top of page

Արեւմուտքը համաշխարհային նոր պատերազմ կը հրահրէ կործանելու համար երկրագունդը

Մինչ Արցախեան 44-օրեայ ազերիա-թրքական վայրագ յարձակումին հայ ժողովուրդին ոչ մէկ օժանդակութիւն չի ցուցաբերած:

Համո Մոսկոֆեան


Տարիներ առաջ, երբ Լիբանանի հայ նշանաւոր քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանին ցուցահանդէսը կը կազմակերպէինք Մոսկուայի «Պելաեւօ» ցուցահանդէսներու դահլիճին մէջ՝ պանդոկ վերադառնալու ճամբան, մեր հայրենակիցը հարցուց, թէ ռուս ժողովուրդին մեծ մասը, ինչպէս կը տեսնենք՝ համեստ ապրելակերպ ունի, յաճախ յոգնած կը վերադառնան աշխատանքէն։ «Յարգելի քանդակագործ, այս ժողովուրդը ե՞րբ բնական կեանք ապրեցաւ 20-րդ թէ 21-րդ դարերէն մինչեւ հիմա. Համաշխարհային Ա. Պատերազմ, պոլշեւիկեան յեղափոխութիւն, միջազգային զաւթում («ինտերվենցիա») իբր թէ «սպիտակ ռուսեր»ը պաշտպանելու։ Ապա միջազգային քաղաքական եւ տնտեսական պաշարում Արեւմուտքի կողմէ, Պերիա-Սթալինեան հալածանքներ, Համաշխարհային 2-րդ պատերազմ եւ 20 միլիոնէ աւելի նահատակներ եւ հաշմանդամներ, որոնց կարգին 200,000 խորհրդային Հայաստանի քաղաքացիներու։ Հազիւ Նացիստական լուծէն Եւրոպան ազատագրելէն ետք, դարձեալ Խ. Միութեան եւ ժողովուրդներու դէմ «երկաթէ վարագոյր»ի քարոզչութեան անվերջ դաւեր, մինչեւ խորհրդային հասարակարգի անկումը»։


Այժմ արդէն ուքրանացի եւ ռուս ժողովուրդներու միջեւ թշնամանքի հրահրում, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ ներքին ընտրական հարցերը Ռուսիոյ դէմ «տղամարդավարի» յայտարարութիւններով, առանց հասկնալու, թէ պատերազմ պայթելու պարագային ինչպէս Եւրոպան, այնպէս ալ երկրագունդը մարդկային քաղաքակրթութենէ զրկուելու վտանգին առջեւ կը գտնուի։


1000-ամեայ Խրիմի հայկական գաղթօճախին մէջ այսօր կ’ապրին ու կը գործեն հայրենասէր անձնաւորութիւններ, շառաւիղը անմահ ծովակալ Նախիմովի, Այվազովսկիի, որոնք արցախեան վերջին պատերազմի ժամանակ ամէն ինչ ըրին օգնելու հայկական ուժերուն՝ ժխտական պատասխան ստանալով հայրենադաւ ներկայ իշխանութիւններէն։ Այսօր, զօրավար, Ռուսիոյ հերոս Սամուէլ Մարտոյեան կը մասնակցի այս պատմական տարածքին պաշտպանութեան՝ թաթար թէ ուքրանացի վարձկան հրոսակներուն դէմ՝ քաղաքացիները պետութեան մը, որ նուազ քան 100 տարուան պատմութիւն ունի եւ նացիստներու հետ համագործակցութեան, ոճիրներու երկա՜ր պատմութեան, Պանտերաներու գլխաւորութեամբ։ Փաստօրէն Սիմֆերոփոլը դարձած է Խրիմի 25 հազար հայութեան «Փոքր Երեւան», որ կը վայելեն ամէն կարգի ազատութիւններ իրենց ռուս եղբայրներուն կողմէ մասնակից դառնալով այն ռազմավարական մեծ արժէք ունեցող հողամասին, որուն ազատագրութեան համար 100 հազար հայ մարտիկներուն արիւնը թափուեցաւ Բ. Աշխարհամարտին։


Ամբողջ արեւելեան Եւրոպան ազատագրելով, Նացիզմի որջ Պերլին հասած մեր քաջարի հայ զինուորներուն զաւակները, ոչ մէկ քաղաքական, դիւանագիտական, ռազմական օժանդակութիւն ունեցան ազերիաթուրք 44-օրեայ արիւնախում յարձակման օրերուն, կեղծ հայասէր, իբր թէ հայ մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը «պաշտող» երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ։ Անոնց միայն կը հետաքրքրէ իրենց երկրի քաղաքացիներուն ընտրական ձայներն ու ֆինանսական միջոցները։ Այսօր, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան, հսկայական ու «պարարտ» շուկաներ են Խրիմի մէջ պատերազմ հրահրող Ֆրանսայի, Ա.Մ.Ն.ի, Բրիտանիոյ, Գանատայի զէնքի վաճառականներուն համար, նախճիր մը եւս պատրաստելու բազմաչարչար ժողովուրդներու գլխուն։


-----

Սյունակում արտահայտված մտքերը պատկանում են հեղինակին եւ կարող են չհամընկնել «Նոր Սեւան»ի տեսակետներին:




Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

bottom of page