top of page

Ամբողջ կեանք մը ազատատենչ արցախեան լեռնաշխարհի լուսաւոր անցեալին եւ այսօրուան ողբերգութեան մէջ (1977-2025 թթ.)

  • 10 sept 2025
  • 4 Min. de lectura

Լրագրող և ժողովրդական գործիչ, ընկեր Համո Մոսկոֆյանը մեզ պատմում է իր կյանքի և Արցախի պաշտպանությանն ու ազատագրմանը մասնակցածների հետ ունեցած իր հարաբերությունների մասին։



Համօ Մոսկոֆեան – Պէյրութ


ՊԱՐԳԵՒ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ –Արցախի թեմի հոգեւոր առաջնորդ, Արցախի Հանրապետութեան սիւներէն)–. «Երբ միաբան էինք, տարինք անհաւատալի յաղթանակներ…»:


Ռուս հանգուցեալ Զօրավար ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԼԵՊԵՏ –1998 թ. Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն–. «Լեռնային Ղարաբաղը երբե՛ք Ազրպէյճանի մաս չէ կազմած, այլ Խորհրդային Միութեան…»:


ՎԼԱՏԻԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ –Լ.Ղ. Հանրապետութեան Գերագոյն Սովետի քարտուղար, պատմաբան, ազգային ազատագրական շարժման հանգուցեալ ղեկավար–. «Մենք, դարերով ապրելէ ետք օտարի ստրկութեան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով յաջողեցանք ազատագրել պատմական Հայաստանի Արցախի զաւթուած հողերը: Մեր աչքերը ուղղուած են հիմա… Արեւմտեան Հայաստան: Կը մաղթեմ որ իմ ապրելիք օրերուս մէջ տեսնեմ նաեւ այդ երազին իրականացումը…»:


Արցախի Ազատագրական Բանակի պելառուս Զօրավար ԱՆԱԹՈԼԻ ԶԻՆԵՒԻՉ -իր յուշարձանը, որ կանգնեցուած էր մահէն ետք, քարուքանդ եզաւ ազերի ոճրագործ պետութեան կողմէ՝ Ստեփանակերտի մէջ…-, խօսքը ուղղելով դասալքութեան պատրաստուող «նորելուկ» զինուորագրեալներուն. «Ես՝ Անաթոլի Զինեւիչս, հեռաւո՜ր Պելառուսիայէն գամ այստեղ, ձեր հողը պաշտպանելու, իսկ դուք կը փորձէք փախչի՞լ… Ամօ՛թ ձեզի»:



ԱՇՈՏ ՂՈՒԼԵԱՆ («ԲԵԿՈՐ») – Արցախեան շարժման եւ ազատագրական պայքարի հերոս նահատակ (վերջերս իր յուշարձանը նոյնպէս քարուքանդ եղաւ ազերի գիշատիչներուն կողմէ՝ Ստեփանակերտի մէջ…)–. «Եթէ Ղարաբաղը կործանի, ապա միայն քաղաքական խաղերով կործանելու է, քաղաքականութիւնը ամենէն սարսափելի գիշատիչն է»:


«Բեկորի առեղծուածային նահատակութիւնը Արցախեան ազատագրական պայքարի արժեզրկման եւ քայքայման նախադրեալներէն մէկն է», կը յայտնէ պատմաբան, դասախօս, արցախահայ նախկին մարտիկ ՏԱՐՕՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ:


ԿՈՆՍՏԱՆԴԻՆ ԶԱՏՈՒԼԻՆ –Ռուսիոյ Պետական Տումայի նախագահի առաջին տեղակալ՝ ԱՊՀ-ի հարցերով–. «Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր հայերը դաւաճանութեան զոհ դարձած են»:


1977 թ. ամրան, այն ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի Հաթերք գիւղի բնակիչ Տիգրան «Դայի» Օհանեանի հրաւէրով, գաղտնի մեկնեցանք Արցախ: Վարորդը, իր նոր «Մոսկվիչ»ով, Սեւանայ լիճէն բարձրացաւ Գեղամայ լեռներ, Քելբաջար, Քարվաճառ, անցնելով քիւրտ խաշնարածներու կողքով, վայրէջք կատարեց հայ եւ ազերի (մեծ մասը բռնի թրքացած) գիւղերու ընդմէջէն, մուտք գործեցինք արծուեբոյն Հաթերք…: Ճակատագրի ի՜նչ հարուածով, այնտեղէն է որ 90-ական թուականներուն պիտի սկսէր Արցախեան ազատագրական շարժումը, որուն կայծկլտող մոխիրները զգալի էին արդէն…:


Մեր կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, այս հիւրասէր, հայրենասէր, հողին եւ հազարամեայ արմատներուն կառչած աննման հայերուն հետ ծանօթացանք, թէ ինչպէս դիտաւորեալ յետամնացութեան մէջ կը միտին թողնել Հաթերքի եւ դրացի գիւղերու՝ Յարութիւնագոմերի, Զակլիկի եւ Մարտակերտի բնակիչները: Նոյնիսկ կոյուղի, ջրային մատակարարման ցանց, ասֆալթապատ ճամբաներ չկային Հայտար Ալիեւեան վարչակարգի օրերուն, երբ ինքը՝ Մոսկուայի մէջ դարձած էր Պրեժնեւի մանկլաւիկը: Տիգրան Օհանեան, զիս տարաւ նաեւ գիւղին գերեզմանատունը, ուր ազերի գող-աւազակ լաճեր, հանգուցեալներուն աճիւնները տակնուվրայ ըրած էին, ոսկի եւ արծաթ փնտռելով…:



Եղան նաեւ ուրախ իրադարձութիւններ՝ ներկայ ըլլալով Արցախեան հարսանիքի եւ լեռնային կերուխումի, որուն ընթացքին հաթերքցի հերոս, Ներիկ Իսքենտերեան պատմեց, թէ ինչպէս հայ երեխայ մը առեւանգած եւ սպաննած ազերիի մը երբ կը փորձէին ազատ արձակել, «Սողոմոն Թեհլիրեան» անունով հայ վրիժառուներու խմբակ մը, կրակի կու տայ ոստիկանական դաւադիր ինքնաշարժը՝ դժոխք ուղարկելով ոճրագործը եւ իր ոճրապետները…:


Հաթերք-Մարտակերտ-Կիրովապատ-Շամշադին-Երեւան մեր վերադարձի ուղին բաւականին հետաքրքիր էր: Մոսկուայի մէջ ունէինք մարաջախտներ Յովհաննէս Բաղրամեան, Համազասպ Բաբաջանեան, բազմաթիւ զօրավարներ ու գիտնականներ, քաղաքական դէմքեր, որոնք արցախցի էին եւ որոնցմէ կը սարսափէր Հայտար Ալիեւ, որն ըստ յետագայ տեղեկութիւններուն, ո՛չ ազերի էր, ո՛չ ալ թուրք, այլ Նախիջեւանի քիւրտ…:


Այնպէս որ, այդ օրերուն, Խորհրդային Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ապրող շուրջ 350,000 հայեր, Պաքու մայրաքաղաքով, յարաբերաբար լաւ կեանք կ’ապրէին, մինչեւ որ յայտնուեցաւ Ուքրանիոյ թաթար ամոլ մը, Միխայիլ Կորպաչով եւ իր «չքնա՜ղ» տիկինը՝ վաղամեռիկ Ռայիսան, որոնք իրենց «Փերեսթրայք»ով, դարձան նախահայրերը մեր այսօրուան Փաշինեանին, Զելենսքիին, Ալիեւին, քարուքանդ ընելով Վարշաւիոյ հզօր ուխտը, սոցիալիստական համակարգը, Խորհրդային Միութիւնը՝ պատճառ դառնալով Կովկասի մէջ ահաւոր կոտորածներու, ալան-թալանի, բռնի վտարման, ինչպէս Սումկայիթի, Կիրովապատի, գլխաւորաբար Պաքուի մէջ, որուն նաֆթը յայտնագործած էր Ալեքսանտր Մանթաշեանց, իսկ մինչեւ 18-րդ դարու վերջին, փոքր ամրոց մը, նախկին Բակարաւանը, շնորհիւ հայերու եւ ռուսերու, դարձած էր աշխարհի նաֆթի արդիւնաբերութեան եւ հարստութեան կենդրոններէն մէկը:


Յիշեցնենք, որ Պաքուի 90-ական թուականներու ջարդերուն եւ բռնազաւթման դէմ զսպիչ ուժ դարձաւ ռուս ականաւոր զօրավար, յետագային ուղղաթիռային խորհրդաւոր արկածի զոհ դարձած Ալեքսանտր Լեպետ, որուն «Ցաւ՝ Վասն Պետութեան» գիրքը (հայերէնի թարգմանուած Մոսկուայաբնակ հայ գործարար Արկադի Վարդանեանի կողմէ), մանրամասն կը պատմէ Ազրպէյճանի ոճրագործ եւ քինախնդիր քաղաքականութեան մասին, որպէս «պատասխան»՝ Արցախեան շարժման եւ ազատագրութեան արշալոյսին…:


Վերադառնալով քաղաքամայր Երեւան, կարողացանք մեր պատմական ճամբորդութեան մասին յօդուածը գաղտնի ուղարկել Պէյրութ եւ Փարիզ, տպագրելով «Զարթօնք»ի եւ «Հայ Պայքար»ի էջերուն մէջ: Յետագային, Պէյրութի մէջ, մեր օգնութեամբ մահափորձէ փրկուած Մոնթէ Մելքոնեան կը խոստովանէր «Հայ Պայքար»ի էջերուն մէջ, որ Ղարաբաղի մասին առաջին անգամ կարդացած է մեր յօդուածի տողերուն մէջ, որուն պատճառով է, որ մատնուելով Երեւանի «Կինօ Նայիրի» հանրակացարանի մէջ ծուարած մի ոմն Շանթ Կիրակոսեանի կողմէ, կը ձերբակալուինք եւ կը վտարուինք Խորհրդային Հայաստանէն՝ 1978 թ.ին, երբ Գերմանիոյ Աախըն քաղաքին հանգիստ եւ խաղաղ կեանքս լքած, երկու տարի երեք հոգիանոց Լենինի պողոտային վրայ հանրակացարանի մկնաշատ սենեակին մէջ յարաբերաբար ուրախ եւ մշակութային, մարզական աշխոյժ կեանքով, Մայր Հայրենիքի հողին վրայ մնալու որոշում կայացուցած էինք:


1992 թ. Աւարտին, Պէյրութ աշխատանքով գտնուող Երեւանի Պետական համալսարանի վաղամեռիկ դասախօս Պետրոս Յովհաննիսեանի եւ Պատմութեանզ ֆաքուլթեթի դեկան, հանգուցեալ Լենդրուշ Խուրշուդեանի ջանքերով վերադարձայ Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւն եւ Արցախ: Ահաւոր մութ ու ցուրտ օրեր էին, մանաւանդ որ ՀՀՇ-ական յորջորջուած «փրկիչ»ները փակել տուած եւ թալանած էին Մեծամօրի աթոմակայանը՝ օրական ժամ մը միայն ելեկտրական հոսանքի խիղճին թողնելով երկիրը:


Սուրիոյ ահռելի «Մեզզէ» զինուորական բանտէն վերջերս ազատ արձակուած, Պուլկարոյ եւ Ռուսիոյ վրայով հասանք կատարեալ մթութեան մէջ թաղուած, սառցակալած «Զուարթնոց» օդակայանն ու քաղաքամայր Երեւանը: Զիս դիմաւորող, նշանաւոր սեղանի թենիսի (փինկ-փոնկի) ախոյեան եւ մարզիչ Էդիկ Զաքարեանի օգնութեամբ ներկայացանք Պետական համալսարանի Պատմութեան ֆաքուլթեթ, հանրայայտ պատմաբաններ Լենդրուշ Խուրշուդեանին եւ Պետրոս Յովհաննիսեանին: Նկատեցինք սակայն, որ սարսափելի պառակտուած իրավիճակ կը տիրէր հոս, Լեւոն Տէր Պետրոսեան - «հակա-Լեւոն» ամէնօրեայ վէճերով եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը խեղաթիւրելով: Միջազգային ժուռնալիստիկայի ֆաքիւլթեթ տեղափոխուելով, դեկան Գառնիկ Անանեանի քաջալերանքով, ծանօթացայ այն ժամանակ Լ.Ղ. հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի քարտուղար Վլադիկ Յակոբեանի որդւոյն, նոյնպէս հերոս, Լ.Ղ. Հանրապետութեան առաջին նախագահ, 1976-78 թթ. Երեւանի Պետական համալսարանի դասընկեր Արթուր Մկրտչեանի (սպաննուած խորհրդաւոր պայմաններու մէջ…) եւ նախագահի պաշտօնակատար, աննման Գէորգի Պետրոսեանի պայքարի ընկերն էր փոքր տարիքէն:


Շուտով, մինչ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ջանքերով, Սփիւռքի եւ Մայր Հայրենիքի մէջ շուրջ 100 միլիոն տոլար կը հաւաքուէր, կառուցելու Երեւան-Գորիս-Շուշի-Ստեփանակերտ մայրուղին, («Մանիշակի ճանապարհը»), մենք ալ Երեւանի աւտոկայանէն ճամբայ ինկանք «Իքարուս» հունգարական հանրակառքով, դէպի Ստեփանակերտ: Գիշերուան ժամը 12-ին հասնելով այնտեղ:


Մեզի դիմաւորեց Տարօն Յակոբեանը, ամբողջովին լուսաւոր «Վերածնունդ»ի հրապարակին մէջ, շնորհիւ ազատագրուած «Սարսանգի ջրամբարտակ»ին: Նոյն երեկոյ հանդիպեցանք Մեծն Վլադիկ Յակոբեանին, իսկ միւս օրը առաւօտեան, Լ.Ղ. Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի շէնքին մէջ՝ Գէորգի Պետրոսեանին: Առասպել դարձած քաղաքական դէմքեր, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Արցախի հանրապետութեան կայացման համար: Յետագային, Վլադիկ Յակոբեան մահացաւ ինքնաշարժի արկածով՝ Ֆիզուլիի ճանապարհին, իսկ Շուշիի ազատագրութեան մասնակցած Գէորգի Պետրոսեան, անմահ Աշոտ Ղուլեանի պայքարի ընկերը, այժմ վտարանդի դարձած, կը գտնուի Երեւանի մէջ…:


Մինչեւ 2020 թ., աւելի քան հարիւր անգամ, ինքնաշարժով թէ ուղղաթիռով, առանձին թէ պատուիրակութիւններու հետ, «ջուրի ճամբայ»ի վերածեցինք այդ հրաշալի մայրուղին, որ դաւադրաբար 2018 թ.ին յատուկ դաւաճանութեան ծրագիրով իշխանութեան եկած Նիկոլ Փաշինեան կոչեցեալի (որ 1994-ին Երեւանի Պետական համալսարանի դասընկերս էր) եւ Արցախը լքած, փառքի ու հարստութեան համար Երեւան տեղափոխուած Սերժ Սարգսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի աններելի յանցանքներով, կորսնցուցինք ազատատենչ Արցախեան լեռնաշխարհը: Սակայն վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը իր մէջ անհրաժեշտ ուժն ու կորովը պիտի գտնէ, նոր հերոս-հերոսուհիներ ծնանի, Մայր Հայրենիք վերադարձնելու Արցախը:

3 comentarios


uyenghomsoet.h.uy.e.n+abc123
hace 4 días

https://lx88seo.com/ mình ghé thử lúc đang lướt linh tinh, kiểu vào xem giao diện có dễ nhìn không thôi. Cảm giác đầu tiên là bố cục khá thoáng, chia khối rõ nên kéo xuống không bị ngợp chữ. Mình thích cái chỗ họ để thông tin link truy cập mới nhất khá dễ thấy, khỏi phải mò lâu nếu chỉ muốn xem nhanh. Mấy tiêu đề nhìn gọn gàng, đọc lướt vẫn nắm được ý chính, không bị kiểu nhồi nhét. Menu cũng sắp xếp ổn, bấm qua lại giữa các mục không bị lạc, vì các phần nội dung được nhóm theo từng khối nhìn rất “ngăn nắp” trên trang.

Me gusta

laurasanms311989
hace 5 días

https://f8betlv.com/tai-app-f8bet/ bữa mình thấy ai đó share nên bấm thử cho biết chứ cũng không định đọc kỹ gì đâu. Vào cái là thấy trang họ làm khá “dễ thở”, nền nhìn sạch, chữ không bị dày đặc nên lướt nhanh vẫn ổn. Mình để ý họ chia nội dung theo từng khối rõ ràng, kiểu mỗi phần có tiêu đề riêng nên mắt không phải dò mệt. Mấy đoạn thông tin được canh gọn gàng, nhìn qua là biết đang ở mục nào, không bị lẫn lộn. Mình cũng thích cái menu đặt ngay chỗ dễ thấy, chuyển qua lại không cần kéo lên kéo xuống nhiều. Nói chung chỉ xem giao diện thôi mà thấy họ sắp xếp…

Me gusta

kandadaa.mri.ttg+abc123
24 abr

mertonsimpson.com mình mới tạt vào xem thử vì thấy mọi người bàn nhiều. Ấn tượng đầu là trang nhìn khá gọn, chữ nghĩa rõ ràng nên lướt một lúc là nắm được nội dung chính, không bị ngợp. Mấy phần giới thiệu thương hiệu với cách họ xây hình ảnh đối tác công nghệ trình bày theo từng khối nên đọc nhanh mà vẫn hiểu. Mình có ngó qua mục thể thao thì thấy kèo cập nhật theo thời gian thực, kiểu đang xem diễn biến là số liệu thay đổi luôn, nhìn cũng đã mắt. Trên điện thoại kéo xuống mượt, không phải phóng to thu nhỏ liên tục. Nói chung bố cục trang chủ chia danh mục khá…

Me gusta

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • X
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Shirak, Verelk, Hai Mamul, Hai Guiank, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

bottom of page