top of page

Քրտական եւ արաբական ազատ մամուլն ու զագուածային միջոցները կանգնեցան Հայաստանի եւ Արցախի կողքին

Հայաստանի քաղաքացիներ, քիւրտ թէ եզիտի համայնքներու խիզախ զաւակները, դարձեալ իրենց մասնակցութիւնը բերին ինքնապաշտպանական մարտերուն։



Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ


Ազատատենչ Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի, Իսրայէլի անարգ յարձակումին առաջին օրէն մինչեւ այսօր, Միջին Արեւելքի թէ Եւրոպայի քրտական թէ արաբական ազատ մամուլը, հեռատեսիլի կայանները կայքէջները կանգնեցան հայոց կողքին: «ANHA-Hawar», ( Հիւսիսային Սուրիա-Դեմոկրատական Ուժեր), «Նուս Սօսիալ» (Գամիշլի), «Ռօնահի TV» (Գամիշլի), «Ալ Եոմ TV» («Ազատ Սուրիա»), Ռատառ TV» (Քիւրտիստան Իրաք), «Սթերք TV» (Պելճիքա) «Հապէր TV» (Գերմանիա), «Քիւրտիստան Լատին Ամերիկա» (Արժանթին) բազմաթիւ հարցազրոյցներ կազմակերպեցին ու հեռասփռեցին Հայաստանի թէ Արցախի, Սփիւռքի հայ ղեկավարներու, գործիչներու, լրագրողներու հետ:


Արդէն իսկ, ամիսներ առաջ, հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ քրտական ռազմաքաղաքական կազմակերպութիւններու անվտանգութեան ծառայութիւնները մանրակրկիտ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Թուրքիոյ կողմէ զինուորագրուած թիւրքմէն եւ սուրիացի վարձկաններու մասին, որոնք «Կազի Այնթէպ»ի վրայով կը տեղափոխուէին Ազրպէյճան ապա՝ մասնակցելու Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմին: Մենք այդ հսկայական տեղեկութիւնները ժամանակին փոխանցեցինք Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն, հրամանատարներուն, որոնք սկզբնական շրջանին կասկածանքով (...) ապա եւ բաւականին ուշ հասկցան ծրագրուող միջազգային դաւադրութեան ծաւալներն ու ծալքերը: Յիշեցնենք որ Հայաստանի քաղաքացիներ, քիւրտ թէ եզիտի համայնքներու խիզախ զաւակները, դարձեալ իրենց մասնակցութիւնը բերին ինքնապաշտպանական մարտերուն, արժանի հարուածներ հասցնելով թշնամիին, նահատակներու արիւնը միախառնելով Հայաստանի թէ Արցախի Սուրբ հողին:


Թրքական եւ ազերիական մամուլը, արտաքին գործոց նախարարները լկտիաբար ամբաստանեցին Հայաստանն եւ Արցախը իբր թէ Քրտական Բանուորական Կուսակցութեան «ահաբեկիչ»ներ մասնակից դարձուցած է իրենց մարտական գործողութեան...: Մեր քիւրտ եղբայրները ահաւոր հարուածներ հասցուցին թրքական բանակին եւ իր արիւնախում վարձկան խմբաւորումներուն՝ Արեւմտեան Հայաստանի եւ գրաւեալ Քիւրտիստանի տարածքին հիւսիսային Սուրիոյ թէ Իրաքեան Քիւրտիստանի Քանտիլ լեռ ամրոցի շրջապատին դեգերող թուրք «մեհմետճիկ»ներու խմբաւորումներուն: Ժամանակն է, որ մեր ազգային ազատագրական պայքարի յաջորդ ժամանակաշրջանին սերտ կամուրջներ հաստատենք քուրտ եւ արաբ հայասէր Ժողովուրդներու ազնիւ, խիզախ ղեկավարներուն հետ՝ ծրագրելու Թուրքիան ներսէն պայթեցնելու եւ ազերի բորենիները պատժելու ուղիներու մասին:


ԿԵՎԱՐԱ ՆՈՒՐ ՇԷՅԽ - Քրտական «ANHA-Hawar» մամլոյ գործակալութեան ռազմական խմբագիր - «Դեմոկրատական Սուրիա Ուժեր» Գամիշլի.


Հայաստանի եւ Արցախի վրայ անարգ յարձակման առաջին իսկ օրէն՝ մենք կանգնեցանք հայ ժողովուրդի կողքին: Ձեր օգնութեամբ հարցազրոյցներ կազմակերպեցինք ինչպէս՝ Արցախի հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Դաւիթ Պապայանի եւ այլոց հետ, օրը-օրին մեր բիւրաւոր ընթերցողներուն ներկայացնելով եղելութիւնները: Պէտք է ըսեմ որ, միջազգային դաւադրութեան զոհ գնաց հայ ժողովուրդը, ինչպէս մենք՝ Աֆրինի թէ Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ՝ 2017-2019 թթ, բայց դուք կրնայիք շատ աւելի լաւ պատերազմիլ, եթէ ձեր որոշ ղեկավարներուն մէջ գտնուէր այդ յաղթելու ցանկութիւնը: Մենք միասին դեռ պայքարի ճամբայ ունինք կտրելիք, մի յուսալքուիք:


ՀԱՍԱՆ ԶԱԶԱ - Քրտական յայտնի ընդիմադիր «Նուս Սոսիալ» կայքէջի խմբագրապետ, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, մտաւորական.


Մեր կայքէջը որ աւելի քան 250,000 հետեւորդ-ընթերցող ունի, առաջին իսկ օրէն շուրջ 4 ամիսներ առաջ տպագրեց թիւրքմէն եւ Թուրքիոյ գործակալ վարձականներ դէպի Ազրպէյճան ուղարկելու մասին զգայացունց յօդուածներ եւ հաղորդագրութիւններ: Առաւել, թուրք-ազերի նախայարձակման առաջին իսկ ժամէն կանգնեցանք ձեր կողքին, վերյիշելով տարի մը առաջ նոյնանման վայրագ թուրքերու եւ Իսլամական Պետութեան 2011թ-ին կազմակերպած ռմբակոծութիւններն ու ցեղասպանական արարքները, տեղահանութիւնները Սուրիոյ ժողովուրդներուն դէմ: Ես պատանեկութենէս մինչեւ այսօր շրջապատուած եղած եմ հայերով, զիրենք համարելով մեր թանկագին եղբայրներն ու քոյրերը, պայքարի ընկերները ֆաշականութեան եւ ցեղասպանութեան դեմ: «Նուս Սոսիալ»-ով, գիրքեր հրատարակելով, խորհրդաժողովներ կազմակերպելով կը շարունակենք մեր երթը մինչեւ ազատագրում: Դուք երբեք առանձին չէք հայ ժողովուրդ:


ԱԺՏՈՐ ՇԷՅԽՕ - Քրտական «Սթերք TV»-ի խմբագիր – Պելճիքա


Որպէս Սուրիա ծնած քիւրտ, Խորհրդային Միութեան մէջ նախկին ուսանող եւ բազմիցս Խորհրդային Հայաստան եւ հայկական գաղթօճախներ այցելած հայրենասէր-հայասէր, մեր բոլոր միջոցներով կանգնեցանք եւ պիտի կանգնինք հայ ժողովուրդի, Հայաստանի եւ Արցախի կողքին: Մեր թշնամին Թուրքիան եւ անոր շուրջը հաւաքուած ոճրագործներն են, որոնք անպատժելիօրէն, մեծ տէրութիւններու «քար» լռութեամբ կը շարունակեն սպանութիւններ, ցեղասպանութիւններ, տեղահանութիւններ՝ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի, եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ: Հայերը մեր դաշնակիցներն են այս շատ կարեւոր պայքարին մէջ:


SUMATE A NUESTRO CANAL DE TELEGRAM

RECIBÍ EL NEWSLETTER

Te escribimos correos una vez por semana para informarte sobre las noticias de la comunidad, Armenia

y el Cáucaso con contexto y análisis.

eNTRADAS MÁS RECIENTES

2023- LVA 10-02.png

NECESITAMOS TU APOYO
PARA HACER PERIODISMO DESDE EL PIE

Si llegaste hasta acá...

Es porque te interesa la información con análisis y contexto. NOR SEVAN tiene el compromiso desde hace más de 20 años de informar para la paz y cuenta con vos para renovarlo cada día.

Unite a NOR SEVAN

  • Instagram - Círculo Blanco
  • Facebook - círculo blanco
  • Twitter - círculo blanco
  • Telegram_X_2019_Logo-01
  • YouTube - círculo blanco
bottom of page