Առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք
Հիւսիս-Արեւելեան Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ պատմական հիմնադրական խորհրդաժողով։
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ-Հասաքէ (Հեռախօսով եւ համացանցով)
21 Յուլիս 2024-ը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրումի կրօնափոխ քրիստոնեայ հայերուն համար, որոնք 1915-էն ի վեր կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ: ՙՀայ սոցիալական խորհուրդ՚-ի հիմնադրութեան խորհրդաժողովն է, որ տեղի ունեցաւ Հասաքէ քաղաքի ՙՄարպելա՚ դահիլիճին մէջ: Արդէն, ամիսներ առաջ, խորհուրդի ղեկավարներ Արեւ Թասլաքեան եւ Մկրտիչ Քեսթեճեան, հիւսիս-արեւելեան ինքնավար մարզի քիւրտ ղեկավարութեան ներկայացուցչուհի Փերվենի հետ, այցելած էին Լիբանան, որոնց համար կազմակերպած էին հանդիպումներ լիբանանահայ թէ քիւրտ պատասխանատուներու հետ, մինչ ՀԲԸՄ-ի ՙԱհրամճեան՚ կեդրոնին մէջ տնօրէն Համբիկ Մարտիրոսեան հիւրասիրութիւն ալ կազմակերպած էր այս նուիրեալներուն:
Վերադառնալով 21 Յուլիսի առաւօտեան խորհրդաժողովի դահլիճը ծայրէ ծայր լեցուած էր կրօնափոխ եւ քրիստոնեայ ցեղասպանութենէ փրկուած հայու զաւակներու, ասորի, արաբ, քիւրտ կազմակերպութիւններու ղեկավար անդամներու եւ պատւիրակութիւններու ներկայացուցիչներով: Առանձնապէս ուրախալի էր, ՙԴեմոկրատական միութիւն-PYD համանագահ, հայասէր քիւրտ առասպելական դէմք Սալիհ Մուսալեմի մասնակցութիւնը եւ ուղերձը ներկաներուն եւ հայ ժողովուրդին` միասնական ջանքերով դիմակայելու թուրք ոճրագործ պետութեան եւ անոնց վարձկաններուն դէմ պայքարը մինչեւ ազատագրում:
Շուտով հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ հայկական սոցիալական խորհուրդի պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի մայր հայրենիք, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Սփիւռքի վարչութեան կողմէ հրաւէրներով, հանդիպումներ ունենալու պետական անձնաւորութիւններու հետ, շարունակելու իրենց շնորհակալ եւ դժուարին առաքելութիւնը, մանաւանդ 25.000 կրօնափոխ հայերու մօտ, արաբ, քիւրտ, ասորի ցեղախումբերու մօտ...:
Յաջողութիւն եւ բարի երթ կը մաղթենք իրենց:
Comments