top of page

Խամաճիկ Զելենսքիէն ետք, կարգը ազեր-թուրք խալիֆայութեան Հայաստանի սատրափ-կուսակալ Փաշինեան բռնապետին հասած է

  • Foto del escritor: Redacción NOR SEVAN
    Redacción NOR SEVAN
  • hace 4 horas
  • 2 Min. de lectura

Երկուքն ալ Արեւմուտքի եւ Սորոսի կողմէ իշխանութեան հասած խամաճիկներ, որոնց նպատակն է թշնամացնել իրենց երկիրները ստեղծած՝ Հայ ժողովուրդին 3 հանրապետութիւն շնորհած, կառուցած, սահմանները պաշտպանած Ռուսիան:


ree

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Երեւան-Պէյրութ-Մոսկուա-Քիեւ (Հեռախօսով)


Իր ամբողջ լարախաղացութիւնները, խարխլած խամաճիկի աթոռը պահպանելու բոլոր փորձերը, նոյնիսկ Համաշխարհային Պատերազմի երթալու գինով՝ Զելենսքին խայտառակ պարտութիւն կրեց Փութինէն, որուն ռազմավարական դաշնակիցն էր Ուքրանիան մօտիկ անցեալին: Աւելի քան 1,5 միլիոն նահատակ եւ հաշմանդամ, քարուքանդ եղած քաղաքներ եւ աւաններ, շուրջ 12 միլիոն ուքրանացիներ առյաւէտ փախած երկրէն…: Աւելին՝ միլիառաւոր տոլարներու յափշտակում, իւրացում՝ Քիեւի վարչակարգի լարախաղացներուն կողմէ՝ որոնց մէկ մասը փախուստի դիմած է՝ փորձելով խուսափիլ բանտարկութենէն եւ ձերբակալութենէն՝ ներքին թէ արտաքին երէկի «բարերար»ներուն կողմէ, որոնք կը կարծէին թէ պիտի կարողանան տապալել Մոսկուան, յափշտակելու Ռուսիոյ հսկայական հարստութիւնները:


Այժմ, Ուքրանիա կոչուած արհեստածին (ինչպէս Ազրպէյճանը) պետութեան մէկ երրորդը բռնի վերադարձուած է Ռուսիոյ, Քիեւի վրայ դրուած են ծանր պայմաններ, Արեւմուտքի կողմէ ալ նոր գաղութատիրութիւն, ստրկացում: Յիշեցնենք որ շուրջ 40 տարի, Խ. Միութեան ղեկավարներ, համաշխարհային ականաւոր դէմքեր Անտրէյ Կրոմիքօ, Նիքիթա Խրուշչեւ, Անաթոլի Տոպրինին, Նիքոլայ Պուլկանին, Լէոնիտ Պրեժնեւ Ուքրանիայէն էին, մինչ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի ընթացքին, այդ երկիրը, որ Լենին եւ Սթալին ստեղծած էր, տուաւ բազմաթիւ հերոսներ, միլիոնաւոր նահատակներ, զօրավարներ, օդաչուներ, ծովակալներ՝ Նացիզմի դէմ արիւնալի պայքարին մէջ:


Այսօր, Ազեր-Թուրք խալիֆայութեան Հայաստանի սատրափ-կուսակալ Փաշինեանի եւ Զելենսքիի միջեւ նմանութեան շատ երեսներ կան: Երկուքն ալ Արեւմուտքի եւ Սորոսի կողմէ իշխանութեան հասած խամաճիկներ, որոնց նպատակն է թշնամացնել իրենց երկիրները ստեղծած՝ Հայ ժողովուրդին 3 հանրապետութիւն շնորհած, կառուցած, սահմանները պաշտպանած Ռուսիան: Փաշինեան Սատրափը, Արցախի յանձնման մէջ գլխաւոր դեր խաղալէ ետք, իր դաւաճանութեան մանկաւիկներ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի կուսակցականներուն հետ:


Աւելին, իր 3000-նոց վայրենի ոստիկաններու վոհմակով, ֆինանսաւորուած Պաքուի եւ Անգարայի խալիֆայութեան կողմէ, հաստատած է վայրագ բռնատիրութիւն, ամէնօրեայ ձերբակալութիւններով, ծեծ ու ջարդով, անվերջ սպառնալիքներով, Սփիւռքի թէ Հայաստանի ընդդիմադիրներուն հանդէպ: Երկրէն դուրս, հայ ժողովուրդի ոխերիմ թշնամիներուն առջեւ «փիսիկ» դարձած այս բազմերես ճիւաղը, իր վախճանի մօտալուտութիւնը զգալով խելագարութեան ջղաձգումներէ կը տառապի, աւելի եւս կործանման տանելով բիւրաւոր նահատակներուն արիւնով ազատագրուած 3-րդ հանրապետութիւնը: Զելենսքիի նման ի զուր փորձելով պահել իր «թանկագին» աթոռը, Փաշինեան պատրաստ է իր սահմանները բանալ Հայոց Ցեղասպանութիւններո եւ կոտորածներու կազմակերպիչներ թուրքերու եւ ազերիներու առջեւ իբր թէ «խաղաղութիւն», «տնտեսական համագործակցութիւն» եւ այլ կարճատեսերէնն վտանգաւոր ծրագիրներով, որուն պատճառով ամբողջ Հայաստանի հանրապետութիւնը կրնայ զաւթուիլ ազերի-թուրք կեղտոտ դրամագլուխով եւ «գործարարներով, ինչպէս որ պատահեցաւ Վրաստանի, մանաւանդ Պաթումիի մէջ:


ree

Տակաւին Մայր Հայրենքի թէ Սփիւռքի մէջ կաշառուած շրջանակներուն մէջ կան միամիտներ, որոնք Փաշինեանը (Զելենսքիի նման՝ Ուքրանիոյ մէջ), կը տեսնեն որպէս «Փրկիչ»…:


Քաղաքամայր Երեւանի կեդրոն, «Հիւսիսային պողոտայ» կոչուած «թայլանտական Փոթփոնկ»ի խառնարանով զմայլած, անոնք չեն ուզեր տեսնել այն արիւնլուայ սուրը, որ կախուած է հայ ժողովուրդի գլխուն վրայ: Ըստ միջազգային եւ տարածաշրջանային քաղաքական վերլուծաբաններու՝ Զելենսքիի անփառունակ աւարտէն ետք, կարգը պիտի գայ Փաշինեան Սատրափ-կուսակալին՝ իր մեղքերը քաւելու, արժանի պատիժին արժանանալէ ետք:

Comentarios


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • X
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Shirak, Verelk, Hai Mamul, Hai Guiank, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

bottom of page