ու ղեկավարներ, սակայն ակումբը փակուեցաւ թուրք յառաջդիմական ականաւոր գործիչին՝ Նազըմ Հիքմէթի կողմէ ակումբի կեդրոնատեղի այցելութենէն ետք, «շնորհիւ» հայանուն մատնիչներու քսութեան:
Յիշեցնենք, որ Մարաջախտ Բաղրամեան ամէն տարի կ’այցելէր Հայաստան եւ յաճախ իր ծննդավայրը՝ Չարդախլու: Իր գոյութիւնը սարսափ կը պատճառէր Ազրպէյճանի ղեկավարներուն՝ Համազասպ Բաբաջանեանի ահաւոր ներկայութենէն ետք, որ 1956 թ. հրասայլերով գրաւեց Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտը, «գահընկէց» ընելով Իմրէ Նոկը:
Ջաւախահայ Զօրավար ԳՈՒՐԳԷՆ ՏԱԼԻՊԱԼԹԵԱՆ (Տալիպալթայեան), որ հերոսացաւ 1992 թ. Շուշիի եւ Քելբաջար (Քարվաճառ) ազատագրական մարտերուն, ապա դարձաւ ՀՀ նախագահի ռազմական խորհրդական (1926-2015 թթ.).

Յաւերժութիւն մեկնելէն քանի մը տարի առաջ, Ջաւախքի Հայրենակցական Միութիւնը Երեւանի «Կինօ Մոսկուա»ի մէջ իր պատուին փառաւոր երեկոյ մը կազմակերպած էր: Հանդիսութեան աւարտին, մօտենալով իրեն, յայտնեցի թէ սփիւռքահայ լրագրող եմ: «Ե՛ս ալ սփիւռքահայ եմ» ժպտալով ըսաւ 1947-էն զինուորական ասպարէզին մէջ սխրանքներ իրագործած վրացահայ զօրավարը: Կը պատմեն, թէ Գանձակ-Կիրովապատէն գալով, նստած է հրասայլի մը վրայ, կոչելով՝ «Ե՛ս պիտի ղեկավարեմ Արցախեան հերոսամարտը»: Արդարեւ, ի՛նք, զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանց (Վլադիկավկազէն) եւ Արկադի Տէր Թադեւոսեան (Թիֆլիսէն) կարողացան շրջապատել եւ իրագործել «Հարսանիք Լեռներում» հանճարեղ ռազմական գործողութիւնը, ազատագրելով հայկական դարաւոր բերդաքաղաք Շուշին:
Մեր բարեկամութիւնը զօրավար Գուրգէն Տալիպալթեանին հետ շարունակուեցաւ 1999 թ. Սեպտեմբեր 21-ի պատմական մեծագոյն զօրահանդէսին, ապա «Տէրեանական օրեր»ուն առթիւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան պատուիրակութեան Ջաւախք այցելութեան ընթացքին, երբ ինքնաշարժներու շարասիւնը գլխաւորած զօրավարին ռազմական ողջոյններով դիմաւորեցին վրացի սահմանապահները, զինք պատիւներով առաջնորդելով Առաքեալ (Առագիւլ) գիւղը…:
Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ժամանակ, որպէս ռազմական խորհրդական դարձած ալեհեր, բայց միշտ աշխոյժ զօրավարը գրկաբաց կ՚ընդունէր ամէն անգամ երբ որեւէ դիմումի համար կը խնդրէինք իր ազդու միջամտութիւնը: Երբ պէտք է այցելութեամբ մեկնէի Ամերիկա, ան կէս-կատակ ու դժգոհ գոչեց. «Մոկոֆեա՜ն, դուն պէտք է Մոկոֆի երկիրը երթաս, ո՛չ թէ Ամերիկա…»:
Քաջ գիտակցելով, որ «Հայաստանցի» որոշ «պատմաբաններ» կը փորձէին իր ռազմական մեծ նպաստը նսեմացնել յաճախ, մեր վերջին հանդիպումը պատահմամբ տեղի ունեցաւ 2007 թ.ին, «Յաղթանակի զբօսայգի»ին մէջ, ուր քալելու մարզանքով զբաղած էր: Այդ օրերուն, ի վերջոյ յիշած էին նաեւ իր անունը՝ որպէս Շուշիի ազատագրութեան յաղթական մարտերուն հրամանատարներէն մէկը…: «Լա՛ւ է որ զիս չեն մոռցած այս անգամ», դառն ժպիտով յայտնեց այդ մեծ հայը, զօրավարը, հայրենիքի նուիրեալը:
2015 թ.ին, 89 տարեկանին մեկնեցաւ այս աշխարհէն, թէ ոչ՝ քոմանտոս Արկադի Տէր Թադեւոսեանի նման յանկարծամահ կ’ըլլար 2020 թ. խայտառակ պատերազմին եւ Շուշիի դաւաճանական յանձնումէն:
Զօրավար ՆՈՐԱՏ ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆՑ – Խորհրդային ցամաքային զօրքերու փոխ-հրամանատար, գլխաւոր կեդրոնի, Աֆղանիստանի պատերազմին 40-րդ բանակի հրամանատարութենէն ետք (1955-1991 ծառայութեան տարիներ Խորհրդային բանակին մէջ), ապա 1992-1995 թթ. ՀՀ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հրաւէրով կը կազմակերպէ հայկական բանակը, դառնալով Պաշտպանութեան նախարար եւ փոխ-նախարար, ազատագրելով Շուշին եւ ամբողջական Արցախը: Ապա կը վերադառնայ Մոսկուա, ղեկավար դերեր ստանձնելով Ռուսաստանի Հայերու Միութեան եւ Արեւմտահայերու Ազգային Գոնկրէսին մէջ:

Ծնած է Կովկասի դարպաս՝ Վլադիկավկազի մէջ, միշտ իր հայութեամբ պարծեցող, փայլուն հայախօս եւ հայրենասէր զօրավար Նորատ (Տարօն) Տէր Գրիգորեանցի հետ կը ծանօթանանք 2015 թ.՝ Արեւմտահայերու Ազգային Գոնկրէսի աշխատանքներուն եւ խորհրդաժողովներուն ընթացքին՝ Մոսկուայի թէ Փարիզի, Երեւանի թէ Պէյրութի մէջ: Միշտ համեստ, անկաշառ նուիրեալ հայրենիքին, որուն առաջին կանչով իսկ կը մեկնի այնտեղ, կազմակերպելով Հայկական Բանակը եւ իր իսկ նկարագրութեամբ, «լայն ճակատով» կ’անցնին յարձակման՝ Արցախի տարածքէն դուրս շպրտելով Ազրպէյճանն ու անոր ցեղասպան զօրքերը: Դժբախտաբար, իր դէմ անշնորհակալ վերաբերմունքին պատճառով կը լքէ ՀՀ Պաշտպանութեան բանակին շարքերը, վերադառնալով Մոսկուա, ուր աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ 2 միլիոն հաշուող հայ գաղթօճախի աշխատանքներուն, Ռուսաստանի Հայերու Միութենէն մինչեւ Արեւմտահայերու Գոնկրէս, իսլամացուած համշէնահայերու եւ մանաւանդ խիզախ ելոյթներ ունենալով ազերի բռնակալ պետութեան ոճիրներուն դէմ՝ Արցախի թէ Հայաստանի տարածքին:
Բազմիցս եղած է Պէյրութ, ուր օգտակար դարձած ենք իրեն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ կարեւոր հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ հայ քաղաքական եւ ազգային դէմքերու, մամուլի կեդրոններ այցելութեան աշխատանքներուն մէջ: Հզօր կաղնի մը, որուն ներկայութիւնը յարգանք կը պարտադրէ բոլորին:
Զօրավար ՓԱՒԵԼ ԿՐԱՉՈՎ – Ռուսիոյ Պաշտպանութեան հանգուցեալ նախարար (1948-2012 թթ.), Խ. Միութեան հերոսի տիտղոսին արժանացած: ՀՀ Պաշտպանութեան բանակին շուրջ մէկ միլիառ տոլարի զէնք ու հզօր հրթիռային համակարգ տրամադրած հայասէր ռուս ռազմական ղեկավար, նախագահ Պորիս Ելցինի հրամանով, ՀՀ Պաշտպանութեան նահատակուած նախարար Վազգէն Սարգսեանի հետ ջերմ համագործակցութեամբ:

1999 թ. Սեպտեմբեր 21-ը իրաւամբ կարելի է համարել Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան փառքի գագաթնակէտ: Անկախութեան զօրահանդէսը եզրափակեց նաեւ Սփիւռք-Հայաստան հրաշալի համագումարը, աւելի քան 3000 հայորդիներու մասնակցութեամբ, որոնք ժամանած էին երկրագունդի չորս ծագերէն: Ահա հրապարակ կ’իջնեն հայոց արիասիրտ բանակին միաւորները, հրասայլեր, զրահապատ գեր-արդիական կառքեր, հակա-օդային եւ հարուածային, ցամաքամասային հրթիռներու անվերջանալի շարան: Պատուանդանին վրայ հպարտօրէն կանգնած էր ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեան, ՀՀ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Տէմիրճեան, որ ամիս մը ետք պիտի նահատակուէր հայ ճիւաղ Նայիրի Յունանեանի եւ իր ոճրագործ խմբակի գնդակներէն՝ Ազգային Ժողովին մէջ, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանի հետ…:
Սակայն, օտարերկրեայ դիւանագէտներն ու ռազմական կցորդները շշմած ու զարհուրած էին հայոց վերազինեալ բանակին հզօրութեան այս աննախընթաց ցուցադրութենէն, որուն մասին Վազգէն Սարգսեան պիտի յայտարարէր թէ ամէնէն ուժեղն է տարածաշրջանին մէջ, շառաչուն ապտակ մը ուղարկելով թուքը կուլ տուած Պաքուի թշնամիներուն:
Մինչ այդ, պատիւը ունեցանք սեղմելու ռուս հայասէր զօրավար Փաւել Կրաչովի ձեռքը, հիանալով անոր աժդահայ կազմուածքին եւ կամքին, աւելի քան մէկ միլիառ տոլարի հասնող, այդ օրերուն ամենէն արդիական ռազմավարական զէնքերը փոխանցելու բարեկամ եւ դաշնակից Հայաստանին: Հակառակ որ այդ օրերուն Ռուսիա մխրճուած էր Չէչէնիոյ պատերազմին մէջ, ներքին ռազմական յեղաշրջումներու եւ Դրանսնիստրիայի թնճուկին մէջ, որոնցմէ ի վերջոյ յաղթական դուրս եկաւ, նախագահ Փութինի օրով, շնորհիւ իրեն փոխանցուած գերագոյն իշխանութեան՝ ֆիզիքապէս հիւանդ Պորիս Ելցինի կողմէ:
Մէկ խօսքով, երբ հաւատարիմ էինք Ռուսիոյ հետ մեր դարաւոր բարեկամութեան ու Երեւանի փողոցներուն մէջ թէ Գիւմրիի 102-րդ ռուսական խարիսխին առջեւ խրտուիլակներ չէին փորձեր սասանել հայ-ռուսական ռազմական դաշնակցութիւնը, յաղթանակը միշտ մեր կողմն էր:
Զօրավար ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԼԵՊԵՏ (1950-2002թ.) – Սովետական Միութեան եւ Ռուսիոյ բանակի ականաւոր հայասէր զօրավար, որ փրկելով Պաքուի հայերը 1990-ականներու թուրք-ազերի կոտորածներէն, եղած է միակը, որ 1998 թ. Արցախեան շարժման 10-ամեակի տօնակատարութիւններուն այցելեց Ստեփանակերտ եւ մեր իսկ ներկայութեամբ յայտարարեց իր որոտընդոստ ձայնով. «Լեռնային Ղարաբաղը երբե՛ք Ազրպէյճանի մաս չէ կազմած՝ այլ Խ. Միութեան…»:

Բոլորս խորապէս տպաւորուած էինք այս յաղթանդամ, շէնքերու ապակիները դղրդացնող ահարկու ձայնով ու տեսքով, աղաւնիի նման բարի սիրտ ունեցող փառապանծ զօրավար Ալեքսանդր Լեպետով: Իր «Ցաւ՝ Վասն Պետութեան» գիրքը, որ կը պատմէ Պաքուի հայերուն եւ Խ. Միութեան իշխանութեան դէմ կազմակերպուած կոտորածները, ալան-թալանն ու ցեղապաշտական յայտարարութիւնները, որոնք կը զսպուին Ալեքսանդր Լեպետի կողմէ: Վերջինս Հայաստան ժամանած էր ռուսահայ յայտնի գործարար Արկադի Վարդանեանին հետ, որ նաեւ այդ պատմական յուշագրութեան թարգմանիչն ու տպագրիչն էր:
Ստեփանակերտի Լ.Ղ.Հ. Ազգային Ժողովի մուտքին, Հայաստանէն եւ Ռուսիայէն ժամանած ղեկավարներուն եւ հիւրերուն առջեւ, Զօրավար Ալեքսանդր Լեպետ բարձրաձայն հաստատեց, թէ «Լեռնային Ղարաբաղը երբե՛ք Ազրպէյճանի մաս չէ կազմած՝ այլ Խորհրդային Միութեան…»: Ռուսիոյ նախագահական այդ ժամանակուան ընտրութիւններուն 3-րդ պատուաւոր տեղը գրաւած եւ իր ձայներով նախագահ Պորիս Ելցինը նախագահ բերած այս հայասէր զօրավարը, դժբախտաբար մութ պայմաններու մէջ նահատակուեցաւ, ուղղաթիռի ջախջախման պատճառով, երբ Կրասնոեարսքի հսկայական նահանգի կառավարիչն էր 2002-ին…













Comentarios