Լիբանան այսօր
Լիբանանը եւ Լիբանանի հայութիւնը դանդաղ քայլերով կ’ընթանայ դէպի խաւար, պետութեան մասնատում եւ կործանում:
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ
Արդէն աւելի քան երկու տարիներէ ի վեր ահագնացող քաղաքական, տնտեսական, ֆինանսական եւ ընկերային ճգնաժամը չափազանց պայթիւնավտանգ դարձած է Լիբանանի մէջ ըստ տեղեկութիւններու, շուրջ 800 միլիառ տոլար երկրէն դուրս բերուած է՝ հայրենասիրութեան դոյզն զգացումներէ զուրկ, աւազակաբարոյ ղեկավարիկներու եւ այս չքնաղ երկիրը իրենց սեփական ագարակի վերածած, քաղաքացիական պատերազմի ոճրատիպ անձերու կողմէ, որոնք պատանդ վերցուցած են երկիրն ու ժողովուրդը։ Ամիսներէ ի վեր, փրկութեան նոր կառավարութեան ձեւաւորման ոչ մէկ փորձ, հատուածական թէ դաւանական միջնադարեան բաժանումներով առաջորդուելով դէպի կատարեալ քաոս եւ անդունդ։ Արեւմտեան «մարդասէր» երկիրներէն, որոնք այնքան մտահոգ են սիոնիստական պետութեան ամէնօրեայ ներկայով եւ ապագայով՝ ո՛չ մէկ օգնութիւն կը ցանկանան ցուցաբերել չքաւորութեան կարիքներու, մթութեան թէ անորոշութեան մէջ ապրող Լիբանանի բազմաչարչար ժողովուրդին։ Աւելին, Քորոնա համաճարակին, 4 Օգոստոս 2020 թ. Պէյրութի նաւահանգիստի 6 մեկաթոն պայթումին (ուր ամբարուած էին Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը սնուցող մի քանի ոճրապետի գրպանները պարարտ տոլարներ լեցնող…), ապա մազութ եւ պենզինի իբր թէ անգոյութեան (թոներով Սուրիա մագսանենգելով), Լիբանանի թղթոսկիի գահավէժ անկումէն ետք, այժմ վտանգուած է նաեւ համացանցային ծառայութիւնը, Լիբանանը կատարեալ խաւարի մէջ մխրճելու սպառնալիքով։
Եթէ յեղափոխութեան կոչերով զանգուածային ցոյցերն ու բախումները ոչ մէկ արդիւնքի հասան մօտիկ անցեալին՝ ապա եւ անկառավարելի ժողովրդային պոռթկումներով կրնան Լիբանանը առաջնորդել դէպի միջ-համայնքային բախումներու, պետական կառոյցներու վրայ յարձակումներու, բախտախնդիրներու եւ վարձկաններու վճարուած սադրանքներու, հարցականի տակ դնելով Լիբանանի ապագան, որպէս հանրապետութիւն։
Որոշ քաղաքագէտներ, որոնք ելոյթ կ’ունենան Լիբանանի հեռատեսիլի կայաններէն, խորհուրդ կու տան արագօրէն կառավարութիւն կազմելու, միաժամանակ նշելով թէ այդ կարելի է միայն տարածաշրջանային թէ միջազգային գեր-պետութիւններու կամքով եւ կարգադրութեամբ։ Դժբախտաբար՝ Լիբանանի զանազան քաղաքական թէ համայնքային կառոյցները կապուած են այս կամ այն պետութեան, անոնցմէ ստանալով ֆինանսական օգնութիւն-«ողորմութիւն», երբե՛ք չմտածելով բիւրաւոր զոհերով մինչեւ այսօր գոյութիւն ունեցող Լիբանանի հանրապետութեան բարօրութեան, խաղաղ եւ պատուաբեր կեանք ապրելու մասին…։
Լիբանանի հայութիւնը, որ տասնամեակներ շարունակ տոկաց ու դիմակայեց բազմաթիւ պատերազմներ, կործանիչ իրադարձութիւներ եւ ամէնէն վերջինը՝ ցաւալի կորուստներ ունենալով «Քորոնա» համաճարակէն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումէն, շուարած վիճակի մէջ կը գտնուի։ Սփիւռքի ամբողջ օգնութիւնը, վերջին 30 տարուան մէջ, ամբողջովին ուղղուեցաւ Հայաստան եւ Արցախ, միլիոնատէրեր դարձնելով «պայծառափայլ» շատ ղեկավար-ղեկավարուհիներ։ Նաե՛ւ, Լիբանանի հայութեան դպրոցներն ու ազգային կառոյցները սնանկութեան եզրին հասան՝ ծաղկեցնելով Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքներն ու գիւղերը, որոնցմէ շատեր, առօք-փառօք յանձնուեցան ըստ խայտառակ համաձայնութիւններու՝ Ազրպէյճանի ոճրագործ պետութեան։ Սուրիահայ գաղթօճախը նոյնպէս կազմալուծման վտանգի առաջ կը գտնուի, մինչ արիւնալի պատերազմներէ վերապրած Լիբանանի հայութիւնը կը յուսայ անգամ մը եւս յաղթել այս արհաւիրքին, մերժելով արտագաղթն ու վերացումը որպէս Սփիւռքի երբեմնի մայրաքաղաք։
Comments