top of page

Միխայիլ Կորպաչով Խ. Միութիւնը կործանեց, Նիկոլ Փաշինեան՝ Հայաստանն ու Արցախը կործանման եզրին հասցուց

Զուգահեռներ՝ երկու «դրածոյ»ներու միջեւ…



Համօ Մոսկոֆեա, Պէյրութ


Վերջերս, գերմանական պատկերասփիւռը երկարատեւ հարցազրոյց մը հեռասփռեց «Կորպաչովի Ողբերգութիւնը» վերտառութեամբ։ «Փերեսթրոյքայի տխրահռչակ հայրը» իր թաթար կնոջ հետ՝ որ քաղցկեղէ մահացաւ եւ մեծ ազդեցութիւն ունէր Խ. Միութեան երբեմնի ղեկավարին վրայ՝ մանրամասն պատմեց իր «քաջագործութիւն»ները։ Այսինքն՝ վերացնել տալ «անձնասպանութեամբ» փառապանծ զօրավարներ, վերացնել Ռումանիոյ նախագահ Նիքոլայ Չաուչեսքուն՝ որ երկիրը յետամնաց երկրագործական պետութենէն վերլուծած էր ճարտարարուեստական ծաղկուն ընկերվարական հանրապետութեան։ Ան ձերբակալուեցաւ իր տիկնոջ՝ Ելենայի հետ, հրամանովը Կորպաչովի մանկլաւիկ Իոն Իլիեսքու զօրավարին՝ որ խայտառակ կերպով որպէս դրամաշորթ, հրաժարեցաւ «անկախ» Ռումանիոյ նախագահութենէն։ Կորպաչով վերյիշեց նաեւ հաւատարիմ հակա-նացիստ, դեմոկրատական Գերմանիոյ ղեկավար Էրիլ Հոնեքերի ու պետութեան «վաճառք»ին մասին՝ «Volkswagen»ի գործարանի մը գինով (6 միլիառ տոլար» ըստ Հայաստանի մէջ Եգիպտոսի նախկին դեսպան Սայիտ Իմամի)։ Տակաւին ամբողջ «Վարշաւիոյ Ուխտ»ը կազմաքանդել, Սումգայիթի եւ Պաքուի հայկական կոտորածները հրահրել, յետոյ՝ իրմէ աւելի արեւմտամէտ Պորիս Ելցինը հրապարակ իջաւ, Խ. Միութիւնը եւ անոր դրօշը իջեցնելով գերեզման։


Աւելին, շուրջ մէկ միլիառ «պարգեւավճառ» ստանալով, 2 միլիոն խորհրդային հրեայ, հուգարական «Մալէվ»ի ինքնաթիռներով փոխադրեց Իսրայէլ։


Վերադառնալով գերմանական պատկերասփիւռային հարցոզրոյցի աւարտին՝ գերմանացի լրագրողը հարց տուաւ իր «հերոսութիւններով» յոխորտացող Կորպաչովին. «Սակայն չէ՞ք կարծեր որ այսպիսի «նուաճումներ»ով դուք միլիոնաւոր անձեր դժբախտացուցիք»։ Պահ մը մռայլեցաւ Կորպաչովի դէմքը, մանաւանդ որ աւելի քան տասնամեակ մը պէտք եղաւ, որպէսզի Ռուսիա՝ շնորհիւ Վլատիմիր Փութինի եւ բանակին՝ կարողանայ իր տեղը գրաւել Մեծ Պետութիւններու շարքին՝ հսկայական ֆինանսական եւ մարդկային կորուստներով։


2018 թ.ին, «Թաւշեայ» այսպէս կոչուած «յեղափոխութեամբ»՝ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ իշխանութեան եկաւ նախկին «դեղին» լրագրող, բազմաթիւ «տեղական» թէ միջազգային հետախուզական վարչութիւններու փոփոխամիտ «դրածոյ» Նիկոլ Փաշինեան։ Օգտուելով նախկին իշխանաւորներու եւ օլիկարխներու սխալներէն, բոլորին սպառնալով «մայթերուն ծեփել» ձերբակալութիւններու եւ աւազակներէն ինքն ալ հսկայական ֆինանսներ թալանելով՝ այս բախտախնդիրին պիտի վիճակուէր միայն երկու տարուան մէջ քայքայել Հայաստանն ու Արցախը, հայոց միշտ յաղթական բանակը։ Անշուշտ, փառաբանուելով նաեւ Սփիւռքի միամիտ հայ քաղաքական ու կղերական որոշ շրջանակներու եւ մանաւանդ Կլէնտէյլի «աղբանոց»ին մէջ ծուարած քրէական հեղինակութիւններու, «նարքո-պարոն»ներու, credit card-եր կեղծողներու, կողմ փոխած «Լֆիկ-Լիպջիկ»ներու, «Կռզօ»ներու պաշտպանութիւնը եւ ֆինանսաւորումը վայելելով՝ յառաջ տարաւ իր ծրագիրը, որուն համար զի՛նք բերած էին իշխանութեան։ Աւելին, Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հ.Հ. նախագահ կարգուած «Համպըրկըր»ի եւ պաղպաղակի մեծաբարոյ Արմէն Սարգսեան, որ ո՛չ մէկ իրագործում իրականացուցած է, միայն Նիկոլ Փաշինեանի խելագար որոշումները ստորագրել, ձերբակալութիւնները ծափահարել, աւելի խորացնելով Հայաստանցի-ղարաբաղցի հրահրուած թշնամանքը։


Մի քանի օր առաջ միայն, իր Լոնտոնի տէրերէն ցուցմունք ստանալով՝ յանկա՛րծ պահանջեց կառավարութեան հրաժարականը, արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը, երբ հազարաւոր քաղաքամայր Երեւանի փողոցներուն մէջ ցոյցեր կազմակերպելով, կը պահանջէին «Նիկոլ Դաւաճան»ի եւ իր խայտառակ կառավարութեան հրաժարականը։ Աւելին, Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարար, «Ճէյմզ Պոնտ» Դաւիթ Տոնոյեանի զէնքերու անհաւատալի վաճառքը Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու, drone-ներ գնելու անհասկնալի մերժումը, Արծրուն Յովհաննիսեան կոչուած Պաշտպանութեան նախարարի 100 տոկոս ստահոտ տեղեկագիրները (ըստ Արցախի երբեմնի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանի՝ որ Երեւան կանչուած էր գետինը մտնելիք «Էրատօ» Աննա Յակոբեանի քսութեամբ, պատերազմի թոհուբոհին մէջ…)։


Մէկ խօսքով, մենք ահաւոր պարտութիւն կրեցինք, 1988-1994 թթ. Պատմական յաղթանակներէն ետք։ Մետասաներորդ ժամուն, Արեւմուտքէն դեռ օգնութիւն սպասող «Սորոսական» Փաշինեան, ստորացուցիչ պայմաններով զինադադար կնքեց, դառնալով այս անգամ Ռուսիոյ հլու-հնազանդ մանկլաւիկը, իր աթոռը պահպանելու համար:

SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
bottom of page