top of page

Էրտողանի եւ իր մանկլաւիկ Ալիեւի փանթուրքական, թաթարական ծրագիրները 2021-ին

Թուրքիա-Ուկրաինա նոր դաշինքը կը խրախուսէ Էրդողանի նեոօսմանական երազանքները:


Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


Մերօրեայ ինքնահռչակ «Սուլթան» Էրտողան եւ իր հլու-հնազանդ մանկլաւիկ Ալիեւի փանթուրքիստական ծրագիրները բաւականին ընդարձակ կը թուին ըլլալ։ 3 միլիոն բնակիչ ունեցող, աւելի քան 100 միլիոն քաղաքացիներով յոխորտացող Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կարծեցեալ յաղթանակը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ չափազանց լկտի եւ գոռոզ դարձուցած է այս արիւնախում ոճրագործները։ Սպառնալիքներ Իրանի դէմ, անթաքոյց ակնարկներ Չինաստանի դէմ՝ անընդհատ արծարծելով ույկուրներուն «ցեղասպանութիւնը» թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներէն։ Պատերազմ հրահրել Յունաստանի եւ Կիպրոսի դէմ, մէջտեյ հանելով Լոզանի դաշնագիրը փոփոխութեան ենթարկելու լպիրշ առաջարկները Անգարայի վարչախումբին կողմէ։


Տակաւին չենք խօսիր Հիւսիսային Սուրիոյ հարուստ տարածքներու զաւթումը, հազարաւոր գաղթականներու, հաշմանդամներու եւ զոհերու առկայութիւնը ամէնուրեք, դարձեալ նոր արիւնահեղութիւն նախապատրաստել Լիպիոյ դէմ, իսկ նորագոյն զարգացող «ցանկութիւնները», Ուքրանիոյ թաթարները ոտքի հանել, քաղաքացիական պատերազմի գլխաւոր պատասխանատուներ Փորոշենքոյի եւ Զելենսքիի վարչակարգերը փորձել համոզել թաթարական, նէօ-օսմանեան «ինքնավար» պետութիւն ստեղծելու երազանքը իրականացնելու։ Մանաւանդ որ Արցախի վրայ կատարուած վերջին ռազմական գործողութիւններու ընթացքին օգտագործած են՝ Ուքրանիոյ կողմէ հայթայթուած ֆոսֆորային ռումբեր, անտառներու մէջ թաքնուած հայ ազատամարտիկները վառելու եւ սպաննելու համար։ Մանաւանդ որ չենք մոռնար, որ Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարը եւ ամենէն ուժեղ անձերէն մէկը, ծագումով արցախցի Արսէն Աւագովն է, տասնեակ հազարաւոր հայ զինուորներ, Բ. Աշխարհամարտին իրենց կեանքը զոհած են Ուքրանիան ազատագրելու համար թուրքերու պատմական դաշնակից՝ նացիստական Գերմանիայէն։


«Ուքրանական Հարթակ» անուան տակ, իբր թէ Խրիմը ռուսերէն «ազատագրելու» եւ նոր «Թաթարստան» ստեղծելու համար՝ ծնունդ առաւ «Խրիմեան Հարթակ»ը (The Crimean Platform), Ուքրանիոյ արտաքին գործոց փոխ-նախարարուհի նշանակելով ծայրայեղ ազգայնական Էմինա Ծապարովան։ Մէկ կողմէն իբր թէ քաղաքական-դիւանագիտական արշաւ սկսիլ Խրիմը «ազատագրելու» ռուսական «լուծէն», իսկ միւս կողմէն, Էրտողանի եւ իր բանակի ղեկավարներուն կողմէ լորձնաշուրթն խոստումներ՝ իր հռչակաւոր «Պայրաքտար» անօդաչու կործանիչ սարքերը տրամադրելու, ռմբակոծելու համար Տոնպասի ինքնավար հանրապետութեան ռազմական ուժերը՝ Արցախի եւ Լիպիոյ նման։ Այսինքն՝ Բ. Աշխարհամարտին, Հիթլէրի ձախողած ծրագիրը՝ թաթարական պետութիւն ստեղծել եւ թիկունքէն հարուածել խորհրդային զօրքերը (որուն ընթացքին զոհուեցան մեծաթիւ հայորդիներ՝ զօրավար Վասիլեանի գլխաւորութեամբ), փորձել կրկնել այսօր։ Սթալին, պատերազմէն ետք, թաթար-փանթուրքիստ բազմաթիւ նացիստներ գնդակահարել տուաւ, հազարաւորներ ալ բռնագաղթել տուաւ դէպի Ալթայ՝ ուրկէ «ծագած» էին 1000 տարի առաջ…։ Տխրահռչակ Կորպաչովի եւ ծագումով ուքրանացի Կրոմիքոյի իշխանութեանց վերջին օրերուն, բազմահազար թաթարներ վերադարձան Խրիմ, փորձանք դառնալով 4 դար մոնկոլ-թաթարական ահաւոր լուծին տակ ապրած, Իվան Ահեղի եւ մարաջախտ Քուրուզովի կողմէ ազատագրուած ռուս, ուքրանացի, հայ եւ այլ քրիստոնեայ ազգութիւններու գլխուն։


Ողբերգական կատակերգութիւնը այն է, որ Արեւմուտքը, որուն զէնքի եւ այլ ծանր արդիւնաբերութեան արտադրանքներու գլխաւոր յաճախորդ Թուրքիան, կեղծ եւ «ձեւական» պատժամիջոցներով իբր թէ կը «պատժուի»։ Միւս կողմէն, միշտ նկատի առնելով Վոսփորի եւ Տարտանելի «կեանքի ուղին» եւ «փորձելով» Էրտողանը կարելի բոլոր միջոցներով հեռացնել ՆԱԹՕ-էն՝ Ռուսիա եւս չի ցանկար բոլոր կամուրջները քանդել Անգարայի հետ։ Մինչ ահագնացող վտանգը Հիւսիսային Իրանի ազերիները դէպի ապստամբութիւն մղելու թուրք-ազերի-իսրայէլեան նկրտումները չեն դադրիր, տարածաշրջանի եւ աշխարհի խաղաղութիւնը ընդմիշտ վտանգնելով։

SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Hai Guiank, Hai Mamul, Verelk, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

Cnel. Niceto Vega 4764 (C1414BED), Ciudad Autónoma de Buenos Aires, Argentina

bottom of page