top of page

Անդառնալի կորուստ մը եւս...

Անվերադարձ այս կեանքէն հեռացաւ Մեթր Գասպար Տէրտէրեան:


Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


Խիզախ իրաւաբանը, պատմագէտը, յեղափոխականը, գաղափարի նուիրեալը՝ որ իր կեանքը մատուցեց հայ թէ լիբանանի ժողովուրդին ծառայութեան ճամբուն վրայ...


Տասնամեակներ շարունակ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ իր աշխոյժ մասնակցությունը բերաւ, չքաւորներու եւ իրաւազուրկներու արդար դատերը պաշտպանող Մեթր Գասպար Տէրտէրեան:


Որպէս յեղափոխական, գաղափարի մարտիկ, միշտ կանգնեցաւ Խորհրդային Հայաստանի, յառաջդիմական Լիբանանի ազատամարտիկներու կողքին, գրելով իր խօսքով, խիզախ կեցուածքներով պայքարի պատնեշին վրայ: Նաեւ սերունդներու դաստիարակ, վաղամեռիկ իր եղբօր, «մոռցուած հանճար» Արմենակին հետ, անթիւ համար դասախօսութիւններով հայ թէ օտար մշակոյթի, ազգային թէ քաղաքական կեդրոններու մէջ:


Գասպար Տէրտէրեան պատմաբանին գրիչը միշտ բեղուն էր: Մինչեւ իր կեանքին վերջին տարիները հեղինակած էր արժեքաւոր աշխատութիւնները, մանաւանդ Սփիւռքի հայերու խորհրդարան ստեղծելու, տարագիր հայութեան ինքնութեան իրաւունքը վերադարձնելու՝ որոնք խլուած էին նանսէնեան անձագիրները փոխարինելով պարտադրուած բնակեցման փաստաթուղթերով՝ որպէս հետեւանք մանաւանդ հայկական Կիլիկիոյ հողերուն «նուիրաբերմամբ» աթաթուրքեան իշխանութիւններուն՝ Ֆրանսայի եւ այլ գաղութատէրերի կողմէ: Հեղինակած է հարիւրաւոր յոդուածներ, աշխարհատարած Սփիւռքի թէ Մայր Հայրենիքի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մէջ՝ տարածելով իր եզակի եւ յանդուգն գաղափարները:


Իր մարդասիրութեան մասին կուզեմ վկայակոչել դրուագ մը, որ տարիներ առաջ տեղի ունեցաւ հայրենիքի մէջ: Պատահաբար «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ հանդիպեցայ Մեթր Գասպար Տէրտէրեանին, որ լիազօրուած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին կազմի՝ մասնակցելու միջ-եկեղեցական Վեհաժողովի մը, Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Ապա զինք առաջնորդեցի արդէն իսկ վաղամետիկ, տաղանդաշատ եղբոր բնակարանը, ուր ջերմ ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութեան արժանացաւ տիկնոջ՝ Կարինէին (նոյնպէս սրտի կաթուածով մահացաւ) եւ աղջկան, ջութակահար Անիին կողմէ: Իր հետ Հայաաստան բերած կարողութեան մեծ մասը, Գասպար Տէրտէրեան նուիրեց 10-ամեայ երաժշտուհիին, նոր ջութակի գնումի համար: Այդ երանելի օրերէն միայն յիշատակներ կը մնան դժբախտաբար:


Կենսուրախ մարդ էր նաեւ ան:


«Արարատ» Մարզական Միութեան գրեթէ բոլոր հանդիպումներուն իր ներկայութեամբ, հայրենասիրական երգերով, ասմունքով կը շէնացներ: Իր ելոյթները Լիբանանի հայկական գրեթէ բոլոր միութիւններու թէ կազմակերպութիւններու բերել էն խոր տպաւորութիւն ձգած է յախուռն, յառաջդիմական գաղափարներով, խոր իմացութեամբ, նուիրեալի քաջ ու արի կեցուածքով:


Լիբանանի այս խառնակ օրերուն, ճանապարհային անսպասելի արկածի ետք, հիւանդանոցէն տուն վերադարձին հոգին կ'աւանդե բոլորին սիրուած եւ յարգուած հայ ժողովուրդին արժանաւոր զաւակը:


Երկնային լոյս իջնէ շիրիմիդ՝ սիրելի գաղափարակից զինակից ընկեր:

コメント


SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
bottom of page