top of page

Սահմանադրական բարեփոխումները Ռուսիոյ մէջ՝ դիմագրաւելով 21-րդ դարու մարտահրաւէրները

Սահմանադրական նոր հիմունքները Ռուսիոյ մէջ կը շեշտեն ինքնորոշման իրաւունքը ժողովուրդներու ճակատագրին։

Համադրեց՝ Համօ Մոսկոֆեան


Մեր երկրագունդի ռազմա-քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ առողջապահական ճգնաժամային դրութիւնը չափազանց բարդ իրավիճակի մէջ յայտնուեցաւ մանաւանդ քորոնա ժահրի համաճարակէն ետք։ Աշխարհի հզօրագոյն պետութիւններէն Ռուսիա, դիմագրաւելու համար արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրները, անհրաժեշտ նկատեց սահմանադրական պատմական փոփոխութիւններու ձեռնարկել։ Մանաւանդ որ Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք, «ելցինեան» վարչակարգի իշխանութեան օրերուն, իրավիճակը յաճախ հասաւ անկառավարելի չափերու…։


Նախագահ Վլատիմիր Փութինի օրօք, բաւականին կայունացաւ երկրի տնտեսութիւնը, բազմազգ եւ անծայրածիր Ռուսիոյ ներքին անվտանգութեան եւ արտաքին ծառացող արհաւիրքները դիմագրաւելու, բանակաշինութեան, ծանր արդիւնաբերութեան, ֆինանսական իրավիճակը կարգաւորելու գործընթացները։ Այս բոլորը պէտք ունէին սահմանադրական լուրջ փոփոխութիւններու, որոնք ժողովրդային քուէարկութեան դրուեցան, արժանանալով ժողովրդային եւ խորհրդարանական ուժերու բարձր գնահատանքին։

Այն, Քորոնա ժահրին պարտադրած յետաձգումէն ետք տեղի ունեցաւ՝ անցեալ 25 Յունիսէն մինչեւ 1 Յուլիս ժամանակաշրջանին։


Սահմանադրական փոփոխութիւններու գլխաւոր կէտերը հետեւեալներն էին.­ Խորհրդարանին աւելի լայն իրաւասութիւններ շնորհել։ Քաղաքական, ընկերային, կրօնական բարեփոխումներ իրականացնել, որպէսզի ամրապնդէ «Պետական խորհուրդ»ի դերը, միաժամանակ ապահովելով վարձքերու եւ թոշակներու նուազագոյն մակարդակը՝ որոնք չեն կրնար իշխանութիւններու սահմանածէն աւելի պակաս ըլլալ։ Այսինքն՝ սահմանադրական բարեփոխումները արդարութեան, միաբանութեան, հանգստեան կենսաթոշակներու ամենամեայ փոփոխութեան առաջարկները կը ներկայացնէ, նկատի առնելով սղաճը։


Սահմանադրական բարեփոխումներու նշանակալից իրագործումներէն են, կենսոլորտի, բնութեան պաշտպանութիւնը, սահմանափակելու տնտեսական աշխատանքներու քայքայիչ գործունէութիւնը երկրին բնական հարստութիւններուն վրայ։ Նաեւ կը շեշտէ հաւատամքը Աստուծոյ հանդէպ եւ փաստացի ամուսնութիւնը միասեռականներուն միջեւ…։ Մանուկներուն պետական հովանաւորութեան տակ պահել, անոնց դաստիարակելով հայրենիքի սիրոյ եւ քաղաքացիական զարգացման, նախնիներու յարգանքի մթնոլորտի մէջ։


Ռուսերէն լեզուն պաշտօնական հաղորդակցութեան միջոցն է եւ կ’արգիլուի պետական անձնաւորութիւններուն կրկնակի քաղաքացիութիւնը կամ ուրիշ երկրի մէջ կեցութեան արտօնագրի ընդունումը։ Առաւել եւս՝ բարեփոխումները կ’արգիլեն ռուսական հողերու լքումը, որ կը նշանակէ Ռուսիոյ պահպանումը իր միասնական տարածքին, ընդդէմ Արեւմուտքի պառակտիչ գործունէութեանց դաւերուն։ Մասնաւորաբար, բարեփոխումները Ռուսիոյ սահմանադրութեան, իրաւունք կու տայ մերժելու ամէն միջազգային օրէնք, որոնք դէմ են երկրի սահմանադրութեան, մարդկային իրաւունքի եւ միջազգային արժէքներու տեսակէտով։ Սահմանադրութիւնը կը պարփակէ այն՝ որ Ռուսիա միաձուլումն է պաշտպաններու, որոնք կը պայքարին պատմական իրաւունքներու պահպանման համար։

Սահմանադրական նոր հիմունքները Ռուսիոյ մէջ կը շեշտեն ինքնորոշման իրաւունքը ժողովուրդներու ճակատագրին։ Այս՝ մանաւանդ կը վերաբերի Հայաստանի նման պետութեան, Եւրո-Ասիական Միութեան անդամ, Անկախ Պետութեանց Միաւորման անդամ (Խ. Միութեան նախկին երկիրներու)։ Այն, նոր օրէնսդրական, բարոյական եւ քաղաքական շունչ կու տայ Հայաստանի անկախութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի հայութիւնը պէտք է ողջունէ Ռուսական Սահմանդրութեան հիմունքները, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք կու տայ իր ճակատագիրը որոշելու, ինչպէս Ղարաբաղի մէջ՝ որ 1992-էն ի վեր կը պայքարի իր ազատութեան համար՝ ընդդէմ Թուրքիոյ կողմէ պաշտպանուած Ազրպէյճանի…։

Ընտանեկան աւանդոյթներու պահպանումը, երբ այդ բոլորը կը կործանին արեւմտեան հասարակութեանց մէջ՝ ուր կ’արտօնուի նոյն սեռի ամուսնութիւնները, կ’արգիլուին ռուսական բարեփոխուած սահմանադրութեան մէջ։ Մէկ խօսքով՝ Սահմանադրական նոր հիմունքները կը կայունացնեն Ռուսաստանի Դաշնութեան ներքին իրավիճակը, նոր եւ ամրակուռ ծրագիրներով, ուղղութիւններով ինչպէս ներքին՝ այնպէս ալ արտաքին աշխարհին հետ։

Comments


SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
bottom of page