top of page

Անի Սիմոսեան Թոթահ՝ հայ ժողովուրդի շնորհազարդ եւ հզօր դուստրը

Չորք մարզպանէն մինչեւ Ուաշինկթընի բարձրագոյն պետական, քաղաքական, մարդասիրական ատեաններուն մէջ՝ Մայր Հայրինիքի, Արցախի, մարդկութեան ծառայութեան մէջ:

Համօ Մոսկոֆեան


–«Եթէ մենք եւս տասը կին ղեկավարուհիներ ունենայինք Անի Սիմոնեան Թօթայի նման՝ Հայ ազգին ապագան կրնար աւելի փայլուն ըլլալ»։ (Մեծ Նահատակ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ)


–«Սիրելի Անի, մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին՝ ամերիկացիք հակուած են ծառայելու բոլորին բարեկեցութեան համար։ Ձեր մասնակցութիւնը եւ նուիրուածութիւնը հոգ տանելու բոլորին՝ հիմնական եղած է պահպանելու այդ շարունակուող աւանդոյթը։ Ես կը գնահատեմ ձեր խորունկ վերաբերմունքը մեր ապագային հանդէպ եւ ձեր օրինակելի ջանքերը՝ բարելաւելու մեր աշխարհը»։ (ԱՄՆ նախագահ ՊԻԼ ՔԼԻՆԹԸՆ)


–«Անի Թօթահ երկար ժամանակ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան աննկուն պաշտպան, նաեւ այն բոլոր հարցերուն, որոնք կարեւոր են ամերիկացի հայերուն համար։ Բոլոր անոնք, որոնք կ’աշխատին այս հարցերուն համար, պէտք է գան Անիին մօտ, որպէս անպաշտօն դեսպան Հայաստանի։ Ես կը հաստատեմ ու կը ճանչնամ, որ Անիին նուիրուածութիւնը եւ աննկուն աշխատանքը հաւասարազօր է Գոնկրէսի անդամի մը գործունէութեան արժանիօրէն»։ (ԱՄՆ Գոնկրէսի անդամ՝ Հայկական Հարցերու Յանձնաժողովի անդամ ՖՐԵՆՔ ՓԱԼՈՆ)


–«Անի Թօթահ նուիրեալ եւ յանձնառու պաշտպանն է Ամերիկայի հայկական Սփիւռքին։ Իր անխոնջ ջանքերով ան նեցուկ կանգնեցաւ հայկական լայնածաւալ հարցերուն եւ մղեցին երկար ժամանակ սպասուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման։ Այդ ջանքերը լայնածաւալ յարգանք վաստկեցան Քափիթոլ Հիլի մէջ։ Ան Ուաշինկթընի ամէնէն ազդեցիկ համայնքային ղեկավարուհիներէն է»։ (ԱՄՆ Գոնկրէսի մեծամասնական ղեկավար ՍԹԵՆԻ ՀՈՅԸՐ)


–«Որքան բախտաւոր ենք մենք որ գտած ենք Անիին ղեկավարութեան կարողութիւնը, հզօր ազդեցութիւն ունենալու Best Buddies International-ի վրայ, օգնելու՝ բարելաւել մտային անկարողութիւններ ունեցող մարդոց»։ (Հանգուցեալ ԻՈՒՆԻՍ ՔԵՆԵՏԻ ՇՐԱՅՎԸՐ

ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճոն Ֆ. Քենետիի քոյրը)


–«Անին եղած է առաջին եւ միակ կինը որ նախագահած է Armenian Assembly of America-ի Տնօրէններու խորհուրդը։ Իր տեսլականը, հաւատարմութիւնը, յանձնառու ղեկավարութիւնը, համացանցային եւ քարոզչութեան կարողութիւնը անզուգական է։ Մենք այնքա՜ն հպարտ ենք իրմով»։ (ՀՐԱՅՐ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ Armenian Assembly of America-ի Տնօրէններու խորհուրդի նախագահ)

Անվերջ հանդիպումներու շարքը անվերջանալի կը թուի ըլլալ, իր 40-ամեայ անդադրում ազգային, քաղաքական, բարեգործական, մարդասիրական, կրթասիրական գործունէութեան մէջ… ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն, հայասէր քոնկրէսականներ Ատամ Շիֆ, Չարլզ Շումեր, ՀՀ նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան՝ որոնց ԱՄՆ այցելութիւնները կազմակերպելու մէջ հիմնական դեր խաղցած է Սպիտակ Տան մէջ ճաշկերոյթներ կազմակերպելով եւ ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ալ-Կորի հետ դէմ առ դէմ Հայաստանի հարցերը քննարկելով…։ Տակաւին Հ.Բ.Ը.Մ.ի, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հիմնադրման, Արցախի թէ Մայր Հայրենիքի միլիոնաւոր Տոլարներու, ԱՄՆ-ի օգնութիւն ապահովելը, Ամերիկայի Հնդկական «Ասեմպլի»ի ղեկավարուհի, և այլն…։


Այս բոլորը լսած եւ անոր լուրերուն հետեւած էինք ինչպէս Հայաստան մեր կեցութեան, այնպէս ալ Երեւանէն, Ստեփանակերտէն հայ ղեկավարներու, հրէական համայնքի ղեկավարուհի Ռիմա Ֆելըր Վարժապետեանի եւ Ռապի Կերշոն Պուրշթէյնի կողմէ։


Անի Սիմոնեան Թօթահ, փաստօրէն, երկար ժամանակ հայ ժողովուրդի ամէնէն հզօր, ճանչցուած գործիչներէն մէկն էր, որ կրնար դիւրութեամբ բանալաշխարհի հզօրագոյն պետութիւն ԱՄՆ-ի բոլոր դռները, արժանանալով բոլորի գնահատանքին, շքանշաններուն, «Պատուոյ Գիր»երուն, կոնդակներուն։


Այս բոլոր նախնական տեղեկութիւններս, առիթ դարձաւ որ դիմեմ մինչեւ վերջերս Ուաշինկթընի Փաթոմաք շրջանի ապարանքին մէջ ապրող, այժմ Մերիլենտ, իր զաւակներուն մօտ տեղափոխուած Անի Սիմոնեան Թօթահին, իր ելեկտրոնային հասցէն ստանալով Հայաստանի տարածաշրջանային Armenian Assembly of America-ի տնօրէնուհի Արփի Վարդանեանէն։ Միւս օրը անմիջապէս կը դիմեմ մեծանուն հայուհիին՝ հարցազրոյցի համար։ Նոյն օրը երեկոյեան դրական պատասխան կը ստանամ՝ ուր կը նշէ, թէ իմ նախնիներուս նման Չորք Մարզպանցի է (Տէօրթ-Եոլցի) եւ հակառակ որ չափազանց զբաղուած էր իր նոր տան տեղափոխման հարցերով՝ բազմաթիւ յօդուածներ, տեղեկութիւններ, վկայութիւններ, ինքնակենսագրական նիւթեր կը փոխանցէ՝ Անի Սիմոնեան Թօթահ ստորագրութեամբ։


Արդարեւ, Կիլիկիոյ Չորք-Մարզպանէն 1915 թուին տարագրուած Սիմոնեան գերդաստանի այս տաղանդաշատ թոռնուհին իր ուսումը կը ստանայ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարանէն, կը «զինուորագրուի» Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի սկաուտական շարժման որպէս արենոյշ, ներկայացնելով Լիբանանը համաշխարհային ճամբարներուն մէջ…։ Նաեւ, որպէս բնածին տաղանդով օժտուած՝ մաս կը կազմէ Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի «Անդրանիկ» պարախումբին, ելոյթ ունենալով Պաալպէքի միջազգային փառատօնին որպէս մենապարուհի՝ աշխարհահռչակ պալէտմայսթըր Ռուտոլֆ Նիւրէեւի եւ Մարքօ Ֆոնթէյնի կողքին՝ «Ննջող Գեղեցկուհին» բեմադրութեան մէջ։


Մագիստրոսի աստիճանով շրջանաւարտ ըլլալով Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն, ուր կը հանդիպի իր ապագայ ամուսնոյն՝ Սէմի Թօթային, Անի Սիմոնեան, որպէս ընտանիքի մայր, կ’արտագաղթէ ԱՄՆ, ուր կը սկսի իր կեանքին «աստղային» ժամանակաշրջանը, դառնալով աշխարհի հզօրագոյն պետութեան ամէնէն ազդեցիկ ազգային, քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական՝ կին դէմքերէն մէկը, ոչ միայն հայակական, այլեւ շնորհիւ ամուսնոյն՝ նաեւ «ամենակարող» հրէական համայնքին մօտ, եւ իր անխոնջ գործունէութեան պատճառով՝ բազմազգ երկրին պետական, քաղաքական, կրթական թէ առողջապահական բարձրագոյն շրջանակներուն մէջ։

Ստորեւ կը թուենք այս եզակի տիկնոջ շարք մը նուաճումները, միաժամանակ մնալով հայախօս, իր զաւակներուն եւ թոռներուն ալ միշտ ստիպելով հայերէն խօսիլ եւ հայու անսպառ հանճարին նման ստեղծագործել կեանքին մէջ…։


• Անի Սիմոնեան Թօթահ, 1950-1990 թթ. ղեկավարած է Armenian Rights Council of America-ն, անընդատ լոպպիինկ իրականացնելով ԱՄՆ Գոնկրէսի մէջ, ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ մարդկային իրաւունքներուն։ Միաժամանակ՝ կազմակերպելով երթեր 1915 թ. Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին,։ Եղած է «Անկախութեան Օրուան» արարողապետուհի՝ Գոնկրէսին թէ Հայաստանի Դեսպանատան եւ այլ նահանգներու մէջ՝ «Ողջոյն Հայաստան» կոչին ներքոյ։


• Որպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ուաշինկթընի շրջանի ատենապետուհի, 1970-1980-ականներուն ընդլայնած է գործունէութիւնը միութեան, ստանալով «բարձրագոյն մրցանակ կատարելութեան» համար՝ ԱՄՆ-ի թէ Գանատայի մէջ։ Այս ծիրին մէջ, կազմակերպած է Young Leadership Development program եւ Debutant Cotillons կալաները, ապագայի երիտասարդ ղեկավար-ղեկավարուհիներ պատրաստելու համար։ Այդպիսի հանդիսութիւններուն որպէս հիւր հրաւիրուած են նշանաւոր «Մենիքս» հեռատեսիլային հաղորդաշարի դերասան, հայազգի Մայք Գանըրզը եւ 1987 թ. Ամերիկայի երիտասարդներու գեղեցկութեան թագուհի Ռութ Ղազարեանը։


• Որպէս Ամերիկայի Հայկական Համագումարի (Armenian Assembly of America) Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահուհի եւ անդամ, կազմակերպած է 1995 թ. Հայկական Համագումարին այցելութիւնը Մայր Հայրենիք։ Նոյն տարին, բացառիկ եւ փառաշուք ընդունելութեան հանդիսութիւն կազմակերպած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին ի պատիւ, ԱՄՆ կատարած այցելութեան առիթով, նաեւ անոր կարեւոր հանդիպումները ամերիկեան քաղաքական, գոնկրէսական, ծերակուտական գլխաւոր դէմքերու եւ անձնաւորութիւններու հետ։


• 1997 թ. Նոյեմբերին, Անի Սիմոնեան Թօթահ յանձն առած է նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի երկրորդ պաշտօնական այցելութեան առիթով՝ նախագահին ի պատիւ սարքուած հանդիսութեան։

• Անիին նախաձեռնութեամբ եւ խաղացած հայրենասէր անզուգական դերին շնորհիւ է որ 2,5 միլիառ տոլարի օգնութիւն ուղարկուած է դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն, նաեւ 1997-ին՝ յաջողած է ԱՄՆ Ծերակոյտին հետ 12,5 միլիոն տոլարի առաջին մարդասիրական օգնութիւնը ուղարկել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, եւ յետագայ տարիներուն ալ մինչեւ 38 միլիոն տոլարի օգնութիւն ղրկուած է Արցախ…։


• Իր տեսակին մէջ աննախընթաց իրադարձութեամբ մը, դարձեալ շնորհիւ «ամենազօր» Անիին՝ որ մօտիկէն կ’աշխատէր ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ալ Կորին եւ NSA խորհրդատուներուն հետ՝ կազմակերպած է 125 բարձրաստիճան հիւրերու մասնակցութեամբ՝ ընթրիք ի պատիւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի՝ ԱՄՆ փոխ-նախագահին հետ, Ուաշինկթընի մէջ։


• Մայր Հայրենիքին, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, ազատատենչ Արցախին մատուցած մեծագոյն ծառայութիւններուն համար բազմիցս պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով ՀՀ նախագահներէն, «Շնորհակալական եւ գնահատանք»ի հայրապետական կոնդակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, նաեւ «Գնահատանքի շքանշան» Արցախի նախագահէն, իսկ Ամերիկայի Հայկական Համագումարը զինք պատուած է բազմաթիւ շնորհակալագիրներով որպէս բացառիկ քոնկրէսական գործակից եւ աչքառու ու եզակի նուիրուածութեան ջերմ խօսքերով։

Անթիւ են Անի Սիմոն Թօթահի ստացած շքանշաններն ու պատուոգիրերը ԱՄՆ-ի Միացեալ Ազգերու, Բժշկագիտական մեծագոյն հաստատութիւններու, ամենազօր հրէական կազմակերպութիւններու, քաղաքապետութիւններու կողմէ շնորհուած…։


Այս բացառիկ ունակութիւններով, տաղանդով օժտուած հայուհիին մասին կարելի է հատորներ գրել…։ Վերոյիշեալ բոլոր նուաճումներն ու ծառայութիւնները Անի Սիմոնեանզ Թօթահ իրագործած է կարելիի սահմաններուն մէջ լուսարձակներէ հեռու, ինչպէս մեծութիւններու գլխաւոր յատկանիշն է։

Kommentare


SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco