top of page

Ոչ եւս է ընկեր Գասպար Տէրտէրեան


Յարգարժան ու սիրելի ընթերցողներ, ընկերներ, բարեկամներ,


Մեծ տխրութեամբ կը յայտնենք, որ օգոստոսի 22-ին, լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց իր կարկառուն, լրջախոհ երէց մտաւորական դէմքերէն մէկը՝ իրաւաբան Գասպար Տէրտէրեանը։


Հայրենասիրական ամուր հաւատքով ու ներշնչումով տոգորուն, Հայ Դատի յաջողութեան հաւատքով ոգեւոր ու խանդավառ, հայ ժողովուրդի յաւերժութեան գաղափարի անյաղթ զինուոր Մեթր Տէրտէրեան, իր կեանքի գրեթէ ինը տասնամեակներուն միշտ ալ մնաց պատնէշի վրայ, եւ իր բացառիկ մտաւորականի հատու գրիչով շատ յաճախ խարազանեց անարդարութեան չարագործները եւ ժողովուրդը կեղեքող վաշխառուները։


Ան, իր իմաստալի խմբագրականներով ու առաջնորդող յօդուածներով մնայուն կերպով յոյս ու լոյս սփռեց ու հայրենասիրական մաքուր հաւատք ներշնչեց սփիւռքահայ զանգուածներուն։


Իր մահով, Լիբանանահայութիւնը կորսնցուց իրա'ւ, գիտակից ու ներհուն մտաւորական մը։ Մեթր Տէրտէրեան սիրուած ու յարգուած էր բոլորէն անխտիր՝ իր մարդկային ու գաղափարական ամուր կեցուածքին, պայծառ միտքին ու ուղիղ գործելաոճին համար։


Աւելին, հայ ժողովուրդը՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, կորսնցուց Հայ Դատի հետամուտ ճշմարիտ ու անխոնջ ռահվիրայ մը։


Գասպար Տէրտէրեան մարդու, մտաւորականի, խմբագիրի, հրապարակագիրի եւ իրաւաբանի կորուստը մեծ ցավ է ո'չ միայն լիբանանահայ գաղութին համար, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար։


Սեբաստիոյ ու Շապին Գարահիսարի, այլ խօսքով` Զօրավար Անդրանիկի հայրենակից Գասպար Տէրտէրեան, մինչեւ իր մահուան օրը մնաց պատնէշի վրայ, գրիչը ձեռքին եւ ստեղծագործեց խոհա֊փիլիսոփայական խորքային մտածողութեամբ, լուսաբանելով եւ հարստացնելով թէ' լիբանանահայ եւ թէ' սփիւռքահայ մամուլը։ Հանգիստ իր ոսկորներուն։


Խորազգած ցաւակցութիւններ իր քոյրերուն, ընտանեկան պարագաներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ լիբանանահայ մտաւորականներուն։

Comments


RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • X
  • Instagram - Círculo Blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • Facebook - círculo blanco
  • YouTube - círculo blanco
  • kisspng-white-house-white-plains-brush-c

Fue fundado en 1999 como continuidad de los periódicos Estrella Roja, Shirak, Verelk, Hai Mamul, Hai Guiank, Ereván y Seván de la Unión Cultural Armenia. A lo largo de su historia de casi un siglo, la prensa institucional mantuvo la periodicidad, a pesar de las prohibiciones y clausuras sufridas por las dictaduras militares de turno. Hoy, en su formato digital mantiene los objetivos y principios de sus fundadores aportando su granito de arena a la construcción de una sociedad sin explotadores ni explotados, con paz, amistad y solidaridad entre los pueblos.

bottom of page