top of page

Երկրորդ ճանապարհորդութիւն դիցուհի աֆրոտիդէի չքնաղ կղզին՝ Կիպրոս

Հանդիպումներ հայ եւ յույն անձնաւորութիւններու ու ժողովուրդին հետ:

Սթրովոլոս շրջանի քաղաքապետ Անտրէաս Փափախարալամփուսին հետ՝ հայ-կիպրական բարեկամութեան յուշարձանին առջեւ

Համո Մոսկոֆեան - Պէյրութ, Լառնաքա, Նիկոսիա


Դէպի Կիպրոս թռչող հզօր Airbus 321 neo լիբանանեան օդանաւը սուրալով կը մագլցի շուրջ 9000 մեթր բարձրութիւն, ճեղքելով մոխրագոյն եւ սեւ ամպերը։ Անձրեւախառն փոթորիկը կը դիմէ դէպի Պէյրութ, ուր նոյն օրը իր օրհնաբեր երկնային ջուրերը պիտի թափէր երաշտի մէջ խանձուող Լիբանանի վրայ։ Ինչպէս նախորդ անգամ, մեր արծաթափայլ հսկայ թռչունը կէս ժամ ետք պտոյտ մը կատարելով Լառնաքայի խաղաղ ծովածոցին վրայ, վայրէջք կը կատարէ միջազգային օդակայանի վազքուղիին վրայ։


Covid-19 ժահրի խիստ ստուգումներէ եւ անցագիրին կնքումէն ետք, դուրս կու գանք օդակայանէն, ուր կը դիմաւորուինք օփերայի տաղանդաշատ ու երիտասարդ մեներգիչ Ալեքս Մոսկոֆեանի կողմէ՝ որ վերջերս դափնեկիր դարձած էր իր քրոջ Մարիային հետ՝ Պուլկարիոյ միջազգային դասական երաժշտութեան փառատօնին։


Կիպրական “դասական” ճաշարանի մը մէջ կը հանդիպինք Լառնաքայի հայութեան աշխոյժ անդամներէն բժիշկ Սիմոն Մոսկոֆեանի հետ, ուր կարճատեւ պտոյտ մը կատարելով ծովափնեայ աշնանային զգեստներ հագած քաղաքին պատմական փողոցներուն մէջ՝ կ’ուղղուինք Նիկոսիա։

Շուրջ ժամ մը տեւող մեր երեկոյեան ճամբորդութիւնը դէպի 1974 թուականին Եւրոպայի միակ երկու մասի բաժնուած մայրաքաղաքին հայաշատ Սթրովոլոս թաղամասը, կ’այցելենք նշանաւոր պարուսոյց, արուեստագէտ Գրիգոր Քէլէշեանի բնակարանը։ Երկու օր ետք միայն Լիբանանէն Կիպրոս տեղափոխուելով, իր արուեստագիտուհի տիկնոջ՝ Նանոր Տօներեան-Քէլէշեանի հետ, ստանձնած են «Համազգային» Մշակութային միութեան «Սիփան» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը, ինչպէս Նիկոսիոյ, այնպէս ալ Կիպրոսի զանազան քաղաքներուն մէջ՝ պարարուեստով յառաջ տանելու հայապահպանութեան սուրբ գործը…։


Գիշերուան ուշ ժամուն տեղաւորուելով պանդոկի մեր հանգստաւէտ սենեակին մէջ, հրաժեշտ տալով մեր հիւրընկալներուն, միւս օրը առաւօտեան կը հանդիպինք Նիկոսիոյ ամենամեծ եւ հայաշատ Սթրովոլոս շրջանի քաղաքապետ՝ «մոլեռանդ» հայասէր Անտրէաս Փափախարալամփուսին հետ։ Նախ կը հանդիպինք լուսանկարուելու համար՝ հայ-կիպրական ամրակուռ բարեկամութեան յուշարձանին առջեւ, որուն գաղափարը յղացողը եղած է կիպրահայութեան հոգեւոր առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, իսկ կառուցողը՝ նոյն հայ-կիպրական դարաւոր բարեկամութեան (9-րդ դարէն…) ջատագով քաղաքապետը։ Մեր երկրորդ հանդիպումը օր մը ետք տեղի կ’ունենայ քաղաքապետարանի գրասենեակին մէջ, ուր բաւականին երկար զրոյցներէ ետք՝ Հայաստանի եւ Արցախի մասին (ուր այցելու էր քաղաքապետը) կը լուսանկարուինք փոխադարձ յուշանուէրներու «արարողութեամբ»։


Կիրակի, 21 Նոյեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Նիկոսիոյ Սթրովոլոս շրջանի քաղաքապետարանի դահլիճին մէջ տեղի կ’ունենան այնքան սպասուած «Սիփան» պարախումբին մասնակցութեամբ նաեւ «Անի», «Կիլիկիա» եւ «Նանոր» կրտսերներու պարախումբերուն (Կարս, Վան, Արեւիկ) հրաշալի կատարողական համերգը։

Ծայրէ-ծայր լեցուն դահլիճին մէջ ներկայ էին Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահը, Սթրովոլոսի քաղաքապետը, կիպրահայութեան ներկայացուցիչ՝ պետական երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան, հայ թէ յոյն կազմակերպութիւններու անդամներ, որոնք օգնութեամբ կիպրահայութեան հոգեւոր Առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, աւելի քան երկու ժամ դիւթեցին եւ կախարդեցին ներկաները։ Հայկական թէ Արցախի հերոսական պաշտպանութեան նուիրուած ներկայացումներ եւ պարեր, գունագեղ, բազմաթիւ ազգութիւններու ֆոլքլորին, աւանդութիւններէն հրամցուած պարերու ծաղկեփունջ մը, լոյսի եւ արդիական ելեկտրոնային բազմագեղ միջամտութեամբ։ Որոտընդոստ ծափողջոյններու տակ այս հայրենասիրութեան, ժողովուրդներու եղբայրութեան նուիրուած աննախընթաց գեղարուեստական իրադարձութիւնը աւարտին հասաւ։ Ներկաները ծաղկեփունջերով պարգեւատրեցին պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանն ու սան-սանուհիները, որոնք ժամանած էին ազատ Կիպրոսի բոլոր անկիւններէն։ Հանդիսութեան աւարտին կը շնորհաւորենք օրուան հերոսները, ինչպէս նաեւ “վարագոյրի ետին” ամիսներ շարունակ մեծ աշխատանք տարած Հայրօ Դաւիթեանը իր գործընկերներով։

Մեր հնգօրեայ այցելութեան վերջին օրը, առաւօտեան, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեանին նախաձեռնութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, կը հանդիպինք Կիպրոսի քաղաքական եւ խորհրդարանական առասպելական դէմքերուն՝ Էլենի Թէոխարուսի հետ՝ վերջինիս տուն-կեդրոնատեղիին մէջ։ 4 անգամ Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ եւ նոյնքան ալ Եւրոպայի խորհրդարանի անդամ, վիրաբոյժ եւ յեղափոխական, այս յոյն ժողովուրդի փառապանծ դուստրը գրկաբաց կ’ընդունի մեզի իր գրասեղանին կողքին, յունական եւ կիպրական դրօշներու կողքին տեղադրուած Արցախի դրօշով…։

1991-ին, բազմաթիւ վիրաբուժական գործողութիւններ կատարած է արցախեան ազատատենչ լեռնաշխարհին մէջ, փրկելով հայ-հայուհի մանուկ պատանիներու կեանքերը։


Միայն վերջերս Յակոբ Գազանճեանին հետ դարձեալ այցելած է Արցախ, ուր տասնեակ մը ռուս խաղաղապահ զօրքերու անցարգելներէն ետք, դէմ յանդիման եկած է ազերի բանակային հրոսակներուն հետ, որոնք “սեւ ցանկ”ի վրայ դրած էին Էլենի Թէոխարուսի անունը։ Խոր ափսոսանքով կը խօսի այն ահաւոր եւ խայտառակ պարտութեան մասին, որոնց գլխաւոր պատասխանատուները կը համարէ թուրք-ազերիներէն ետք՝ Հայաստանի ներկայի տհաս իշխանութիւնները։


Ընդունարան-գրասենեակի պատերուն վրայէն մեզի կը ժպտին երիտասարդուհի, խիզախ մեր հիւրընկալուհին, եւ քիւրտ ժողովուրդի մեծ ղեկավար Օճալան Աբոյի, Պաղեստինի հանգուցեալ հայր Եասէր Արաֆաթը, որոնց հետ պատմական շատ կարեւոր համագործակցական հանդիպումներ ունեցած է անհաւատալիօրէն քաջարի Էլենի Թէոխարուս։ Մինչեւ այսօր, Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդին հետ ամէն միջոցներով նեցուկ կը կանգնի քրտական ազգային ազատագրական շարժման, Պաղեստինի եւ Կազայի բազմաչարչար ժողովուրդներուն։


Կը խոստանանք աւելի երկար ու լայն հորիզոններ քննարկող ապագայ հանդիպումներ ունենալ մօտիկ ապագային։ Ակամայ հրաժեշտ կու տանք ու կ’ուղղուինք դէպի Լառնաքայի օդակայանը, վերադառնալով խռովայոյզ Լիբանան։


-----

Սյունակում արտահայտված մտքերը պատկանում են հեղինակին եւ կարող են չհամընկնել «Նոր Սեւան»ի տեսակետներին:



Comments


SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
bottom of page