top of page

Սերգեյ Բադալյան. «Հայաստանի Լենինը»

Հայրենասերը, գիտնականը, մարդասերը, կոմունիստ մեծ ղեկավարը՝ որուն յիշատակը անմար պիտի մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ:

Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


Անցյալ դարու 90-ական թթ., բախտն ունեցանք ճանչնալու, հանդիպելու, իր հետ Պէյրութի «Կանչ» հայ կոմունիստներու թերթին հարցազրոյց կազմակերպելու Սերգեյ Բադալյանին հետ։ Համեստ, իր երկաթեայ հայեացքով եւ վճռականութեամբ, «Հայաստանի Լենինը», ինչպէս զինք կը կոչէին Ռուսիոյ կոմունիստները՝ լի էր յեղափոխական ծրագիրներով եւ Մայր Հայրենիքը փրկելու վառ տեսլականով։ Իր տան մէջ տեղի ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին հիւլէական գիտութեան վաստակաշատ գիտնականը, խիստ քննադատութեան ենթարկեց Սովետական Հայաստանի վերջին քսանամեակին տեղի ունեցած սխալներն ու սայքաթումները, որոնք նաեւ նպաստեցին հանրապետութեան անկումին։ Սակայն, այդ օրերուն, Հայաստանի Պատերազմի Վեթերաններու տան մէջ՝ Շահումեան հրապարակին կից՝ Լենինի կինսանդրիի շուքին տակ ոտքի կը կանգնէր Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութիւնը։ Ազգային Ժողովին մէջ երկրորդ տեղը գրաւեց պատգամաւորներու թիւով, այն օրերուն իշխող ՀՀՇ-էն (Հայոց Համազգային Շարժում) ետք։ «Հալէպէի ներգաղթած կոմունիստ Յակոբի որդին՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան շատ լաւ հասկցաւ թէ իր գործած սխալներով Հայաստանը դէպի անկում կը տանի)», բացատրեց Սերգեյ Բադալյան…։


Հարցազրոյցի տպագրութենէն ետք, Լիբանանի թէ Սուրիոյ հայ կոմունիստներու հրաւէրով, մեր ղեկավարն ու հայրենասէրը այցելեց Լիբանան ու Սուրիա, Կիպրոս, ուր ջերմօրէն ընդունուեցաւ իր գաղափարի ընկերներուն կողմէ։ Անոնք հիացած էին Սերգեյ Բադալյանի խոհեմութեամբ, քաջութեամբ, անսահման եռանդով եւ վճռակամութեամբ՝ հակառակ որ կը տառապէր սրտի հիւանդութեամբ ու բնականօրէն կը գտնուէր նիւթական դժուարութիւններու մէջ։ Սակայն այս եզակի անձնաւորութիւնը վճռած էր անպայմանօրէն վերականգնել անցեալի նուաճումները հայրենիքի մը, որուն հարստութիւնները կը թալանուէին, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը տուայտէր ծայրայեղ աղքատութեան մէջ եւ արտագաղթը հսկայական ծաւալները ստացած էր։

Սերգեյ Բադալյանին հետ մեր վերջին պատմական հանդիպումը տեղի ունեցաւ 1999 թ. Հոկտեմբեր 1-ին, Չինաստանի անկախութեան օրուան դիւանագիտական ընդունելութեան ընթացքին, Երեւանի պետական ընդունելութիւններու դահլիճին մէջ։ Ներկայ էր նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, ՀՀ Ազգային Ժողովի խօսնակ Կարեն Դեմիրջյան եւ… Սերգեյ Բադալյան։ Յիշարժան լուսանկար մը «անմահացուցինք», երբ իր անցեալի կոմունիստ ըլլալը «մոռցած» Կարեն Դեմիրջյան, գինիի բաժակը ձեռքին, մօտենալով Սերգեյ Բադալյանին ըսաւ. «Շնորհաւոր լինի ձեր տօնը…»։ Իսկ իր քաղաքական համոզումներուն մէջ անսասան Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան Ա. քարտուղարը կտրուկ պատասխանեց. «նաեւ ձե՛ր տօնը…»։ Այս լուսանկարը, յօդուածով մը լոյս տեսաւ Փարիզի «Աշխարհ» հայ կոմունիստներու թերթին մէջ (խմբագիրը՝ հանգուցեալ Ժորժ Սարեան) եւ կրկնօրինակը փոխանցեցինք Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Մաթվէեւիչ Տրիւկովին։ Արդէն 1999 թ. Հոկտեմբեր 27-ին, ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ սպաննուած էր Կարէն Դեմիրջյան, իսկ շատ չանցած մութ պայմաններու մէջ, Մոսկուայի հանգստարաններէն մէկուն մէջ նոյնպէս դադրած էր Սերգեյ Բադալյանի սիրտը աշխատելէ…։ Ռուսիոյ դեսպանի աչքերը արցունքով լեցուեցան եւ «Աշխարհ»ի այդ պատմական համարը փոխանցեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն։


Տարիներ ետք, Մոսկուայի հայ երիտասարդներէ կազմուած պատուիրակութեան մը հետ՝ գլխաւորութեամբ Տէր Մարտիրոս Պէրպէրեանի՝ Պէյրութ այցելեց նաեւ Գրիգոր Բադալյան, մեր մե՜ծ ղեկավարի արժանաւոր որդին։ Ապա, Մոսկուայի մէջ քանի մը անգամ հանդիպեցանք Ռուսիոյ մեծագոյն ռազմա-արդիւնաբերական «Քալաշնիքով» հաստատութեան խօսնակներէն՝ նոյնպէս գիտնական եւ հետազօտող, փայլուն հայ երիտասարդին հետ։ Իր ընդմէջէն Սերգեյ Բադալյանն էր որ կը խօսէր…։ Մեր բարեկամութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, յոյս ունենալով որ ի վերջոյ նոր արշալոյս մը պիտի բացուի Հայաստանի մթագնած երկնակամարին վրայ։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • X
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Shirak, Verelk, Hai Mamul, Hai Guiank, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

bottom of page