top of page

«Ուքրանական հարթա՞կ» կամ թուրք-թաթարական «ՆԱԹՕ»ական ծուղակ հիմնայատակ կործանելու Եւրոպան

Երկրագունդը կանգնած է Համաշխարհային կործանիչ պատերազմի սեմին, որմէ պիտի չփրկուի ոչ ոք։

Համօ Մոսկոֆեան, Երեւան-Պէյրութ


Մի քանի տարիներ շարունակ, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, գլխաւորութեամբ փոխ-նախարարուհի, ծագումով թաթար «իշխանուհի» Էմինէ Զափարովայի, կազմակերպեցին միջազգային համագումարներ, պահանջելով 2014 թուականէն ազատագրուած եւ իր պատմական տիրոջը վերադարձուած Խրիմի տարածքը։ Հետաքրքրականը այն է, որ պատմութեան մէջ գոյութիւն չունեցած Ուքրանիա պետութիւնը, իր խամաճիկ համաշխարհային խրատատու-հերոսիկ նախագահ Զելենսկիով ջերմ դաշինքի մէջ մտած էր թուրք-թաթարական ցեղասպան վոհմակին հետ։ 400 տարի, Ճենկիզ Խանի ժառանգները, սուրով եւ հուրով իշխեցին հարուստ Խրիմի վրայ, իսկ 1853-ին թէ 1941-1945-ին, արեւմտեան ցեղապաշտ եւ նացիստ-ֆաշիստ գաղութատէրերը, փորձեցին Խրիմը յափշտակել ցարական Ռուսիայէն եւ ապա Խորհրդային Միութենէն, ահաւոր նախճիրներ սարքելով այնտեղ։ Խրիմի հազարամեայ հայերը, նոյնպէս տուին զոհեր, գլխաւորութեամբ Մեծն Նահատակ, ծովակալ Նախիմովի, 19-րդ դարու կէսին, Խրիմի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին՝ «Մեծն» Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Օսմանեան կայսրութեան եւ անոնց թափթփուքներուն կողմէ, իսկ Բ. Աշխարհամարտին, հայ քաջազունները հերոսաբար պայքարեցան եւ ազատագրեցին նաեւ հայկական Խրիմը, տալով աւելի քան 100 հազար նահատակներ, վաստակելով «Թամանեան» տիտղոսը։


Իսկ ինչպիսի՞ եզրակացութեան հասաւ այդ չարաբաստիկ «Ուքրանական Հարթակ»ը։ ՆԱԹՕ-ի զօրքերը մօտեցնել Ռուսիոյ արեւմտեան սահմանին, Նափոլէոնի 1812-ի եւ Հիթլէրի 1941 թուականներու նմանօրինակով։ Իրենց բազմագոյն խամաճիկ Զելենսկիի միջոցով զանգուածային բնաջնջման զէնքեր, հրթիռներ, ռումբեր տեղադրել, Մոսկուան, Սան Փեթերսպուրկը ռմբակոծելու, համաշխարհային պատերազմի սկիզբ յայտարարելու տխմար մտայնութեամբ, առանց մտածելու, թէ հակա-հարուածի պարագային, մարդկային քաղաքակրթութիւնը վախճանի կը հասնի, կը բնաջնջուի աւելի քան 5 միլիառ բնակչութիւն։ Միւս կողմէ, մի քանի թելերուն վրայ խաղացող, ծագումով կրօնափոխ վրացի Էրտողան եւ իր ծագումով քիւրտ դաւաճան արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու, այսպէս կոչուած «անկախ Ուքրանիոյ» արուեստական պետութեան ազգային տօնին առթիւ, կը պահանջեն Խրիմի «վերադարձը», անշուշտ այդտեղ հիմնելու 18-րդ դարու վերջին ռուս ժողովուրդի անմահ հերոս, զօրավար Կուտուզովի կողմէ ազատագրուած թաթարական վայրագ նոր պետութիւն մը։ Այդ երբեմնի խանութեան արիւնախումները՝ Ուքրանիոյ նացիստներուն եւ «Վեհրմախտ»ի տէրերուն հետ ահաւոր նախճիրներ գործեցին Խրիմի տարածքին վրայ հաստատուած համակեդրոնացման ճամբարներուն մէջ եւ այլուր։ 20-րդ դարու 60-ականներուն սկիզբը, Նիքիթա Խրուշչեւ՝ իր ուքրանացի կնոջ՝ Նինա Քուխարչուքին որպէս «նուէր», Խրիմը առանց որեւէ իրաւունքի կցեց Ուքրանիոյ, ինչպէս Արցախը՝ 20-ական թուականներուն՝ Խորհրդային Ազրպէյճանին։ Այնպէս ալ, ո՛չ Ուքրանիա, ո՛չ ալ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան իրաւունք ունին պահանջելու այն որ իրենց չի՛ պատկանիր։


Այս բոլորէն յետոյ, Ուքրանիոյ մէջ շղթայազերծուած կանխարգելիչ պատերազմը Ռուսիոյ կողմէ, կը յիշեցնէ Բ. Համաշխարհային Պատերազմէն նացիստական ռազական դաշինքին մէջ ընդգրկուած Արեւելեան Եւրոպայի եւ Արեւմուտքի գերեվարուած պետութիւններուն Խորհրդային Միութեան դէմ պատերազմի մասնակից դարձած վարձկաններ։ Անոնցմէ շատեր սառցակալեցան Սթալինկրատի մատոյցներուն վրայ, իսկ 300,000 բազմազգ գերիներ ալ տառապելէ ետք խորհրդային կալանավայրերուն կամ նոյնիսկ կամուրջներ եւ բնակելի շէնքեր կառուցելով հայոց քաղաքամայր Երեւանի մէջ՝ վերադարձան իրենց երկիրները։ Սակայն Ուքրանիոյ պատերազմը ցոյց տուաւ թէ նացիստ-ֆաշիստ գաղափարախօսութիւնը տասնամեակներ շարունակ սնուցած է Արեւմուտքի մէջ, որոնք պատրաստ են իրենց թուրք-թաթարական երբեմնի դաշնակից հորդաներուն հետ կրակի տակ Եւրոպան եւ խաղաղասէր աշխարհը:

Այսօր, երբ ԱՄՆ-ի մէջ 50 միլիոն փողոցները իրենց բնակարան դարձուցած թափառաշրջիկներ կան, չքաւորութիւնն ու կեանքի սղութիւնը անտանելի դարձած է մեր երկրագունդի ամէնէն հզօր երկրին մէջ, կիսա-խելագար Պայտըն միլիառաւոր տոլարներ, անհատնում զէնք ու զինամթերք կ’ուղարկէ Ուքրանիա, իր հակա-ռուս հիւանդագին մոլուցքները յագեցնելու համար մէկ կողմէ, միւս կողմէն ալ փորձելով կործանել նոյնքան հզօր եւ բնական հարստութիւններով ամէնէն բարգաւաճ երկիրը կողոպտելու համար։


Երկրագունդը կանգնած է Համաշխարհային կործանիչ պատերազմի սեմին, որմէ պիտի չփրկուի ոչ ոք։

SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
bottom of page