Էրտողանեան Թուրքիան օսմանիզմի եւ փան-թուրանիզմի կայսրութեան երազներուն եւ վտանգաւոր խաղերուն մէջ
Հեռաձայնային խօսակցութիւններ հայ, քիւրտ, արաբ, ասորի ականաւոր դէմքերու հետ:

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ – Պուէնոս Այրէս – Ստեփանակերտ – Երեւան – Տիալէ - Գամիշլի

ԴԱՒԻԹ ԲԱԲԱՅԱՆ – Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար – Ստեփանակերտ, Արցախ։
«Թուրքիոյ պարագային, մենք ունինք պետականօրէն հովանաւորուած ահաբեկչական քաղաքականութիւն եւ այս համակարգին մէջ՝ Թուրքիա շատ սերտ կապեր հաստատած է զանազան ահաբեկչական եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն հետ։ Արցախի ժողովուրդը դիմագրաւեց 2020 թուականի Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած եւ Թուրքիոյ անմիջական մասնակցութեամբ պատերազմը՝ որուն իրենց օժանդակութիւնը բերին նաեւ հազարաւոր ահաբեկիչ զինեալներ, որոնք տարածաշրջան բերուած էին Թուրքիոյ կողմէ։ Անոնց մէջ կային Իսլամական Պետութեան եւ այլ ահաբեկչական խումբեր։ Այս համագործակցութիւնը մեծ սպառնալիք է տարածաշրջանին եւ համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան համար։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է պատշաճ ձեւով անդրադառնայ այս իրավիճակին՝ սակայն դժբախտաբար, որեւէ հակազդեցութիւն չենք տեսներ։ Չկամութիւնն ու անկարողութիւնը հակադարձելու՝ յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով։ Աշխարհը բաւականին սահմանափակ ժամանակ ունի զարգացնելու եւ գործադրելու յարմար ռազմավարութիւն։ Եթէ այս չպատահի, ապա եւ շատ ուշ պիտի ըլլայ եւ ահաւոր հետեւանքներ պիտի ունենայ»։ (Քրտական «ԱՆՀԱ Հաւար» գործակալութեան շնորհած հարցազրոյցէն)

ՄԵՀՄԵՏ ՏՈՂԱՆ – «Քիւրտիստան Լատին Ամերիկա» թերթի խմբագիր, դասախօս, քաղաքական կառկառուն գործիչ - Պուէնոս Այրէս, Արժանթին։
«Թուրքիոյ մերօրեայ Սուլթան Էրտողան, կը շարունակէ Օսմանեան կայսրութեան ժողովուրդներուն ահաւոր չարիքներ պատճառած եւ պետութիւնը կործանած «Իթթիհատ Վէ Թերաքքի» չարանենգ կուսակցութեան քաղաքականութիւնը։ Անոր կայսերապաշտական, «նէօ-օսմանիզմ»ի ծրագիրներն ու ախորժակները շատ մեծ են եւ դժբախտաբար կը վայլելէ մեծ պետութիւններու ուղղակի թէ անուղղակի աջակցութիւնը, անոնց պատուէրներով միջամուխ ըլլալով Միջին Արեւելքի երկիրներուն թէ Կովկասի, հասնելով Միջին Ասիա…։ Իր գործած ոճիրները, կոտորածները, ցեղասպանութիւնները, տեղահանութիւնները հայերու, քիւրտերու, ասորիներու, քաղդէացիներու ոտնձգութիւնները Սուրիոյ, Իրաքի, Արցախի թէ Հայաստանի, Կիպրոսի թէ Յունաստանի դէմ՝ չափ ու սահման չի ճանչնար։ Օգտուելով մեծ տէրութիւննեծու միջեւ հակասութիւններուն, Էրտողանեան քաղաքականութիւնը մեծ վտանգ մըն է»։

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – «California Courier» թերթի խմբագիր, «Արցախ Ֆոնտ»ի տնօրէն, քաղաքական ականաւոր գործիչ եւ վերլուծաբան – Լոս Անճելըս, ԱՄՆ։
«Թուրքիոյ մերօրեայ ինքնակոչ Սուլթան Էրտողան՝ յառաջ կը տանի նոր Օսմանեան կայսրութիւն ստեղծելու իր ծրագիրներն ու երազները, իր բազմաթիւ թրքազգի թէ օտար գործակիցներուն հետ՝ միջամուխ ըլլալով իր դրացի երկիրներու ներքին հարցերուն, ռազմական թէ քաղաքական միջամտութեամբ, օգտուելով մեծ տէրութիւններու միջեւ տեղի ունեցող տարակարծութիւններէն, մրցակցութիւններէն, անընդհատ կողմ եւ դիրք փոխելով, յառաջ տանելով իր զաւթողական ծրագիրները։ Էղտողանեան վերջին արկածախնդրութիւնները՝ Հայաստանի թէ Կովկասի մէջ, 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Արցախի թէ մեր հայրենիքներուն դէմ՝ իր գործակից գործակալներով, կալուածներ թէ հողեր գնել ու սեփականացնելն է Հայաստանի մէջ։ Կոչ կ’ընեմ մեր հայրենակիցներուն, որ երբեք իրենց տուներն ու կալուածները չծախեն թուրքին, ազերիին եւ անոնց հետ համագործակցող հայանուններուն։ Եթէ Հայաստանի պետութեան այս անփոյթ եւ անհեռատես քաղաքականութիւնը շարունակուի՝ շուտով երկիրը պիտի ողողուի թուրքերով եւ ազերիներով, որուն դժբախտ աւարտը պիտի ըլլայ հայրենիքի կորուստը»։

ՇԷՅԽ ՄԻՐԶԱ ՍԵԼԱՐ– Շիա քիւրտ կրօնական եւ քաղաքական հայասէր առաջնորդն Տիալէ - Իրաք։
«Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ռազմաքաղաքական այս շիկացած մթնոլորտին մէջ՝ որուն գլխաւոր պատասխանատուն՝ այդ երկրի ամերիկեան մանկլաւիկ, յիմար ղեկավարն է՝ սադայէլատիպ Էրտողան անմիջապէս առիթէն կ’օգտուի, բազմատեսակ շահեր ապահովելով իրեն եւ իր բռնապետական համակարգին համար։ Ինչպէս Էրտողան, այնպէս ալ Թուրքիոյ բոլոր աթաթուրքեան ղեկավարները օսմանեան եւ թուրանական նկրտումներ ունին՝ որուն նպատակներն են տիրապետել Թուրքիոյ արեւելեան հատուածներուն, Կովկասի եւ տարածաշրջանի վրայ, մինչեւ Թիֆլիս եւ Ազրպէյճան։ Նաեւ, օգտուելով ռազմաքաղաքական իրավիճակներէն՝ արդէն իսկ զաւթած է Իրաքի թէ Սուրիոյ տարածքներ, խառնուելով Ափրկէի խռովայոյզ երկիրներու ներքին հարցերուն։ Էրտողան կ’ուզէ ցոյց տալ, թէ իբր թէ ամերիկամէտ է, սակայն անընդհատ կը խաղայ Ամերիկայի թէ Ռուսիոյ միջեւ, օգտուելով իր աշխարհագրական դիրքէն, որպէս Ռուսիոյ «հարեւան»։ Կը վախնանք, որ Ռուսիոյ զբաղուածութիւնը դարձեալ շահագործելով, Էրտողան կրնայ դրդել իր խամաճիկ Ազրպէյճանի նախագահը, որ յարձակի Հայաստանի վրայ… կամ ալ գոհացնելու համար Ամերիկան, կրնայ միջամտել Իրանի մէջ, որպէս վրէժխնդրութիւն Ուքրանիայէն։ Այսպիսի իրավիճակի մէջ – Աստուած չընէ – Ամերիկան կրնայ հարուածել Իրանը, առանց նախազգուշացման կամ արդարացման։ Էրտողան, որ հռչակ ունի իր ստորնութեամբ, կրնայ հրաւիրել, դրդել Իսրայէլը, որ Իրանի վրայ յարձակի Ազրպէյճանի վրայով։ Ան պատրաստ է ամէն ուղղութեամբ շարժիլ, իր չարանենգ ծրագիրներու իրագործման համար, վայելելով իր նման ոճրագործ եւ մարդկային որեւէ խիղճէ եւ յատկութենէն զուրկ համագործակիցներ՝ Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի դաշնակից-գործակիցներու ոռոճացող նախճիրներու նեցուկն ու համագործակցութիւնը»։

ԱՊՏԸԼ ՍԱԼԱՄ ԱՀՄԱՏ– Հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ ինքնավարութեան ներկայացուցիչ Լիբանանի մէջ։ Քաղաքական քիւրտ ղեկավար, գործիչ։
«Օսմանեան կայսրութեան կործանումէն ետք, Աթաթուրքեան Թուրքիան, իր գոյութիւնը պահպանելու համար, կեղծ բարեկամութեան քաղաքականութիւն խաղցաւ պոլշեւիկեան Ռուսիոյ եւ Խորհրդային Միութեան հետ՝ մինչեւ 1935, որմէ ետք դարձաւ դէպի նացիստական Գերմանիա, ապա Արեւմուտք, մասնակից դառնալով Քորէայի պատերազմին, նաեւ որպէս անդամ՝ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու շարքին։ Օգտուելով իր աշխարհագրական դիրքէն, որպէս սահմանամերձ երկիր Խ. Միութեան՝ Անգարա տասնամեակներ շարունակ լայնօրէն օգտուեցաւ համաշխարհային երկու բեւեռներուն՝ Ա.Մ.Ն.ի եւ Խ. Միութեան մրցակցութենէն։
Այժմ, երբ նոր պետութիւններ ի յայտ եկած են ու մեծ տէրութիւններու միջեւ պայքարը իրենց շահերուն համար արդէն գագաթնակէտին հասած է, հրապարակ իջած Էրտողանեան Թուրքիան կը փորձէ դրացի երկիրներու հողերը զաւթելով, ենիչերիական բազմահազար զօրք հաւաքելով ինչպէս Միջին Արեւելքի, այնպէս ալ Կեդրոնական Ասիոյ թրքազգի ժողովուրդներէն՝ ամէն տեղ աւերածութիւններ ու պատերազմներ կը հրահրէ՝ յառաջ քաշելով իր օսմանական եւ թուրանական երազներն ու ծրագիրները՝ Սուրիայէն մինչեւ Հայաստան, Ղազախստան ու Չինաստան…։ Այս վտանգին առաջքը առնելու համար, առանց ժամանակ կորսնցնելու՝ պէտք է համախմբուին թուրք-ազերիական կրօնական-ծայրայեղականութեան բազմիցս զոհ դարձած ժողովուրդները, ուժերը»։

ԴԱՒԻԹ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ – Հ.Հ. Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան նախկին պետ, քաղաքական ազգային գործիչ, վերլուծաբան – Երեւան, Հայաստան։
«Օսմանեան կայսրութիւնը պէտք է յիշեցնենք, որ հասած է Եւրոպայի սիրտը՝ Վիեննա՝ անցեալին։ Այսօր, Էրտողանեան Թուրքիան ինքզինք կը համարէ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգը, եւ կը փորձէ ամէնուրեք տարածուիլ, միջամուխ ըլլալ, Կովկասէն մինչեւ Խրիմ եւ Ուքրանիա։ Այնպէս կ’երեւի, որ Հայաստանն օրինակ էր Ուքրանիոյ համար, բայց անոնք այդ չհասկցան։ Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ միջեւ, Ուքրանիան ընտրեց Թուրքիան։
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան վերաբերեալ, Թուրքիոյ հռետորաբանութիւնը մէկ շաբթուան ընթացքին փոխուեցաւ։ Ալիեւ, կարծես թէ մոռցած է վերջերս Քիեւի մէջ ստորագրած համաձայնագրերու մասին՝ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Ուքրանիոյ քաղաքական եւ ռազմական աջակցութեան մասին։ Ան չէզոք դիրք գրաւած է, հակառակ որ թրքական եւ ազրպէյճանական զանգուածային լրատուական միջոցները նոյն հակա-ռուսական քարոզչութիւնը կ’իրականացնեն, ինչպէս ուքրանական լրատուական միջոցները»։
ՆԱՐԱՄՍԻՆ ԱՔՔԱՏ – Սուրիացի-ասորի քաղաքական եւ զանգուածային լրատուական միջոցներու վերլուծաբան, գրող, մտաւորական – Քամիշլի Սուրիա։
«Հակառակ իր «սարքած» թատերա-քաղաքական յայտարարութիւններուն, գործունէութեան, Էրտողան կը մնայ ՆԱԹՕ-ի անփոխարինելի «սեւ» գործերու եւ առաքելութեանց ընտրեալ «մարդը», Իրաքէն՝ Սուրիա, Հայաստանէն՝ Արցախ եւ Ազրպէյճան, Վրաստան ու Կովկաս, Կասպեան աւազանէն՝ Խրիմ ու Տոնպաս։ Միջազգային փորձուած լարախաղաց մը, որ բազմաթիւ դիրքեր եւ առերես քաղաքականութիւն փոխելով, իրականացուց իր տէրերուն բազմատեսակ ծրագիրները, մահ եւ աւեր սփռելով ամէնուրեք։ Այստեղ՝ հիւսիսային Սուրիոյ, Իրաքի, նոյնինքն Թուրքիոյ, Հայաստանի, Արցախի մէջ, միաժամանակ սպառնալով բազմատեսակ խառնակչութիւններ հրահրել Արեւմտեան թէ Արեւելեան Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն մէջ, հովանաւորելով Իսլամական Պետութեան եւ անոր ոճրագործ մանկլաւիկներուն զազրելի ոճիրները»։
***
Կարելի է վկայութիւններու, վերլուծութիւններու շարանը անվերջ շարունակել, որովհետեւ արդէն բոլորին յայտնի է Թուրքիա կոչուած ցեղասպան, պետութեան խաղցած դերը տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը խախտելու, կոտորածներ եւ ցեղասպանութիւններ կազմակերպելու նոյնիսկ 21-րդ դարու այս օրերուն, առանց հաշուեյարդարի ենթարկուելու, արժանի պատիժը ստանալու, որովհետեւ մեծ տէրութիւնները պէտք ունին անոր՝ իրենց սեւ գործերը անուղղակիօրէն իրականացնելու՝ վտանգելով համաշխարհային խաղաղութիւնը։