top of page

Քառօրեայ այցելութիւն Կիպրոսի եւ կիպրահայութեան ծաղկող ու բարգաւաճող ժողովուրդին

Կիպրոսի հանրապետութիւնը այսօր դարձեալ կ’ապրի նէօ-օսմանական, Էրտողանեան սպառնալիքի տակ։

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Նիկոսիա – Լառնաքա - Պէյրութ


Երբ լիբանանեան «Middle East» օդանաւային ընկերութեան պատկանող ու «նորընծայ արծիւ» արծաթափայլ Airbus 321 Neo օդանաւը օդ կը բարձրանայ՝ ազատ շունչ մը կը քաշենք… Երկու տարիէ ի վեր մէկ կողմէն Քորոնա համաճարակի, ապա եւ 4 Օգոստոս 2020 թուականին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մազապուրծ վերապրած հայ լրագրողս՝ կ’ուղղուի Միջին Արեւելքի «Ազատութեան Կղզի» Կիպրոս։ 1974 թուականին, թրքական «Աթիլլա» ցեղասպանական զաւթումէն, տնտեսական թէ քաղաքական բազմաթիւ ճգնաժամեր յաղթահարած Կիպրոսի հանրապետութիւնը՝ այսօր դարձեալ կ’ապրի նէօ-օսմանական, Էրտողանեան սպառնալիքի տակ։ Սակայն, դարերէ ի վեր, Կիլիկիոյ հայոց ծաղկուն ոստան Կիպրոս, որուն վերջին երկու թագաւորները, ծագումով «ֆրանք» Գուիտիոն եւ Լեւոն Լուսինեան, եղած են կիպրացի խաչակիրներ…։ Հայոց Ցեղասպանութենէն յետոյ նաեւ, այս չքնաղ կղզին, որ ըստ յունական դիցաբանութեան՝ Աֆրոտիթ դիցուհիին լոգանքի թէ հաճոյքի վայր եղած է, գրկաբաց ընդունած է բազմահազար հայեր։ Այստեղ է որ Մելքոնեան կրթական հաստատութիւնը, որ «անհասկնալի» պատճառներով փակուեցաւ եւ խայտառակ առուծախի գործարք դարձաւ, կիպրահայերու եւ պետական միջամտութեամբ կը մնայ որպէս ամրոց, ուրկէ տասնամեակներ շարունակ շրջանաւարտ եղած են Սփիւռքի շատ ու շատ կարկառուն դէմքեր։


Հազիւ 20 վայրկեան քիչ մը ամպածածկ կապոյտ լազուրին մէջ թռչող մեր փառաւոր օդանաւը արդէն վայրէջք կը կատարէ Լառնաքայի միջազգային օդակայանը։ Առաջին իսկ քայլէն, կը զգանք այն հսկայական յառաջընթացը որ տեղի ունեցած է այս երկրին մէջ, նոյնիսկ 2016 թուականէն մինչեւ այսօր, երբ վերջին անգամ այցելեցինք Կիպրոս։ Ամէն տեղ համատարած մաքրութիւն, կարգ ու կանոն, ազնիւ ու զարգացած պաշտօնեաներ՝ որոնք մեզի կ’առաջնորդեն դէպի հանրակառքը, որ կ’ուղղուի մայրաքաղաք Նիկոսիա։ Կէս-ժամեայ ճամբորդութենէն ետք, ամբողջովին կանաչապատ դաշտերուն եւ բլրակներուն ընդմէջէն, եւրոպական չափանիշերով կառուցուած մայրուղիով՝ կը հասնինք հանրակառքերու կայարան, Մելքոնեան կրթական հաստատութեան կողքին։ Այնտեղ՝ գրկաբաց մեզի կը դիմաւորէ հարազատ Գրիգոր Քէլէշեան, հանրաճանաչ հայկական պարարուեստի «աստղ» ու մասնագէտ՝ որ յոգնած Պէյրութի մթագնած եւ անորոշ իրավիճակէն՝ իր տիկնոջ, նոյնպէս պարուհի Նանորին ու երկու զաւակներուն հետ տեղափոխուած է Նիկոսիա։ Փաստօրէն, մեր հիւրընկալը եւ ուղեցոյցը՝ որ պատրաստած է հանդիպումներու կարեւոր ծրագիր մը՝ որպէս ամբողջ գաղութին մէջ յարգուած ու գնահատուած հայրենասէր արուեստագէտ, պարուսոյց ու ղեկավար։

Գիշերելէ ետք հիմնովին վերանորոգուած «Սենթրում» պանդոկին մէջ, առաւօտեան կանուխ, նախաճաշելէ ետք, մեր բարեհամբոյր Գրիգորին հետ կ’ուղղուինք Կիպրոսի հայութեան ականաւոր ազգային ու քաղաքական դէմք, երկրի Ազգային Ժողովի երեսփոխան, պետութեան մօտ հայութեան ներկայացուցիչ՝ Վարդգէս Մահտէսեանի գրասենեակը։ Ջերմօրէն կ’ընդունուինք երեսփոխանի գրասենեակի անձնակազմին կողմէ՝ ներկայացնելով իր թէ՛ կիպրահայութեան իրագործած նուաճումները իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան (նկատի առնելով որ կղզին զաւթած թրքական կողմը մնացած են հայկական հնագոյն սրբավայրեր, հարստութիւններ, բնակավայրեր) նոյնիսկ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն՝ որուն մէջ կարեւոր դեր խաղացած է երեսփոխան Վարդգէս Մահտէսեան։


Աւելի քան տասնամեակ մը այդ պատասխանատու պաշտօնին վրայ, հայ քաղաքական եւ ազգային գործիչը իր կարեւոր ներդրումը բերած է ցեղասպանութիւններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող թիւ 45 (1) 2015 օրէնքի միաձայնութեամբ որդեգրուած Կիպրոսի խորհրդարանին կողմէ։ Նաեւ՝ «Հայոկական Ցեղասպանութիւն. Վկայութիւններ՝ լուսանկարներու եւ մամուլի էջերու ընդմէջէն» ցուցահանդէսի կազմակերպում, Կիպրոսի հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու Տան եւ Հայաստանի հանրապետութեան Ազգային Ժողովի, ՀՀ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, որուն բացումը կատարեցին Ներկայացուցչական Տան եւ Ազգային Ժողովի նախագահները։ Միաժամանակ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչումներ, քաղաքամայր Երեւանի թէ Կիպրոսի մէջ՝ երկրին նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, խորհրդարանական կուսակցութիւններուն եւ հայ պետական ներկայացուցիչի մակարդակով։ Պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով, ինչպէս Հ.Հ. նախագահի ձեռամբ՝ «Մխիթար Գոշ» շքանշաններով։


Մեր զրոյցին մէջ, երեսփոխան Վարդգէս Մահտէսեան իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Կիպրոսի շուրջ տեղի ունեցող ռազմա-քաղաքական վտանգաւոր իրադարձութիւններով, երբ յայտնաբերուած ստորջրեայ բնական կազին համար պայքարի ելած են գլխաւոր պատուհաս Էրտողանեան Թուրքիան, Իսրայէլ, Ֆրանսա, Եգիպտոս, Յունաստան եւ այլ տարածաշրջանային եւ միջազգային ուժեր։ Նաեւ, խիստ վշտացած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ պատերազմի, հազարաւոր զոհերու, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վտանգաւոր սպառնալիքներուն հանդէպ։ Սակայն միշտ լաւատես հայ թէ եղբայր կիպրացի ժողովուրդներմո ապագայով՝ կիպրահայ նուիրեալ գործիչը վստահ է որ այս դժուարին օրերը անցողիկ են ու թէ՛ Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի թէ Արցախի երկնակամարներուն վրայ պիտի շողշողայ յոյսի եւ ազատութեան պայծառ արեւը…։


***

Ազնիւ միջնորդութեամբ Կիպրոսի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հանդիպում կ’ունենանք Նիկոսիոյ ամենէն մեծ շրջանի, հայաշատ Սթիովոլոսի քաղաքապետ՝ Անտրէաս Փափախարալամպուսի հետ։ Երիտասարդ, ժպտադէմ, առոյգ, անհաւատալիօրէն համեստ ու «մոլեռանդ» հայասէր այս անձնաւորութիւնը իշխող կուսակցութեան «Դեմոկրատական Շարժման» կարկառուն անդամներէն է։ Կիպրահայերը կը համարէ երկրին դարաւոր բնակիչները, որոնց արիւնը եւ ազատութեան պայքարը միախառնուած է Կիպրոսի յոյն թէ բնիկ այսօրուան քաղաքացիներուն հետ։ Ան կը յայտնէ, թէ հակառակ որ Կիպրոսի հանրապետութիւնը խաղաղասէր է, սակայն թրքական վերջին սպառնալիքներու պատճառով, Կիպրոսի թէ Եգէական ընդջրեայ բնական կազի պաշարներուն տիրանալու մաղձով՝ ստիպուած է զինուիլ, ինքնապաշտպանութեան անհրաժեշտ միջոցներով, նաեւ ռազմավարական կապեր ստեղծել Եւրոմիութեան թէ տարածաշրջանի պետութիւններուն հետ՝ էրտողանեան չարանենգ իղձերը չէզոքացնելու համար։ Քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամպուս լաւատեսութեամբ ներկայացուց տնտեսական եւ շինարարական, միջազգային առեւտուրի եւ զբօսաշրջիկութեան փաստացի դրախտ դարձած Կիպրոսի ապագային մասին, ջերմ ողջոյններ փոխանցելով Սփիւռքի թէ Հայաստանի տաղանդաշատ հայութեան։


***


Աթենքի մէջ մեր վերջին հանդիպումէն մի քանի տարի անց, այս անգամ Նիկոսիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Առաջնորդարանին մէջ դարձեալ կը հանդիպինք, այս անգամ կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Տողրամաճեանին հետ։ Միշտ բարի ու խորաթափանց ժպիտը դէմքին, հայ եկեղեցւոյ եւ հայ գաղութին հոգեւոր սպասաւորը կը պատասխանէ մեր հարցերուն, ներկայացնելով նաեւ Կիպրոսի հայ թեմին եւ մայրաքաղաք Նիկոսիոյ շուրջ 3500 հայութեան կեանքը Հայ Առաքելական եկեղեցիէն ներս։ Արդէն 2017 թուականին որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան փոխանորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, շահած է կիպրահայութեան սէրն ու յարգանքը, միշտ սերտ կապեր պահպանելով ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ Մայր Հայրենիքի եւ Արցախի հայութեան հետ, իր բազմաթիւ այցելութիւններով եւ տքնաջան աշխատանքով վառ պահելով սէրն ու նուիրուածութիւնը հիւրընկալ Կիպրոսի, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի հանդէպ։

12-րդ դարէն, Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան ափերուն, մօտիկ գտնուող Կիպրոսի մէջ կազմաւորուած է հայոց աշխոյժ գաղութ մը։ Մինչ 973 թուին կաթողիկոս Խաչիկ Ա.ին հիմնադրած է Կիպրոսի հայոց թեմը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ, ծաղկիլ ու բարգաւաճիլ, վերապրելով Կիպրոսի պատմութեան բոլոր հանգրուանները։ Նիկոսիոյ նորակառոյց Առաջնորդարանը այժմ կը գտնուի Սթրովոլոս կեդրոնական թաղամասին մէջ, ուր 1984 թուին վերանորոգուեցաւ ձեռամբ եւ ջանքերով կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ Արքեպիսկոպոս Վարուժան Հերկելեան։ Ապա, «Վահրամ Ութճեան» դահլիճը, բարերարին արուեստի հաւաքածոյով նուիրուեցաւ գաղութին՝ ձեռամբ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին։ Առաջնորդարանի կողքին վեր կը բարձրանայ հայկական ճարտարապետութեամբ կառուցուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որուն բացումը 1976-ին կատարած է Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս Արքեպիսկոպոս 3-րդը։ Այսօր, 2007-ին Կիպրոսի կառավարութեան հրամանագրով, Կիպրոսի հայոց Առաջնորդարանը կը ստանայ տարեկան 59,800 եւ Կիպրոսի հանրապետութիւնը կը հոգայ հոգեւորականութեան ապրուստի եւ բժշկական ապահովագրութեան բոլոր ծախսերը ըստ 1998-ի հրամանագրի։


Այսպիսի փառաւոր անցեալին ու բարգաւաճ ներկային մասին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ստանալէ ետք, Կիպրոսի հայոց հոգեւոր Առաջնորդէն, կը խոստանանք հետագային դարձեալ այցելել եւ աշխարհատարած հայ մամուլին մէջ անդրադառնալ նուաճումներուն եւ իրագործումներուն մասին՝ Կիպրոսի եղբայր ժողովուրդին ծոցին մէջ։


***

Կիպրոսի Հ.Յ. Դաշնակցութեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեան ջերմօրէն կ’ընդունի մեզի իր գրասենեակին մէջ՝ որ դարձած է նաեւ քաղաքական թէ ազգային բազմաթիւ եւ իրերայաջորդ հանդիպումներու ժամադրավայր-կեդրոնատեղի։ Միաժամանակ, յառաջ կը տանի Հայ Դատի ներկայացուցչութեան դժուարին աշխատանքները, հայրենասիրութեան, Սփւիռքի հայու եռանդով նեցուկ կանգնելու ազատատենչ Արցախին եւ Մայր Հայրենիքին։ Խմբագիրն է համացանցի թէ դիմատետրի վրայ հազարաւոր ընթերցողներ ունեցող «Կիպրահայեր» պարբերականին, որ իր էջերը սիրայօժար կը տրամադրէ հայ մտաւորական թէ քաղաքական միտքի կարկառուն ներկայացուցիչներու գրաւոր ստեղծագործութեանց։ Ժողովրդավար սկզբունքներէ առաջնորդուելով, Սիմոն Այնէճեան սերտ կապերր կը պահպանէ ոչ միայն հայկական բոլոր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու հետ, այլեւ յոյն-կիպրական եւ հայութեան բարեկամ բազմաթիւ ղեկավարներու թէ շարժումներու հետ շնորհիւ համացանցի թէ ելեկտրոնային կապերով երկրագունդը «փոքրացնող» կամուրջները պահպանող 21-րդ դարաշրջանի աշխարհին։ Օգտաշատ զրոյցէ ետք, կը խոստանանք դարձեալ հանդիպիլ, շարունակելով մեր համագործակցութիւնը։


Ալեհեր մազերով, խորաթափանց հայեացքով, տքնաջան աշխատանքի կնճիռները ճակտին, սակայն երիտասարդի աւիւնով Արթօ Դաւիթեան կը հանդիպի մեզի հետ Նիկոսիոյ արդիական սրճարաններէն մէկուն մէջ։ Կիպրոսի Համազգային Մշակութային Միութեան ատենապետն է այս յաւերժ առոյգ հայ ազնուականը, որ կը շրջի ու կը վերահսկէ վաստակաշատ միութեան ինչպէս Նիկոսիոյ, այնպէս ալ Լիմասոլի եւ Փոֆոսի մասնաճիւղերուն։ Հայրական հոգատարութեամբ կարելի բոլոր միջոցները կը տրամադրէ որ «Սիփան», «Կիլիկիա», «Անի» պարախումբերը կը շարունակեն հայ մշակոյթի հնագոյն աւանդոյթներէն պարը, կը շարունակէ գոյատեւել եւ բարեկամութեան կամուրջ ստեղծել բազմազգ Կիպրոսի եւ բազմահազար այցելուներուն համար։ Աւելի քան 60 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանին գլխաւորութեամբ, բազմաթիւ ելոյթներ կ’ունենան, ծաղկեցնելով մշակութային թէ ազգային բազմապիսի միջոցառումները, հանդիսութիւնները։ 2015-ին, ինչպէս Նիկոսիոյ «Օշական» Համազգային Մշակութային Միութեան կառոյցին, այնպէս ալ Լիմասոլի եւ Փաֆոսի մասնաճիւղերուն շարժիչ ուժը՝ Արթօ Դաւիթեան կը շարունակէ իր հայանուէր եւ հայրենանուէր գործունէութիւնը…։

Միշտ «լուսարձակ»ներէ խուսափող, կիպրահայութեան արդէն անբաժան դարձած Տոքթ. Սիմոն Մոսկոֆեան եւ իր տաղանդաշատ ընտանիքը կարեւոր ծառայութիւններ մատուցած են ու կը մատուցեն ինչպէս բժշկութեան, այնպէս ալ դասական երաժշտութեան, գաղութային թէ արտա-գաղութային շրջանակներուն մէջ։


Ծնած է Պէյրութ, ուսումը ստացած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ, մասնագիտացած է Մոսկուա, ապա Շուէտ ու դարձեալ Կիպրոս, ուր շրջանաւարտ եղած էր իր տիկնոջ Սիլվային հետ՝ Մելքոնեան կրթական հաստատութենէն։ Դուստրը՝ Մարիան, նախնական երաժշտական ուսումը ստանալով մեր՝ Կիպրոսի ակադեմիայի մէջ՝ որպէս օփերային երգչուհի շրջանաւարտ եղածէ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշանոցին։ Մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային մրցումներուն, լոյս ընծայած է տեսա-հոլովակներ ու ձայներիզներ, Կիպրոսի թէ Յունաստանի, Եւրոպական հարթակներէ։ Ունի կրկնակի շուէտական եւ կիպրական հպատակութիւն։ Վերջերս բախտաւորուեցան սիրասուն որդիով մը, իր ամուսնոյն Դաւիթին հետ։ Եղբայրը՝ Ալեքս, նոյնպէս շրջանաւարտ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն՝ մասնագիտացած է Իտալիոյ մէջ որպէս Օփերային երգիչ՝ ելոյթներ ունեցած է ինչպէս Կիպրոսի, նոյնպէս բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, մրցոյթներու մասնակցելով։ Մինչ Տքթ. Սիմոն Մոսկոֆեանին 3-րդ զաւակը՝ Տիգրան, այսօր համակարգիչներու մասնագէտ է Գերմանիոյ մէջ։


Այս ծառայասէր անձնաւորութիւնը իր բոլոր միջոցներով դիմադրեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան վաճառքին դէմ եւ իր գաղափարակիցներուն ջանքերով յաջողեցաւ այդ աղիտաբեր ծրագիրը ձախողութեան մատնել։ Այսօր նոյնիսկ գտնուելով Լառնաքա, իր ջանքերով, բժշկական, բարեսիրական շարունակական օգնութիւններ կ’առաքէ Լիբանան, օգնութեան փութալով տնտեսական ահաւոր իրավիճակին մէջ գտնուող Սփիւռքի երբեմնի մայրաքաղաքին…

SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
bottom of page