Լիբանանի ահաւոր պայթիւնը եւ հայոց ողբերգութիւնը՝ ահազանգ Մայր Հայրենիքի վարչակարգին
Պէյրութահայ լրագրող՝ ընկեր Համօ Մոսկոֆեան, կը պատմէ թէ ինչպէս չքնաղ Լիբանանը հասցուցին կործանման եզրին և Հայաստանի վտանգներու մասին:
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Պէյրութ
Այն ինչ որ պատահեցաւ 4 Օգոստոսի երեկոյեան Պէյրութի նաւահանգիստին եւ շրջակայքին մէջ՝ կարելի է համարել 21-րդ դարու մարդկային ողբերգութիւններէն։ Մէկ կողմէն Լիբանանի պետութեան եւ իրարայաջորդ կառավարութիւններու անհոգ եւ ապականած ընթացքը՝ եսակեդրոն եւ ագահ ղեկավարներու խայտառակ դրսեւորումները՝ միւս կողմէն աշխարհակալ պետութիւններու եւ անպատիժ ոճրագործութիւններով Միջին Արեւելքը ահաբեկչութեան եւ սարսափի մէջ պահող եղեռնագործ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու, իսլամ-ֆաշիստ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան՝ չքնաղ Լիբանանը հասցուցին կործանման եզրին։
20-րդ եւ 21-րդ դարուն ցեղասպանութեան, տեղահանութեանց բազմիցս ենթարկուած Կիլիկիոյ հայերը, Արեւմտեան Հայաստանի մեր եղբայրներն ու քոյրերը, այսօր կանգնած են վտանգներով եւ արհաւիրքներով լեցուն խաչմերուկ-ժամանակաշրջանի մեծ առաջ։ Պառակտուած Հայաստան, ազերի-թուրքի եաթաղանի սպառնալիքի տակ ապրող հերոսական Արցախ եւ իբր թէ ազատ-անկախ, այսինքն բորենիներու շրջապատի մէջ անտէր մնալու զարմանալի ցանկութեամբ տառապող հայրենի նորելուկ պետական այրեր։ Արեւելեան Հայաստանն ու Արցախը 1795 եւ 1826 թթ.ն ազատագրուած են Ցարական Ռուսիոյ կողմէ, հայազգի մեծ զօրավարներու եւ անձնազոհ «խենթ»երու հերոսական պայքարով։ Ազատագրուած այդ տարածքին վրայ է որ կազմաւորուեցան Հայաստանի երեք հանրապետութիւնները, որուն սահմանները կը պաշտպանուին ցեղասպան Թուրքիոյ եւ ոճրագործ Ազրպէյճանի դէմ ռուսական 102-րդ կայազօրին եւ գլխաւորաբար ռուսական արդիական զէնքերով օժտուած, ռուսական ռազմական կրթութեամբ կարող հայ զօրավարներով։
Ամէն օր եւ ամէն առիթով փեթրօտոլարներով յղփացած ազերի ղեկավարները ու ցեղապաշտական մոլուցքով տառապող ռազմա-քաղաքական հիւանդագին գոյութիւնները՝ ոչ միայն կը պահանջեն ազատագրուած Արցախը, այլեւ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքն ու մայրաքաղաք Երեւանը, որպէս պատմականօրէն անգոյ «Ազրպէյճան»ի գրաւեալ տարածք…։ Անշուշտ այս բոլորը հրահրողի, նէօ-օսմանիզմի արիւնախում «Սուլթան» Էրտողանի դաւերով է որ կացութիւնը աւելի ու աւելի վտանգաւոր կը դառնայ։ Մէկ կողմէն Նախիջեւանի մէջ թուրք-ազերի ռազմափորձեր, միւս կողմէն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքմէն եւ այլազգի վարձկաններ զինուորագրել եւ ուղարկել հայ-ազերիական ռազմաճակատ, տակաւին հաշուի չառնելով ամէնօրեայ խախտումները հայ-ազերիական սահմաններուն վրայ, բազմատեսակ սպառնալիքներով։
Իսկ մենք ի՞նչ ըրինք, 2018-էն տեղի ունեցած «յեղափոխութենէն» ետք, որպէսզի առաջքը առնէինք այս բացայայտ թուրք-ազերիական լկտի ու վտանգաւոր «մագլցում»ներո՞ւն։
- Ամէն առիթով եւ ամէն կերպ փակուղիի հասցնել հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, անարգական կեցուածքներով եւ յայտարարութիւններով նախագահ Փութինի եւ ռուսական պետութեան անդամներուն հանդէպ՝ Հայաստանը եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցները դարձնելով Նավալնիներու, Բաբաջանեաններու, Շիրինեաններու, Սաֆարեաններու նման մանկլաւիկ, գործակալ անձանց, դուրսէն ղեկավարուող դաւաճաններու հարթակի։
- Յարաբերութիւնները սրել ու խանգարել, մեր 2500 տարուան հարեւան, Ազրպէյճանն ու Թուրքիան միշտ զսպող, Իրանի իսլամական հանրապետութեան հանդէպ։ Աւելին, Թել Աւիւի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն բանալ, Արմէն Սմբատեանը նշանակելով «միակողմանի» դեսպան, մինչ Իսրայէլի դեսպան Պելլացերքովսկի Էլիանը մինչեւ այսօր չէ բարեհաճած «տեղաւորուիլ» Երեւան։ Իսկ իր պետութիւնը, բարձր «տեխնոլոգիա»ներով զինուած անօդաչու սարքերու եւ այլ զէնքերու մատակարարողն է Պաքուի ոճրագործներուն։
Իսկ եթէ Հայաստանի որոշ հանճարեղ ռազմական ու քաղաքական գործիչները կը կարծեն թէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ցեղասպանները չեն կրնար հարուածել Մեծամորի հիւլէակական ելեկտրակայանը՝ չարաչար կը սխալին։ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան օդուժը մեծ հաւանականութեամբ «Նիւթրոն» զէնք գործածեց զինք շողոքորթող եւ ամէնօրեայ «խաֆիէ» քրիստոնեայ որոշ ղեկավարներու ամէնէն ծաղկուն շրջանին մէջ, 300 հազար լիբանանցիներ անտուն դարձնելով։
- Սփիւռքի հետ, մանաւանդ Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքի գաղթօճախներուն հետ, որոնք 1947 թուին նեցուկ կանգնած էին Մայր Հայրենիքին, յարաբերութիւնները նուազագոյնի հասան վերջին տարիներուն։ Քանդելով Սփիւռքի երբեմնի նախարարութիւնը, Կլէնտէյլէն հրաւիրելով բազմաթիւ չքնաղ գաղափարներով, անցեալով ու ներկայով «փայլուն» անձնաւորութիւն մը որպէս «վարչութեան պետ», հայեացքները սեւեռուած էին միայն դէպի Ա.Մ.Ն. եւ Մոսկուա, ֆինանսական մեծ ակնկալիքներու տենչանքով՝ փաստօրէն «անտէր» ձգեցին Լիբանանն ու Սուրիան եւ այնտեղ իրենց ինքնութիւնը «արիւն-քրտինք» պայքարով պահպանող հերոս հայ-հայուհիներուն։ Հայրենադարձութեան ո՛չ մէկ ծրագիր, այլ «պարգեւավճարներով», «տոնքիշոթական» յայտարարութիւններով հանդէս եկող ղեկավարիկներ՝ որուն արդիւնքը մի քանի օր առաջ տեղի ունեցած Լիբանանի եւ Լիբանանի հայոց ահաւոր ողբերգութիւնն էր։
Եթէ մենք պիտի գոյատեւենք որպէս ազգ, Սփիւռք եւ հայրենիք, ապա եւ այս մակարդակի համագործակցութիւնը, փոխադարձ յարգանքն ու յարաբերութիւնները բաւարար չեն դիմագրաւելու ծառացող բազմաթիւ խիստ վտանգաւոր մարտահրաւէրները։
Comments