top of page

Էրտողանեան ծրագիրները

  • Foto del escritor: Redacción NOR SEVAN
    Redacción NOR SEVAN
  • 30 ago 2021
  • 2 Min. de lectura

Թուրքիոյ ինքնակոչ «Սուլթան» Էրտողանի փորձերը Կովկասը թրքացնելու, թուրանական կայսրութեան հիմնաքար դարձնելու Ալիեւի հետ:

Համօ Մոսկոֆեան


Թուրքիոյ ինքնակոչ «Սուլթան» Էրտողանի ծրագիրներն ու անզուսպ տենչանքը ընդլայնելու թրքական ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ պիտի յանգի ռազմավարական հաւասարակշռութեան խախտմամբ տարածաշրջանին մէջ։ Այն պիտի առաջնորդէ աւելի մեծ խառնաշփոթի՝ մտահոգութիւն պատճառելով Ռուսիոյ եւ Իրանի։ Անոնք ստիպուած պիտի ըլլան պատասխանելու թրքական ծաւալապաշտութեան եւ թուրք-ազերի ռազմական համագործակցութեան՝ երկկողմ դաշինքով, ռազմավարական համաձայնագրի ստորագրութեամբ անցեալ 15 Յունիս 2021-ին։ Այսինքն՝ թրքական դերին ընդլայնումը կու գայ ռազմականացնելու տարածաշրջանը՝ վերջ դնելով հայերու եւ ազերիներու միջեւ յարաբերութիւններու հանդարտեցման փորձերուն։


Թուրքիոյ դիրքերուն ամրապնդումը Ազրպէյճանի մէջ ու մանաւանդ Թուրքիոյ «ժիհատիստ» ահաբեկիչներու տեղափոխումը Ղարաբաղ՝ պիտի յանգի հաւասարակշռութեան խախտմամբ՝ սպառնալով Ռուսիոյ ջանքերուն՝ խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ։ «Ժիհատիստ»ներու տեղափոխումը Ռուսիայէն եւ Լիպիայէն դէպի Ղարաբաղ, տարածաշրջանը կը դարձնէ ահաբեկչութեան կեդրոն, որ վտանգաւոր պիտի դառնայ հայկական, ռուսական, իրանական, ազերիական ազգային անվտանգութեան համար, ինչպէս նաեւ սպառնալով շրջակայ բոլոր եկիրներուն Կովկասի մէջ։


Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ Յառաջդիմութիւն» (Մահմետական թուրք եղբայրներ) կուսակցութիւնը ունի ազգայնական-օսմանական արմատներ (նէօ-օսմանիզմ)։ Ան կը միտի տարածուելու թրքազգի ժողովուրդներու մէջ՝ որոնք կ’ապրին Խորհրդային նախկին Միութեան եւ Միջին Ասիոյ տարածքներուն վրայ, կոչ ընելով հիմնադրել համա-թուրանական միութիւնը կամ «Մեծն Թուրքիան»։ Այսօր, Թուրքիա կ’օգտագործէ Ղարաբաղի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ իր ռազմական յաղթանակներուն քարտէզը՝ իր հեղինակութիւնը բարձրացնելու թրքազգի ժողովուրդներուն մօտ, վերջ տալու անոնց տեղական-ազգային ինքնութեանց։ Թուրքիան մեծ յաջողութեան հասաւ Պաքուի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ՝ հիմնելով միացեալ տարածք մը, զոր կոչեց «Մէկ ժողովուրդ երկու պետութեանց մէջ…»։ Զարմանալի է, որ այս կը հակասէ ազերիներուն պնդումներուն թէ իրենց Կովկասցի են ծագումով…։ Ազրպէյճան կը յայտարարէ իր «պատմական իրաւունք»ի մասին Ղարաբաղի հանդէպ, սակայն այս պնդումները կը հակասեն թուրանական հասկացողութեան…։ Պաքու չ’անդրադառնար Թուրքիոյ հետ մերձեցման վտանգները։


Թուրքիոյ վայրագ ոտնձգութիւնները եւ Եւրոպայի լռութիւնը Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան հանդէպ՝ կը հաստատեն թէ խաղաղութեան երաշխիքը Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերն են։ Շնորհիւ այս ուժերուն Ղարաբաղի բնակչութեան մէկ-երրորդը իրենց տուները վերադարձան։ Հիմա, ռուսական զօրքերը կ’օգնեն հայ բնակիչներուն բնակարաններու եւ կեանքի վերակառուցման, պահպանելով զանոնք ոտնձգութիւններէ։



Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • X
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Shirak, Verelk, Hai Mamul, Hai Guiank, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

bottom of page