top of page

Խայտառակ պետութեան «հերոս» Փաշինեան դարձեալ կ’ընտրուի Հ.Հ. վարչապետ

Շարունակելո՞ւ է երթը դէպի վերջնական կործանում...

Համօ Մոսկոֆեան, Երեւան - Պէյրութ


2018-ի «թաւշեայ» յեղափոխութեամբ Հ.Հ. վարչապետի գահին բազմած երբեմնի «դեղին» լրագրող Նիկոլ Փաշինեան՝ կարողացաւ իր բոլոր յայտնի եւ գաղտնի խոստումները իր տէրերուն յարգել եւ վերստին ընտրուիլ վարչապետ…։ Այսինքն՝ երեք տարի շարունակ թունաւոր խօսքի, ատելութեան, բազմազան սադրանքներով հայ ժողովուրդի արժանի զաւակներուն ձերբակալութեամբ եւ անարգմամբ, Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակներու հրամանատարութեան կազմաքանդմամբ, «Հայաստանցի-ղարաբաղցի» կեղծ թշնամանքի հրահրմամբ՝ երկիրը հասցուց 2020 թ. 44-օրեայ պատերազմի խայտառակ պարտութեան, շուրջ 10.000 զոհերու եւ հաշմանդամներու ահաւոր, սարսափելի արիւնահեղութեան։ Աւելին, այս բոլոր ողբերգութեան կողքին, շուրջ 10.000 քառ. քլմ. հողերու կորուստին, թուրք-ազերի թշնամիներու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի ներխուժումը լկտիաբար «նետելով» նախկիններուն վրայ, որոնք եթէ ամբաստանուած էին պետական ինչքի եւ հարստութեան յափշտակութեամբ՝ բայց անոնց օրով այսպիսի «սարքուած» ու «թատերականացուած» պարտութիւն, հայ ժողովուրդի պատիւի ոտնահարում երբեք չէր տեսնուած 1915-էն ի վեր…։


Իր սորոսական մանկլաւիկներով, ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրամիութեան բացայայտ աջակցութեամբ իշխանութեան եկած Նիկոլ Փաշինեանին անձնապէ՛ս հայոց քաղաքամայր Երեւան շնորհաւորելու եկան թրքասէր Գերմանիոյ «քենցլեր» Անկելա Մըրքըլ եւ Ֆրանսայի «հայասէ՜ր» նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն։ Անոնց սին խոստումները ի յայտ եկան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, որոնք բացի պատերազմը կանգնեցնելու կոչերէն (երբ նախայարձակները Ալիեւն ու Էրտողանն էին), ոչ մէկ ազդու քայլերու դիմեցին, վերջերս ալ 3 միլիառ տոլարով պարգեւատրելով Թուրքիան, իբր թէ Սուրիոյ գաղթականները «հիւրընկալելու» համար…։


Ինքզինք արդէն Նափոլէոն Պոնափարթ երեւակայող Փաշինեան, որոշեց Հայաստանի գլխաւոր դաշնակից եւ մինչեւ այսօր երկրին սահմանները պաշտպանող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ դարաւոր բարեկամ Իրանի նախագահ Ռուհանին անձամբ չդիմաւորել «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ՝ աջ ու ձախ պարծենալով իր «հերթական» քաջագործութեան համար…։ Երեւանի փողոցներուն վրայ հակա-ռուսական ցոյցեր կազմակերպելով, Մոսկուայի եւ Հաւաքական Անվտանգութեան ռազմաքաղաքական հայազգի ղեկավարներ անարգելով դատարաններուն մէջ՝ Նավալնիներ «խաղցնելով» ռուսական 102-րդ ռազմակայանը փակել տալու կոչերով՝ Հայաստանը դարձուց իր դարաւոր դաշնակիցներու թշնամի երկիր։ Ի վերջոյ, 30 տարուան աշխարհատարած Սփիւռքի ֆինանսական եւ հայրենասիրական հսկայական ներդրումներով կառուցուած Արցախի ազատագրուած տարածքները՝ մի քանի օրուան մէջ յանձնուեցան արիւնախում Ալիեւին եւ Թուրքիային, իսկ Աննա Յակոբեան-Փաշինեանի հրաւէրը՝ Մեհրիպան Փաշաեւա Ալիեւային՝ թէյ խմելու եւ «մազումներ» լսելու առաջարկը իրականացաւ Շուշիի Սփիւռքահայութեան (մասնաւորապէս լիբանանահայութեան) ջանքերով կառուցուած պանդոկին մէջ…։


Իր երեքամեայ բացարձակ միապետութեան անհաւասարակշռիռ որոշումներով ու կոչերով, «ոչ ձուկ, ոչ մուկ չպլատացնող», «պատեր ծեփող եւ ասֆալտին փռող» մեր օրերու «Քաջ Նազար» վարչապետը, փոխանակ հրաժարական ներկայացնելու, ներողութիւն խնդրելու հայ ժողովուրդէն իր խայտառակ ձախողութեան համար՝ այս անգամ հռչակեց արտահերթ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններ, բացայայտօրէն խախտելով Սահմանադրական կարգը, ինքզինք հռչակելով վարչապետի գործակատար։ Մինչեւ Յունիսի 20 եւ ամբողջ ընտրութիւններու ընթացքին՝ շարունակուեցաւ նոյն ատելութեան, համացանցային fake-երու բանակին տարածած հայհոյախօսութեան, սպառնալիքներու, զանգուածային ընտրական կեղծիքներու արշաւը։


Հայաստանի ընտրողներու թիւին ուռճացումը նոյնիսկ չհամոզեց բնակչութեան 50 տոկոսին, որ մասնակցի ընտրութիւններուն։ Մէկ մասն ալ համաձայն չըլլալով ընդդիմութեան որոշ ղեկավարներու անցեալին եւ գաղափարներուն, յարմար տեսան իրենց ձայնը տա երկիրը կործանած, Ալիեւին եւ Էրտողանին սիրելին դարձած Փաշինեանին՝ որուն ի պատիւ ուրախ-ծաղրական երգեր ու նոյնիսկ օղիներ ձօնած էին «Նէ օլտու Փաշինեան» վերնագրով։

Այժմ դարձեալ պիտի շարունակուին ամէն կարգի բռնատիրական ճնշումներն ու դաւերը ընդդիմադիրներու դէմ, մանաւանդ որ Փաշինեան ստացաւ բոլոր կողմերուն շնորհաւորանքները՝ Արցախի ոսկին յանձնելով ամերիկեան–հրէական հանքային ընկերութիւններուն, Իսրայէլն ալ սահմանակից դարձնելով Իրանին՝ այս անգամ խառնակելու Հիւսիսի ազերիները։ Շուտով Աղտամի մէջ կը հաստատուի ՆԱԹՕ-ական Թուրքիոյո նոր ռազմակայան՝ մանաւանդ որ Պաքուին յանձնուեցաւ քանի մը օրեր առաջ 97,000 ականններու ռազմագիտական քարտէզը՝ 15 հայ գերի ազատ արձակելու դիմաց՝ որպէս ընտրական գովազդ…։


Կը շարունակուի Սիւնիքի եւ Տաւուշի իբր թէ “վիճելի” նոր տարածքներու յանձնումը Ազրպէյճանին՝ իսկ արտագաղթը արդէն իսկ նոր թափ ստացած, քորոնա ժահրի պայմաններուն մէջ, իսկ 78․000 հոգի Հայաստանէն արտագաղթելով, ցամաքային ճամբաներու բացման պարագային դէպի Ռուսիա կը սպասուի եւս 200-300 հազար հայ քաղաքացիներու արտագաղթ, «թաւշեայ» Հայաստանէն։





SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
bottom of page