top of page

«Թրքազգի պետութիւններու կազմակերպութիւն»

Անգարայի ծրագիրը տարածաշրջանի տիրապետութեան եւ զէնքերու շուկայի տարածման եւ ընդլայնման:

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


2009 թուականի Հոկտեմբերին, Անգարայի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ «Թրքական Խորհուրդ»ի ստեղծումը։ Այն կ’ընդգրկէ Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Ղազախստանը, Կիրգիզիան, Իւզպեքիստանը, եւ Հունգարիան՝ որպէս դիտորդ։


Տարիներ յետոյ, «Թրքական Խորհուրդ»ի 8-րդ նստաշրջանի ընթացքին, այն ժամանակ յայտնի դարձած որպէս «Սթամպուլի գագաթնաժողով»՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայյիփ Էրտողան՝ իր բացման ճառին մէջ յայտարարեց որ փոխուած է «Թրքական Խորհուրդ» յորջորջումը՝ որ կ’ընդգրկէր թրքալեզու պետութիւններ։ Այն իր նոր անունով կը կոչուի «Թրքազգի Պետութիւններու Կազմակերպութիւն»։ Ապա, իր բացման ճառին ընդմէջէն, այն ժամանակ, որեւէ դիտորդ կարելի էր եզրակացնել՝ արտայայտուած հատուածներէն, թէ ի՞նչ է «Թրքազգի Պետութիւններու Կազմակերպութեան» ծրագիրը, որուն մասին կը մտածէ Էրտողան։


Առաջին. Էրտողան կ’ըսէ, թէ «Թրքազգի Պետութիւններու Կազմակերպութիւն»ը ճամբայ պիտի բանայ այս համախմբուած պետութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման՝ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներու մէջ։


Երկրորդ. Էրտողան Սթամպուլի գագաթնաժողովը կը համարէ նոր կազմակերպութեան ծնունդի սկիզբ։ Անոր անդամները, մասնակիցները, որոնց կը նշէ՝ թէ կը համարէ «Մեր ընտանիքի խորհուրդ»ի մասնակից՝ որոնք հետեւեալ որոշումները կայացուցին.


Փոխել «Թրքական Խորհուրդ»ին անունը, որպէս «Թրքազգի Պետութիւններու Կազմակերպութիւն» եւ «կազմակերպութիւն» յորջորջումը կը նշանակէ թէ մօտեցած են յայտարարելու տարածաշրջանային դաշինք մը, որ հիմնուած է թրքական ցեղապաշտութեան գերակայութեան հիմքին վրայ…։


Այս իմաստով՝ Էրտողան յառաջ կը քաշէ ռազմավարական նոր վերադիր մը, իր «Թրքազգի Պետութիւններու» ծրագրին համար, որն է՝ «թրքական յաղթանակ» շատ մը տարածաշրջաններու մէջ, մանաւանդ Կովկասի, արաբական արեւմուտքի, ափրիկեան ծովափի՝ Լիպիայէն սկսեալ։


Ռազմավարական տեսակէտով՝ Անգարային համար «Թրքազգի Պետութիւններու Կազմակերպութիւն»ը կը համարուի «Թրքական ղեկավարութիւն» ծրագիրին հիմնադրումը, որ կը սատարէ Անգարայի դերը միջազգային եւ տարածաշրջանի հարցերուն մէջ։ Նաեւ Էրտողանին առիթ կ’ընծայէ իսլամական աշխարհին ղեկավարութիւնը ձեռք անցնելու, այն ալ թրքական առեւտրական, քաղաքական, ռազմական ներթափանցմամբ՝ թրքական հին աշխարհի պետութիւններուն մէջ։ Մանաւանդ որ այս բնագաւառին ռազմական համագործակցութիւնը Անգարայի հետ պիտի իրականացնէ թրքական արտադրութեան զէնքերու շուկային ընդլայնումը։


Միաժամանակ՝ թուրքերը վերոյիշեալ կազմակերպութեան միջոցով որոշած են օգտագործել թրքալեզու պետութիւններու մարդկային «պաշար»ները, իրենց ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, որոնք կը մղէ արտերկրի մէջ, նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Արեւելքի տարածքներուն վրայ։


Ուրեմն՝ կարելի է եզրակացնել, որ Թուրքիա պիտի փորձէ կրկնելու այն, ինչ որ ըրաւ Ազրպէյճանի հետ, Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին, այս անգամ Կիրքիզիստանի հետ, որ անդամ է «Թրքազգի Պետութիւններու Կազմակերպութեան»՝ ռազմական կուտակումներով, իր սահմանային հարցերը լուծելու համար Տաճիկստանի հետ։


Մէկ խօսքով, ըստ Էրտողանի բացման վերոյիշեալ ճառին յայտարարութեան՝ Էրտողան կը յայտտնէ թէ «Թուրքիստանի տարածաշրջանը» դարձեալ պիտի դառնայ մարդկութիւնը լուսաւորելու կեդրոններէն մէկը…


Այս կազմակերպութիւնը որդեգրեց «Թրքական Աշխարհի Տեսիլք 2040» փաստաթուղթը, որ պիտի ծրագրէ ապագայ զարգացումը թրքազգի պետութիւններուն։ Մանաւանդ որ Էրտողան Թիւրքմենստանի մասնակցութիւնը Սթամպուլի գագաթնաժողովին որպէս դիտորդ՝ համարեց «պատմական»։

Ամենէն վտանգաւոր արտայայտութիւնը, որ Թուրքիոյ նախագահը արտասանեց՝ համարելով որ Ազրպէյճանի յաղթանակը Հայաստանի դէմ Ղարաբաղի մէջ… նուաճում է եւ թրքական աշխարհը պէտք է հպարտանայ այս նուաճումով…։ Աւելցնելով որ այս ազերիական նուաճումը խաղաղութեան եւ կայունութեան, համագործակցութեան դռները պիտի բանայ Կովկասի մէջ։


Այսպիսով՝ Թուրքիա թրքական աշխարհի ղեկավարի իր դերը քարոզչութեան առարկայ կը դարձնէ, որպէս օրինակ ներկայացնելով Ազրպէյճանի նախայարձակումը Հայաստանի վրայ եւ անոր գործած ահաւոր ոճիրները՝ հրաւիրելով թրքազգի պետութիւնները՝ որ համագործակցին իր հետ, ճիւաղային նոր ծրագիրներու իրագործման համար…։ Այսինքն՝ ենթարկուելով Անգարային՝ ստանալու անհրաժեշտ ռազմական նեցուկը, որպէս հլու-հպատակ Էրտողանեան նորելուկ խալիֆայութեան։


Թրքական ազգայնականութեան ցեղասպանութիւնները, կոտորածները հայերուն, ասորիներուն, յոյներուն եւ քիւրտերուն դէմ իրենց սեւ պատմութեան անբաժանելի մասն է։ Թրքական ազգայնամոլութեան տարածումը կեդրոնական Ասիոյ մէջ, Էրտողանեան տարբերակով, նոր դուռ պիտի բանայ պատերազմներու եւ արհաւիրքներու։

SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Hai Guiank, Hai Mamul, Verelk, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

Cnel. Niceto Vega 4764 (C1414BED), Ciudad Autónoma de Buenos Aires, Argentina

bottom of page