top of page

Մուհամատ Շամտին Աղա, Հազեմ Պէկ Շամտին, Սաատ Շամտին Աղա. Հայ ժողովուրդի քիւրտ փրկիչները այսօր

Մուհամմատ Շամտին Աղա՝ այդ ժամանակուան Զախոյի կառավարիչը, մերժած է Իթթիհատական բորենիներուն պահանջքը՝ կոտորել իրեն յանձնուած հայ թէ քրիստոնեայ հազարաւոր տեղահանուածներին։

Համօ Մոսկոֆեան, Զախօ – Իրաքեան Քիւրտիստան


2013 թուականին էր, Իրաքեան Քիւրտիստան առաջին այցելութեանս ընթացքին, Տհոքի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կից Առաջնորդարանի հիւրասենեակին մէջ՝ առաջին անգամ լսեցի քիւրտ մեծ հայասէր ու մարդասէր Մուհամմատ Շամտին Աղային եւ Հազէմ Պէկ Շամտին Աղային մասին։ Տհոքի համալսարանի քրտերէն լեզուի դասախօս, Իրաքեան Քիւրտիստանի Հայոց Պատմութեան գիտակ Վարդգէս Սարգիսեան պատմեց, թէ ինչպէս 1915 թուին Հայոց եւ Թուրքիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան դժնդակ օրերուն, Մուհամմատ Շամտին Աղա՝ այդ ժամանակուան Զախոյի կառավարիչը, մերժած է Իթթիհատական բորենիներուն պահանջքը՝ կոտորել իրեն յանձնուած հայ թէ քրիստոնեայ հազարաւոր տեղահանուածներ։ Աւելին՝ անոնց պատսպարելէ եւ պահպանելէ ետք, 1924 թուին օդանաւի ահաւոր արկածով նահատակուած Մուհամմատ Շամտին Աղային արժանի ժառանգը՝ Հազիմ Շամտին Պէկ, Զախոյի հայերուն կը նուիրէ հողային տարածք՝ ուր 1924 թուին կը կառուցուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին, որ այսօր ամբողջապէս կը վերակառուցուի Հունգարական կառավարութեան ու Եւրոմիութեան օժանդակութեամբ։ Այս քիւրտ ազգային ու քաղաքական մեծ դիրքերը, որոնք Իրաքի Սահմանադրութեան ու Պետութեան հիմնադրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած են, Զախոյի, Հաւրէզքի, Աւզրուկի, Իշֆքենտէրի մէջ կը հիմնադրեն հայկական գիւղեր, իրենց իսկ հողային կալուածները նուիրելով հայերուն։


Հռոմի Կաթողիկէ Քահանայապետ Պիոս ԺԱ., 24 Հոկտեմբեր 1925 թուի կոնդակով, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Գասպարիի ստորագրութեամբ, Զախոյի քիւրտ ազնուական Մուհամմատ Շամտի Աղային կը շնորհէ Ասպետաց Բարձրագոյն շքանշան։ Այս բոլորը, ինչպէս Կաթողիկէ եւ Լատին, այնպէս ալ Միջագետքի, Քիւրտիստանի, Փոքր Հայաստանի քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան համար։


Դժբախտաբար, 1924 թուին, օդանաւի ցաւալի արկածէ զոհ դարձած Մուհամմատ Շամտին Աղայի ի յիշատակ վսեմաշուք յուղարկաւորութենէ ետք, Բաբելոնի Լատին եպիսկոպոսապետ Տոմինիք Պերիէի ձեռամբ՝ Պիոս ԺԱ. Հռոմի Պապին շքանշանը կը յանձնէ հանգուցեալի որդուոյն՝ Հաճի Աղային՝ ներկայութեամբ քայիմաքամին, ոստիկանութեան ու Զախոյի քիւրտ ցեղախումբերու ղեկավարութեան։


2021 թուին, Հոկտեմբերեան պայծառ օր մը, Հաւրէզքի գիւղապետ, հերոս Մուրատ Վարդանեանի հետ կ’ուղղուինք սահմանային Զախօ քաղաքը, ուր մեզի իր ապարանքին մուտքին ջերմօրէն կ’ընդունի Մուհամմատ Շամտին Աղան։ Գեղեցկադէմ, հեզահամբոյր երիտասարդ մը, իր տան դուռը լայնօրէն կը բանայ եւ յատուկ հրաւիրուած լուսանկարիչէն ու տեսաերիզի մասնագէտի ուղեկցութեամբ կը հիւրընկալուինք այն հայասէր ու մարդասէր օճախին մէջ, որուն սեփականատէրը հազարաւոր հայեր ու քրիստոնեաներ փրկած էին իթթիհական բորենիներու ճիրաններէն՝ ցեղասպանութեան օրերուն։ Հիւրասենեակի ճակատին, իր ամբողջ վեհութեամբ իր հայեացքը ուղղած է Մեծն Շամտին Աղային մեծադիր լուսանկարը։ Այստեղ է որ գրեթէ ամէն օր, աշխարհի բոլոր ծագերէն վերապրողներու սերունդներու ներկայացուցիչները, քրիստոնեայ թէ մահմետական համայնքներու կրօնական առաջնորդները, հազարումէկ պահանջներով այցելուները գրկաբաց կ’ընդունուին, կը հիւրասիրուին, եւ բաւարարուած հրաժեշտ կու տան Սաատ Շամտին Աղային։

Մեզի կը փոխանցուի այդ երախտաշատ գերդաստանին մեծանուն դէմքերուն մասին արխիւային նիւթերու պատճէններ, նաեւ պատմական փաստեր, երբ եւ ինչպէս մազապուրծ փրկուած հայու բեկորները, իբրեւ շնորհակալական ժեստ կը ներկայանան Մուհամմատ Շամտին Աղային, առաջարկելով կրօնափոխ ըլլալ։ Ան կը զայրանայ եւ կը յայտնէ թէ պէտք է ամուր մնալ իրենց հաւատքին վրայ, որուն համար հալածուեցան եւ կոտորուեցան։ Ապա, Հռոմի Պապ Պիոս ԺԱ.ի կոնդակը, Ասպետներու շքանշանով, պատմութեան մէջ առաջին անգամ քիւրտ ղեկավարի մը պատուելու աննախընթաց երեւոյթը կը խոստանանք ոչ թէ միայն յօդուածներով՝ այլեւ յատուկ գիրքով մը անմահացնել հայ ժողովուրդի փրկիչներէն՝ Շամտին Աղաներու յիշատակը, մանաւանդ որ Իրաքի Հայոց Առաջնորդութիւնը, նախաձեռնութեամբ Աւագ Ասատուրեան Սրբազանին, 31 Օգոստոս 2021-ին, պաշտօնական նամակով շնորհակալութիւն կը յայտնէ Սաատ Շամտին Աղային եւ Սուլէյֆանի ցեղախումբի անդամներուն, յանձինս Մուհամմատ Շամտին Աղային եւ Հալիմ Պէկ Շամտինին, ոչ միայն հայերու կեանքերը փրկելու համար Մեծ Եղեռնի օրերուն, այլեւ հողամաս տրամադրելու Զախոյի մէջ Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին կառուցելու 1923 թուին։

Դարձեալ հանդիպելու խոստումով, վայելելով աննախընթաց հիւրասիրութիւնն ու հիւրընկալութիւնը այս եզակի գերդաստանի արժանի շառաւիղին, հրաժեշտ կու տանք Զախոյին, վերադառնալով Տհոք։


コメント


SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
bottom of page