Մաս առաջին. Խաւարէն դէպի լոյս
- Redacción NOR SEVAN
- 27 oct
- 4 Min. de lectura
Թէ ինչպէս ռազմական բանտին մէջ դիմաւորեցինք Հայաստանի Գ․ Հանրապետութեան ծնունդը՝ ապա էջք կատարեցինք մթութեան մէջ թաղուած «Զուարթնոց» Օդակայանը (1991-2004ԹԹ.)

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ-Երեւան-Սոֆիա-Մոսկուա հեռախօսով
Սուրիոյ թէ Արաբական աշխարհի ռազմաքաղաքական ականաւոր դէմքերը արգելափակող Դամասկոսի «Մեզզէ» բլուրին վրայ գտնուող կալանավայրին մէջ նաեւ անցուցինք մեր երիտասարդութեան «ծաղիկ» 10 տարիները…: Սակայն այդ բոլորը կարծէք թէ հրաշքով մոռացութեան մատնուեցան, երբ 25 Ապրիլ 1992 թուականի առաւօտեան, իրաքցի թիւրքմէն գեղանկարիչ, համայնավար քաղաքական բանտարկեալ Ապպաս, «Թըշրին» սուրիական (արտօնեան) թերթը ձեռքին գոռաց. «Ձեր “Յուլիոս Կեսար” Հայաստանի նախագահը արդէն Դամասկոսի մէջ է…»: Իսկապէս ալ, թերթին շապիկին վրայ պատկերուած էին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, արտաքին գործոց նախարար Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, թիկնապահներ, ու ՀԱՅԱՍՏԱՆ սպիտակ տառերով դրոշմուած «Թու-134» օդանաւի սանդխամատին դիմաւորող Սուրիոյ հանգուցեալ նախագահ Հաֆէզ Ալ-Ասատ…: Վերջինս, 1980 թ.ին Խորհրդային Միութիւն իր այցելութեան առաջին հանգրուանին չէր մոռցած պատուել իր բիւրաւոր քաղաքացիներու պայծառ հայրենիք՝ Խորհրդային Հայաստանը: Այժմ, պատմական ի՞նչ հրաշքով, որպէս “պատասխան” Եփրատի ջուրերուն հարցով թրքական ստոր ոտնձգութիւններուն, բազմահազարամեայ Դամասկոս կ’այցելէր Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան առաջին նախագահը, Հալէպէն հայրենադարձ, համայնավար Յակոբ Տէր-Պետրոսեանի որդին, որ փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ Սուրիոյ պետութեան եւ իր «Ոսկեդար»ը ապրող սուրիահայութեան կողմէ:
Մի քանի ամիս անց, արդէն ազատութեան մէջ էինք եւ 14-ամեայ բացակայութենէ ետք, վերադարձանք Պէյրութի հայրական տուն, ծերացած ծնողներուս մօտ, որոնց պատմած էին թէ գերեզմանս տեսած էին…: Մի քանի օր ետք, դարձեալ մեր տան մէջ հիւրընկալեցինք աշխատանքային, դասախօսական այցով Պէյրութ գործուղղուած Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթեթի դասախօս-ղեկավարս՝ Պետրոս Յովհաննիսեանը (այժմ վաղամեռիկ): Ան խոստացաւ, որ դոկտոր-փրոֆեսոր, պատմագիր Լենդրուշ Խուրշուդեանին միջնորդութեամբ վերականգնել զիս որպէս «հեռակայ» ուսանող համալսարանին մէջ, ուրկէ բռնի հեռացուած էի 1977 թուականին, բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզ այցելութեան համար, որ կարծես թէ մահացու մեղք համարուած էր Խորհրդային Ազգային Անվտանգութեան գործակալիկներուն կողմէ, որոնք այն օրերուն կը վխտային համալսարանին մէջ: Մինչ մեր դասարանին ուսանողներէն էր Լ.Ղ. Հանրապետութեան առաջին նախագահ Արթիւր Մկրտչեանը, որ «մութ» պայմաններու մէջ սպաննուած գտնուեցաւ իր իսկ գրասենեակին մէջ, Ստեփանակերտ: Բազմիցս այցելեցինք անոր շիրիմը՝ հերոս նահատակներու յուշակոթողին մօտ, չիմանալով թէ ի՞նչ եղաւ այդ մեծագոյն հերոսին տապանաքարը, վերջերս Մայր Հայրենիքի դաւաճան ղեկավարութեան կողմէ լկտիաբար ազերի-թուրքերու շնորհուած Արցախեան ազատատենչ լեռնաշխարհը:

1993 թ.ի Սեպտեմբերին, քանի որ «ուղիղ» թռիչք գրեթէ չկար “Պէյրութէն Երեւան, ստիպուած եղանք Սոֆիայի եւ Մոսկուայի վրայով օդ բարձրանալ «Տօմօտետօւօ» օդակայանէն դէպի Երեւան…: Գրեթէ լրիւ հարբած օդաչուն, ծայրէ ծայր լեցուն «Աէրօֆլօթ – Թու 184» օդանաւը, առանց բաժակ մը ջուր իսկ հիւրասիրելու, 3 ժամուան ահաւոր թռիչքէ մը ետք էջք կատարեց խոր մթութեան մէջ թաղուած քաղաքամայր Երեւանի երբեմնի լուսաշող «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանը, որ կառուցուած էր 1980 թ. Մոսկուայի ողիմպիական խաղերուն համար, Փարիզի «Շառլ Տը Կոլ» օդակայանի նմանակով:
Մեզի կը դիմաւորէ Հայաստանի սեղանի թենիսի լաւագոյն աստղերէն Էդիկ Զաքարեան, որ Լիթուանիայէն վերադարձած էր Հայաստան, ամուսնացած, եւ կը փորձէր օրուան մէջ միայն ժամ մը ելեկտրականութեան լոյսին ու ջերմութեան տակ ախոյեան-ախոյեանուհիներու նոր սերունդ մը պատրաստել՝ Կոմիտասի մարզական դպրոցին մէջ, ուր նուազ 10 սանթիկրէյտ սառնութիւն կը տիրէր: Արդարեւ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի վարչակարգը անմտաբար «յարգելով» մեծ տէրութիւններու տուած իր խոստումը՝ փակած եւ կողոպտել տուած էր Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը, յարաբերութիւններն ալ Ռուսիոյ հետ սկզբնական շրջանին խաթարելով եւ միայն Թիւրքմէնստանէն եկած կազատարի միջոցով (որ յաճախ կը պայթեցուէր), կը փորձէր պահպանել բնակչութիւնը: Հակառակ որ շուրջ 1,5 միլիոն հայեր փախուստ տուին երկրէն, սակայն կարելի եղաւ նմանը չտեսնուած հերոսներու անձնուէր ջանքերով, յաճախ անհաւասար ուժային յարաբերակցութեան մէջ՝ յաղթել 7 անգամ աւելի հզօր Ազրպէյճանին՝ ազատագրելով Լեռնային Արցախը, Շուշին, Ստեփանակերտը, միաժամանակ դանդաղօրէն կարգաւորելով ելեկտրականութեան տագնապը, վերստին աշխատանքի լծելով հիւլէակայանը եւ ջրաելեկտրակայանները՝ Ռուսիոյ թէ Եւրոպայի հայասէր գործիչներու օգնութեամբ:
Այդ օրերուն է նաեւ որ Հայաստանը փոխեց իր դրամանիշը, նախկին հին ռուբլիի փոխարէն շուկայ իջեցնելով հայկական «Դրամ»ը, տոլարի հանդէպ 1/3 յարաբերակցութեամբ…: Հակառակ ստեղծուած խառնաշփոթին, Հայաստանի մէջ կեանքը այդ օրերուն շատ աժան էր, տուներու վարձքերը մատչելի, նոյնպէս հեռախօսի թէ ելեկտրականութեան ծախսերը, մանաւանդ որ ժողովուրդը (նաեւ մենք) կը ջեռուցուէր ռուսական «կերասինքա»ներով եւ պարսկական «Ալատտին» վառարաններով, որոնք քարիւղով կը բանէին եւ 5 տոլարով կը վաճառուէին…: Սակայն պետական խնայողական դրամատուներուն մէջ, խորհրդային ժամանակներէն պահ դրուած ներդրողներու հսկայական գումարները «շոգիացան», հին ռուբլի-նոր դրամ փոխանակման խայտառակ գործարքներով: Այս երեւոյթը, որ տարածուած էր Խորհրդային Միութեան նախկին բոլոր հանրապետութիւններուն եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ, պատճառ դարձաւ որ «օլիկարխ»ներու վտանգաւոր դասակարգ մը միլիոնատէրներ եւ միլիառատէրներ ծնանի, նորանոր պատերազմներ եւ արիւնահեղութիւններ հրահրուին, որոնց զոհերը գլխաւորաբար չքաւոր դասակարգին անդամներն էին:

Մինչ այդ, Հայաստանի Գ. Անկախ հանրապետութիւնը կ’ունենար իր դեսպանները աշխարհի շատ երկիրներու մէջ: Լիբանանի մէջ հանդիպեցանք դարձեալ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան վաղամեռիկ Երուանդ Մելքոնեանին հետ, Սոֆիայի մէջ ծանօթանալով նոյնպէս հանգուցեալ, նշանաւոր պուլկարահայ գրող, մտաւորական, դիւանագիտուհի Սեւտա Սեւանին: Դեսպան Երուանդ Մելքոնեան մեծ դեր խաղաց Հ.Հ. դեսպանութեան ստեղծման եւ ամրապնդման, «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործունէութեան աշխուժացման, յանուն Արցախի ու Երեւան-Շուշի-Ստեփանակերտ մայրուղիի կառուցման եւ 1996-97 թուականներու վերջին օրերուն, իր հետ եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանութեան հաւատարմատար Սաատ Զախիայի հետ մեկնեցանք Պէյրութ, ինքն ալ շարունակելով թռիչքը դէպի ԱՄՆ, իր նորածին «Երուանդիկ» թոռան հանդիպելու: Պայմանաւորուեցանք Յունուար 6-ին հանդիպիլ Երեւանի Բժշկական համալսարանի շէնքին առջեւ, առաւօտեան ժամը 11-ին:
Երեւան վերադառնալէ ետք, գացինք ժամադրութեան վայրը եւ ժամ մը սպասելէ ետք, հանդիպակաց թերթերու կրպակէն «Ազգ»ի այդ օրուան համարը գնեցինք: Առաջին էջին վրայ ահաւոր լուր մը տպագրուած էր. «Այսպէս մահացաւ Լիբանանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Երուանդ Մելքոնեան… յանկարծամահ ԱՄՆ-ի մէջ»:
Ապա, իր յուղարկաւորութիւնը Հ.Հ. Գիտութիւններու Ակադեմիայի դահլիճին մէջ, որուն ներկայ էր նաեւ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, որուն մօտենալով ցաւակցութիւնս յայտնեցի, մանաւանդ որ 1996 թ. Շախմատի երեւանեան համաշխարհային ողիմպիականէն յետոյ, երկրորդ անգամ կը հանդիպէի իրեն, յիշեցնելով որ իր այցելութիւնը Սուրիա՝ 1992թ. պատճառ դարձած էր նաեւ դէպի ազատութիւն դուրս գալուս…:
Այս դէպքերէն շատ չանցած, 1996թ. նախագահական ընտրութիւններուն պատճառով, Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ահաւոր բախումները պատճառ դարձած էին որ Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Սարգսեան զօրք մտցնէ, յայտարարելով արտակարգ իրավիճակ, ձերբակալութիւններ եւ քաոս՝ գլխաւոր թեկնածու, «Ղարաբաղ» շարժման նախկին անդամ Վազգէն Մանուկեանի դէմ, որ նաեւ Հ.Հ. նախարարական մի քանի պաշտօններ վարած էր: Յետոյ, նոյնինքն Վազգէն Սարգսեանի, Սերժ Սարգսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի ճնշման տակ՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կը ներկայացնէր իր հրաժարականը, Ազրպէյճանի հետ հաշտութեան իր ծրագրի ձախողութենէն ետք:
1998թ., Պետական Օփերայի եւ Պալէի դահլիճին մէջ, Երեւան, ներկայ եղանք Լ.Ղ.Հ. նախկին նախագահ (1992-1994), Հ.Հ. նախկին վարչապետ (1994-1997) եւ Հ.Հ. նախագահ (1998-2008) Ռոպերթ Քոչարեանի օծման արարողակարգին եւ պետական հիւրասիրութեան, որուն ներկայ եղաւ նաեւ հրաժարեալ նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան…: Երդման արարողութենէն ետք խօսք առնելով, նախկին սաղէմահայ, ապա Խորհրդային Միութեան հռչակաւոր խմբավար Օհան Տուրեան մաղթեց, որ Ռոպերթ Քոչարեանի օրօք Հայաստան կը միաւորուի Արցախին հետ…:

















Comentarios