top of page

Էրտողանի կողմէ ստեղծուած 21-րդ դարու միջազգային ահաբեկչական «Ենիչերի» բանակը

  • Foto del escritor: Redacción NOR SEVAN
    Redacción NOR SEVAN
  • 18 may 2022
  • 2 Min. de lectura

Ստեղծուած է անոր արեւմտեան դաշնակիցներու զօրակցութեամբ:

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


Ինչպէս օսմանեան սուլթանները դարեր շարունակ բռնագրաւուած ազգերու որդիներէն ստեղծած էին «Ենիչերի» կոչուող յատուկ բարձրակարգ ուժեր՝ «օսմանացնելով» զանոնք և օգտագործելով այդ դաժան մարդասպանները համայնքային կոտորածներու, թալաններու, տեղահանումներու համար Ասիայի, Եւրոպայի, Հիւսիսային Ափրիկէի, հետագային նաեւ դառնալով վտանգաւոր սպառնալիք ինքնին սուլթաններու դէմ, որոնք ի վերջոյ չէզոքացուցին անոնց երկու դար շարունակ։


Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը, Թուրքիայի, Ե.Մ. երկիրներու և ԱՄՆ-ի ռազմական միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ՝ «արդարութիւն» և «ժողովրդավարութիւն» հաստատելու համար, անհրաժեշտ մթնոլորտ ստեղծեց ՏԱԷՇ-ի ստեղծման, որ այլազան, բազմազգ, կրօնական, ծայրայեղական կազմակերպութիւն է, աշխարհի տարբեր տարածքներէն «ներմուծուած» ղազախ, ալպանացի, թուրք, արաբ վարձկաններով։ Առաջին փուլին անոնք հսկայական ֆինանսաւորում ստացան ԱՄՆ-ի և ԵՄ-ի իրենց «յատուկ» հաստատութիւններէն, պատրաստուեցան և զինուեցան Թուրքիոյ մէջ, ապա «արտահանուեցաւ» ոչնչացնելու Սուրիան, իրականացնելով սարսափելի յանցագործութիւններ, գլխատումներ, բռնաբարութիւններ, զանգուածային սպանութիւններ, «Պաշար ալ-Ասատի բռնապետութեան դէմ պայքարի » կարգախօսով, աւերելով գիւղեր, քաղաքներ, ստիպելով միլիոնաւոր փախստականներու՝ փախչելու դրացի երկիրներ եւ Եւրոպա, մինչ Արեւմտեան Եւրոպայի գլխաւոր մայրաքաղաքները, միլիառաւոր տոլարներով կաշառեցին թուրք, այժմ նախագահ Էրտողանին, որպէսզի այս մարզուած դահիճները պահէ Սուրիոյ մէջ կամ թրքական վերահսկողութեան տակ՝ ընտրելով բարձրակարգ մարտիկները՝ անոնց ուղարկելու այլ պատերազմական ճակատներ, շահաւէտ պայմանագրերով, ինչպիսին Լիպիան է։ Իսկ վերջերս Ուքրանիան՝ պայքարելու Ռուսիոյ դէմ, որուն ռազմական միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ փրկեց Միջին Արեւելքը՝ յայտնուելու այսօրուան «Ենիչերիներուն»՝ ՏԱԷՇ-ի տիրապետութեան տակ, որուն որոշ առաջնորդներ, ինչպէս Ալ Պաղտատին, սպաննուեցան իրենց տէրերուն կողմէ, ինչպիսին Պըն Լատէնն էր, որ ֆինանսաւորուած և զինուած է Աֆղանստանի մէջ սովետներու դէմ կռուելու համար։

Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ քրտական և սուրիական առաջատար քաղաքական և ռազմական կազմակերպութիւններէն մեր տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Էրտողանը և թրքական բանակի հետախուզութիւնը ստեղծած են «Ենիչերի»ներու բանակ՝ բաղկացած 85,000 վարձկաններէ՝ Հիւսիսային Սուրիոյ և Թուրքիոյ սահմանային ուսումնական խարիսխներու մէջ, որոնք կու գային Կեդրոնական Ասիայէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Արեւելեան և Արեւմտեան Եւրոպայէն, եւ անոնց կ’ուղարկէին յատուկ առաքելութիւններու դէպի Ազրպէյճան և Ղարաբաղ, Սուրիա և Իրաք, Լիպիա և Ուքրանիա, նոյնիսկ Արևմտեան Եւրոպայի քաղաքներ՝ սարսափեցնելու բնակչութիւնը և պետութիւնները՝ աւելին ստանալու համար և ստեղծելու «փոքր» թրքական պետութիւններ Արևմտեան Եւրոպայի մէջ, ուր որոշ դարերուն թուրք ներգաղթած բնակիչները արդէն հարիւր հազարաւոր են՝ առաջնորդուելով կրօնական ծայրայեղականներով և նէօ-օսմանական ճանապարհով Եւրոպան իսլամացնելու և թրքացնելու մտադրութիւններով:


Աւելին, ամենաժամանակակից հրասայլերը, հրետանին, հրթիռները, զինամթերքը, օդուժի ռազմական օդանաւերը եւ ՆԱԹՕ-ի ֆինանսաւորումը Անգարային՝ զայն իրենց վերահսկողութեան տակ պահելու և ոչինչ ընելով Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, թրքական բանակն ու անոր վարձկանները պատժելու՝ քիւրտերէ, սիրիաքներէ, քաղդէացիներէ, եզիդիներէ եւ արաբներէ կազմուած քաղաքացիական բնակչութեան դէմ իրենց ոճիրներուն համար, կամ ամէնօրեայ ռմբակոծումներու, հրթիռակոծումներու, անօդաչու սարքերու սպանութիւններու, առևանգումներու և թրքացնելով Սուրիոյ և Իրաքի ամբողջ տարածքները, նոյնիսկ Թուրքիայէն ներս, ուր հազարաւոր մարդիկ տեղահանուած, ձերբակալուած և սպաննուած են այն կեղծ յայտարարութիւններու եւ պատճառաբանութիւններով, իբր թէ Անգարան կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ։


Բոլոր յանցագործութիւնները՝ մնացին առանց արձագանգի և արժանացան Եւրոպայի և Ամերիկայի «դեմոկրատ» առաջնորդներու խուլ ականջին, որոնց համար Էրտողանական վարչակազմը շատ թանկ գործիք է Միջին եւ Մերձաւոր Արևելքի մէջ իրենց «կեղտոտ աշխատանքին» համար։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • X
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Shirak, Verelk, Hai Mamul, Hai Guiank, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

bottom of page